Արխիւ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին կա­տա­րեալ գո­հու­նա­կու­թեան, կա­տա­րե­լու­թեան հա­մար ե­րեք հիմ­նա­կան պայ­ման­ներ են՝ փնտռել, գտնել եւ պա­հե՛լ։ Ուս­տի մարդ­կա­յին կեան­քի ա­մէն մար­զե­րու մէջ անհ­րա­ժեշտ են այս ե­րեք հիմնա­կան պայ­ման­նե­րը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

Ու­սուց­չաց օ­րուան առ­թիւ Ե­շիլ­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նի կրթա­կան մշակնե­րը եւ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը նա­խըն­թաց օր հա­մախմ­բուեցան Մաչ­քա­յի «Chocolate Bistro»ին մէջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

​Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ մտահոգութիւններու քննարկում:
Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի ելոյթը՝ կազմակերպուած Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի վերա­տե­սուչ Ար­մէն Տէր-Կիւ­րե­ղեան եւ փոխ-վե­րա­տե­սուչ Ա­շոտ Ղա­զա­րեան այս ա­ռա­ւօտեան կա­նուխ ժա­մե­րուն Ե­րե­ւա­նէն ժա­մա­նեցին Իս­թան­պուլ։ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) կրթա­կան յանձ­նա­խում­բին ա­նու­նով ա­նոնք դի­մա­ւո­րուե­ցան Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սար­վէն Սէրթ­շիմ­շէ­քի կող­մէ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան եւ «Վի­վա­սել» ըն­կե­րու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ռալֆ Եի­րի­կեան նա­խըն­թաց օր «Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

Տար­րա­կան կրթու­թե­նէն միջ­նակարգ անց­նե­լու ուղ­ղեալ կեդ­րո­նա­կան հա­սա­րա­կաց քննու­թեան՝ TEOG-ի շրջագ­ծով, «Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան յե­ղա­փո­խութեան պատ­մու­թիւն եւ Ա­­թա­թիւր­քա­կա­նու­թիւն» ա­­ռար­կա­յի հար­ցում­նե­րուն շրջագ­ծով ա­շա­կերտ­­նե­րուն ուղ­ղուած է հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ հար­ցում մը, ինչ որ այ­սօր ար­ձա­գանգ գտած է նաեւ տե­ղա­կան մա­մու­լին մօտ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

​ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքը:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի Թիֆլիզի մէջ քննարկեցին տարածքաշրջանի հրատապ խնդիրները:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ վեր­ջին օ­րե­րու խտա­ցեալ շփում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ ե­րէկ այ­ցե­լեց Մոս­կուա, ուր Քրեմ­լի­նի պա­լա­տէն ներս հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի կող­մէ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

​Էրտողան միջազգային յառաջատար հեռուստակայաններէն հանդէս եկաւ վճռական յայտարարութիւններով:
«Ներողութիւն պիտի չխնդրենք Մոսկուայէն, թող մեր ներողամտութիւնը խնդրեն անոնք, որոնք խախտեցին մեր օդային մարզը»:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ու­րոյն աշ­խար­հա­հա­յեաց­քով ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ մը հա­սած է այ­սօր։ Այ­սօ­րուան ե­րի­տա­սար­դը բո­լո­րո­վին տար­բեր տե­սա­րան մը կը պար­զէ ան­ցեա­լի ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին նկատ­մամբ։ Զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նանք ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հետ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

Իս­թան­պու­լի Թէք­նիկ հա­մալ­սա­րա­նի Մաչ­քա­յի մաս­նա­ճիւ­ղի «Մուս­թա­ֆա Քե­մալ» դահ­լի­ճին մէջ ե­րէկ երե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան հա­մերգ մը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ա­հըլ Էլ-Պէյ­թի Հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­գու­մա­րի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ա­յէ­թուլ­լահ Մու­համ­մէտ Հասան Ախ­թա­րին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015

ԵԵՔ-ի գործադիր մարմինը տարեկան ժողովը կը գումարէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կանգ առաւ քրիստոնեաներու աշխոյժ գործակցութեան, էքիւմենիք եւ միջկրօնական երկխօսութիւններու իրականացման կարեւորութեան վրայ՝ համոզուած ըլլալով, որ այդ բոլորը կրնան նպաստել աշխարհի առկայ աղիտալի երեւոյթներու յաղթահարման:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան ա­նակն­կալ լա­րուա­ծու­թիւ­նը յղի է մտահո­գիչ բար­դու­թիւն­նե­րու, ե­թէ ժամ ա­ռաջ չյաղ­թա­հա­րուի ստեղ­ծուած մթնո­լոր­տը։ Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ բոյն դրած ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը այն­պի­սի կա­ցու­թիւն մը յա­ռա­ջա­ցու­ցած է, որ ոչ միայն սպառ­նա­լի­քի տակ է Մեր­ձա­ւոր ու Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը, այլ նաեւ ա­նո­րո­շու­թիւն մը ստեղ­ծուած է ընդ­հան­րա­պէս մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թա­կին վրայ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Ու­սուց­չաց օ­րուան հան­դի­սու­թիւն մը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը, ո­րոնց կ՚ու­ղեկ­ցէր նաեւ թա­ղի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ Տ. Մի­նաս Քհնյ. Ճի­հան­կիւ­լեան։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ շնոր­հա­ւո­րա­կան մը ու­ղար­կեց Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուին՝ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան 64-րդ կա­ռա­վա­րու­թեան իր գլխա­ւո­րու­թեամբ ձե­ւա­ւոր­ման կա­պակ­ցու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան հիմ­նադ­րա­մը եւ Ազ­գա­յին երկ­րա­գոր­ծու­թեան հա­մալ­սա­րա­նը կազ­մա­կեր­պե­ցին երկ­րի ե­րի­տա­սար­դու­թեան ուղ­ղեալ հա­ւա­քոյթ մը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը կը շա­րու­նա­կէ ի­րե­րա­յա­ջորդ գիր­քեր հրա­տա­րա­կել իր «Ար­­մաշ» մա­տե­նա­շա­րէն։ Այս ամբող­ջին մէջ, որ­պէս տաս­նե­րորդ հա­տոր լոյս տե­սաւ մե­ծա­նուն ար­մա­շա­կա­նի մը՝ Ե­րա­նաշ­նորհ Գա­րե­գին Պատրիարք Խա­չա­տու­րեա­նի «Սրբու­հի Սան­դուխտ Կոյ­սին թռչնիկ­նե­րը» ըն­դար­ձակ պատ­մուած­քը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015

​Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան նուիրահաւաքման արշաւը այսօր տեղի կ՚ունենայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ:
Համազգային հանգանակութեան շարժում:
Այս տարի «Մեր տունը» կարգախօսով կազմակերպուած թելեթոնին հասոյթը պիտի յատկացուի բազմազաւակ ընտանիքներու բնակարանի կարիքը դիմագրաւելու նպատակին: Եւրոպայի աւանդական ֆոնեթոնի արդիւնքով ապահովուած միջոցներն ալ պիտի ուղղուին նոյն նպատակին:

Էջեր