Արխիւ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­գա­հու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րու դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ, նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ «Լա­ւա­գոյն ու­սու­ցիչ» տա­րե­կան մրցոյ­թի 2015 թուա­կա­նի մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Հարկ է նշել, որ այս մրցոյ­թը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ջան­քե­րով, ո­րոնց կը միա­նայ նաեւ Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ այս օ­րե­րուն գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նայ նկա­րիչ Եու­րի Ե­ղիա­զա­րեա­նի «Խաչ­մե­րուկ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը, ո­րու բա­ցու­մը նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Նկա­րիչ­նե­րու տան եր­դի­քին տակ։ Հա­յաս­տա­նի Նկա­րիչ­նե­րու միու­թեան ան­դամ Եու­րի Ե­ղիա­զա­րեան այս ցու­ցա­հան­դէ­սը բա­ցած է 2015-ի տա­րե­լի­ցին շրջագ­ծով եւ ձեռ­նար­կը պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ Նո­յեմ­բե­րի 19-ը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2015

Նկար­չու­հի Մե­րի Մուն ե­րէկ ե­րե­կո­յեան նոր ցու­ցա­հան­դէս մը եւս բա­ցաւ Պէ­յօղ­լուի մէջ։ Սա քա­ղա­քիս մէջ յայտ­նի ա­րուես­տա­գի­տու­հիին կող­մէ բա­ցուած նոյ­նա­ժա­մա­նակ երկ­րորդ ցու­ցա­հան­դէ­սը կը հան­դի­սա­նայ։ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ այ­ցե­լեց Ե­րե­ւա­նի ԹՈՒ­ՄՕ ստեղ­ծա­րար փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նը։ Ի­րեն ու­ղեկ­ցե­ցան այս կեդ­րո­նի հիմ­նա­դիր եւ «Սի­մո­նեան» կրթա­կան հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահ Սեմ Սի­մո­նեան եւ կեդ­րո­նի Հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րէն Բե­կոր Փա­փա­զեան։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ծա­նօ­թա­ցաւ կեդ­րո­նի պայ­ման­նե­րուն եւ ու­սում­նա­կան ծրագ­րե­րուն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2015

Յու­նաս­տա­նի Վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս Ցիփ­րաս յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան մէջ պի­տի այ­ցե­լէ Թուր­քիա։ Նո­յեմ­բե­րի 17-ին ան պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2015

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին հան­դէս ե­կաւ տնօ­րի­նու­թիւ­նով մը՝ որ­պէս­զի իր երկ­րին եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նա­գիր մը ստո­րագ­րուի Կով­կա­սի հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան միա­ցեալ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­կարգ մը ստեղ­ծուի։ Ռուս ղե­կա­վա­րին այս կար­գադ­րու­թիւ­նը այ­սօր պաշ­տօ­նա­պէս հրա­պա­րա­կուե­ցաւ Մոս­կուա­յի հա­մա­պա­տաս­խան լծակ­նե­րուն կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2015

Եւ­րո­պա­կան միու­թիւ­նը ե­րէկ հրա­պա­րա­կեց Թուր­քիոյ վե­րա­բե­րեալ տա­րե­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցի տե­ղե­կա­գի­րը։ 2015 թուա­կա­նի այս տե­ղե­կա­գի­րը ընտ­րու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով հրա­պա­րա­կուե­ցաւ սո­վո­րա­կա­նէն քիչ մը ա­ւե­լի ուշ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2015

Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ նոր բանակցութիւնները պաշտօնապէս պիտի սկսին յաջորդ ամիս:
Կարէն Նազարեան. «Անցեալի մէջ կուտակուած փորձառութիւնն ու գիտելիքները ամբողջովին կ՚օգտագործուին ապագային»:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2015

​Վարչապետը TRT-էն կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ նոր սահմանադրութեան հեռանկարին առընչութեամբ:
Ըստ Ահմէտ Տավուտօղլուի, իրենք համոզուած են լաւ սահմանուած նախագահական դրութեան մը ուղղութեամբ, սակայն առաջնահերթութիւն կ՚ընծայեն ընդհանուր լարուածութեան նուազեցման համար, վերջին տարիներուն Թուրքիա յոգնեցաւ բաւականաչափ, հետեւաբար պէտք է հեռանալ առկայ բեւեռացումներէն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնաւ խոր­հա՞ծ էք սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, երբ ա­մէն օր կը խօ­սինք բազ­մա­թիւ ան­ձե­րու հետ, զի­րար ո՞ր­քան կը հասկ­նանք, խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ո՞ր­քա­նը կը հաս­նի ի­րենց նպա­տա­կին։ Կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, դժբախ­տա­բար, որ ընդ­հան­րա­պէս զի­րար չենք հասկ­նար եւ կամ սխալ կը հասկ­նանք։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2015

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 9-ին, 136 տա­րի ա­ռաջ, հայ կա­թո­ղի­կէ­նե­րու ազ­գայ­նա­կան ուղ­ղու­թեան տէր մե­ծա­թիւ խումբ մը, պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ կա­րե­ւոր քայլ մը նե­տե­լով՝ ո­րո­շեց վե­րա­դառ­նալ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ մայր գիր­կը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2015

«Եւ­րօ-2016»ի Եւ­րո­պա­յի ֆութ­պո­լի ա­խո­յենու­թեան ա­ւար­տա­կան հանգրուա­նի մրցում­նե­րուն տոմ­սակնե­րուն գի­նե­րը յայտնի դարձան:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2015

Շա­բա­թա­վեր­ջին Հա­յաս­տա­նի մէջ նշուե­ցաւ երկ­րի Ռազ­մա­կան հե­տա­խու­զու­թեան հա­մա­կար­գի կազ­մա­ւոր­ման 23-րդ տա­րե­դար­ձը։ Այս առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած տօ­նա­կա­տա­րու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան, Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Եու­րի Խա­չա­տու­րով եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2015

Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան մե­ծա­նուն հիմ­նա­դիր Մուս­թա­ֆա Քե­մալ Ա­թա­թիւր­քի մա­հո­ւան 77-րդ տա­րե­լիցն է այ­սօր։ Բո­վան­դակ Թուր­քիան Մեծն Ա­թա­թիւր­քը կ՚ո­գե­կո­չէ՝ ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ եւ իր թո­ղած ա­ւան­դին տէր կանգ­նե­լու գի­տակ­ցու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2015

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա ե­րէկ Սպի­տակ տան մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հուն։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն քննար­կե­ցին Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի հաշ­տու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը, Սու­րիոյ եւ Ի­րա­նի վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2015

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ: Սէրկէյ Լաւրովի խօսքերով, Ռուսաստան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա բացարձակապէս դէմ են՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը այլ հարթակներ տեղափոխելու փորձերուն, ինչ որ միայն կը վնասէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու աշխատանքին:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Հո­լան­տա։ Ան Կի­րա­կի ձեռ­նար­կած է այս ու­ղե­ւո­րու­թեան՝ այ­ցե­լե­լու հա­մար իր ըն­տա­նի­քի հա­րա­զատ­նե­րուն։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2015

Տատեան վարժարանի նոր շէնքին համար նախատեսուած ծանօթացման հաւաքի սեմին:
Պաքըրգիւղի ընտանիքը երախտագիտութեան զգացումները պիտի արտայայտէ ծրագրին աջակցած բարերարներուն:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2015

Գա­նա­տա­յի հե­ղի­նա­կա­ւոր George Weston recital հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ վերջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Թո­րոն­թո­յի սիմ­ֆո­նիկ նո­ւա­գա­խում­բի «Մի՛ մոռ­նար զիս» խո­րագ­րով հա­մեր­գը՝ նո­ւի­րո­ւած 100-րդ ­տա­րե­լի­ցին: Նո­ւա­գա­խում­բին հետ ե­լոյթ ու­նե­ցաւ աշ­խար­հահռ­չակ սոփ­րա­նօ Յաս­միկ Պա­պեան ու ջու­թա­կա­հա­րու­հի Նու­նէ Մե­լի­քեան:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2015

​Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Քուէյթի հետ նոյնացած հայ ազգային-հասարակական գործիչը հեղինակած է ուշագրաւ գործ մը, որ կ՚արժանանայ անմիջական հետաքրքրքութեան:
Կիրակոս Գույումճեան. «Միջին Արեւելքի մէջ տնտեսական եւ քաղաքական փայլուն ապագայի մը տեսլականը չեմ տեսներ»:

Էջեր