Արխիւ

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

2014-2015 կրթա­կան շրջա­նի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ ստեղ­ծուած խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի։ Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած անդ­րա­նիկ շրջա­նա­ւարտ­նե­րու հրա­ժեշ­տի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ, ե­րէկ, այս դպրո­ցին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Պէ­յա­զը­տի «Փրե­զի­տընթ» պան­դո­կին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի այս տարուան միջ­նա­կար­գի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ի պա­տիւ ընթ­րիք մը։ Ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ ըն­թա­ցաւ ե­րե­կոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քին կող­մէ տղա­քը խրա­խու­սուե­ցան՝ ի­րենց կրթա­կան կեան­քի այս կա­րե­ւոր ճամ­բա­բա­ժա­նին։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ թա­ղի Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի նո­րաս­տեղծ ման­կա­պա­տա­նե­կան կազ­մի անդ­րա­նիկ հա­մեր­գը, որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Վեր­ջին քա­նի մը ա­միս­նե­րուն ըն­թաց­քին ձեռ­նար­կուած աշ­խա­տան­քի անդ­րա­նիկ պտուղն էր այս հա­մեր­գը, որ մեծ յու­զում յա­ռա­ջա­ցուց Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին մօտ։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015

Ե­շիլ­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի ըն­թերց­ման տօ­նը եւ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը։ Եր­կու ձեռ­նարկ­նե­րուն ըն­թաց­քին ալ ա­շա­կերտ­նե­րը հան­դէս ե­կան յա­ջող ե­լոյթ­նե­րով եւ ար­ժա­նա­ցան ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Սուտ»ը կը կա­յա­նայ սխալ բան մը ը­սե­լու մէջ՝ խա­բե­լու դի­տա­ւո­րու­թեամբ, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս։ Ուս­տի սու­տին մէջ ճշմար­տու­թիւն չի գտնուիր։ Սու­տը, այս ի­մաս­տով, ճշմար­տու­թեան դէմ ա­մե­նէն մեծ եւ ուղ­ղա­կի թշնա­մին է։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015

Ե­րե­ւա­նի Մա­լա­թիա-Սե­բաս­տիա վար­չա­կան շրջա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հա­յաս­տան» շար­ժան­կա­րի սրա­հի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։ Հա­մա­լի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած շրջայ­ցի ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան ծա­նօ­թա­ցաւ 2013 թուա­կա­նէն ի վեր ի­րա­կա­նա­ցուած վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015

ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Սեր­պիոյ Ա. փոխ-վար­չա­պետ ու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ի­վի­ցա Տա­չի­չի Ե­րե­ւա­նի մէջ ու­նե­ցած շփում­նե­րուն ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Տա­չիչ ար­տա­յայ­տուած էր Պա­քուի մէջ ի­րեն ներ­կա­յա­ցուած ա­ռա­ջար­կին շուրջ, ո­րով Ատր­պէյ­ճան փա­փաք յայտ­նած է ընդ­լայ­նել ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն շրջա­գի­ծը եւ ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րու շար­քին ընդգր­կել նաեւ Գեր­մա­նիան ու Թուր­քիան

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ա­նա­թե­մա» ռաք ե­րաժշ­տու­թեան խում­բի հա­մեր­գը։ «Պա­րո­նեան» թատ­րո­նի եր­դի­քին տակ հան­դէս ե­կաւ «Ա­նա­թե­մա»ն, որ մեծ հա­մ­բաւ կը վա­յե­լէ աշ­խար­հի վրայ։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015

Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեան մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը ան­պաշ­տօն հան­դի­պում մը պի­տի ու­նե­նան Մինս­քի մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս հա­ւա­քոյ­թին նպա­տա­կը պի­տի ըլ­լայ վեր­ջերս Ռի­կա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ԵՄ-ի ան­դամ եւ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ար­դիւնք­նե­րուն ամ­փո­փու­մը։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015

Թուր­քիա մօ­տէն կը հե­տե­ւի հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ Պել­ժիոյ մէջ ապ­րուած վեր­ջին խմո­րում­նե­րուն։ Տե­ղա­կան մա­մու­լը բո­լո­րո­վին վեր­ջերս տե­ղե­կա­ցու­ցած է, թէ Պել­ժիոյ խորհր­դա­րա­նէն ներս մե­ծա­մաս­նու­թեան տէր չորս կու­սակ­ցու­թիւն­ներ ձեռ­նա­մուխ ե­ղած են հայ­կա­կան բա­նա­ձե­ւի մը ըն­դուն­ման։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015

Իրան-Հայաստան կազամուղի վերջին հատուածը կը վաճառուի «Կազփրոմ Արմէնիա» ընկերութեան:
Երեսփոխան Արտակ Զաքարեանի խօսքով, սպառնալիք մը չկայ երկրի ուժանիւթի անվտանգութեան տեսակէտէ:

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015

Երեւանի մէջ կլոր սեղանի ձեւաչափով քննարկում՝ Հայաստանէ ներս հոգեւոր անվտանգութեան խնդիրներու լուծման ջանքերուն շուրջ:
Ըստ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեանի, խօսքի ազատութեան իրաւունքը պատրուակ կը ծառայեցուի հոգեորսութեան համար:

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ կը մեկ­նի Ֆրան­սա։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան Քանն քա­ղա­քին մէջ ներ­կայ կը գտնուի «Նի­տէմ» մի­ջազ­գա­յին յայտ­նի ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօ­նի բաց­ման։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հրա­տա­րակ­չա­կան բա­ժի­նը լոյս ըն­ծա­յեց Ընդ­հան­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րէն Ս. Յով­հան Ոս­կե­բե­րա­նի «Մեկ­նու­թիւն մար­գա­րէու­թեանն Ե­րե­միայ» խմբա­գիր մեկ­նու­թիւ­նը՝ աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ Յա­կոբ Քէօ­սէեա­նի։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015

Հա­յաշ­խար­հի զա­նա­զան ան­կիւն­նե­րէն ներս կը շա­րու­նա­կուին սու­րիա­հա­յոց զօ­րակ­ցե­լու ուղ­ղեալ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը։ Վեր­ջերս այս նպա­տա­կով շարժ­ման ան­ցան նաեւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Նիւ Եոր­քի եւ շրջա­կայ­քի ե­րի­տա­սարդ ար­հես­տա­վարժ­նե­րը։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015

​Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ մեծարանք ի պատիւ մեծանուն վարպետին:
Տիգրան Մանուսրեանի ծննդեան 75-ամեակին՝ իր ստեղծագործական ուղիին ամփոփումը:

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015

​Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարները տեսակցեցան ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահին հետ:
Նալպանտեան. «Ատրպէյճան Ռիկայի մէջ ապացուցանեց, որ չէ փոխած իր ապակառուցողական դիրքորոշումը»:

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015

Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը վճռած է կա­յուն ըն­թաց­քով տե­ւա­կա­նաց­նել Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Երբ ներ­կայ կրթա­կան շրջա­նը ա­ւար­տե­լու վրայ է, թա­ղա­յին խոր­հուր­դը փա­փա­քած է հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը տե­ղեակ պա­հել իր այս տրա­մադ­րու­թեան շուրջ, որ­պէս­զի 2015-2016 ե­ղա­նա­կի վե­րա­մու­տին ըն­դա­ռաջ, մաս­նա­ւո­րա­պէս ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու սե­մին հան­րա­յին կար­ծի­քին միտ­քը չպղտո­րի՝ առ­կայ զա­նա­զան շշուկ­նե­րուն բե­րու­մով։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015

Այս ա­ռա­ւօտ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու ՃՀՓ­-ի կող­մէ ե­րես­փո­խա­նի թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած Սե­լի­նա Տո­ղա­նը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ան Իս­թան­պու­լի Բ. ընտ­րաշր­ջա­նէն ա­ռա­ջին կար­գի վրայ թեկ­նա­ծու ցոյց տրուած է եւ ո­րե­ւէ ռիսք չու­նի ընտ­րուե­լու ի­մաս­տով։ Ա­սով հան­դերձ, նա­խընտ­րա­կան շրջա­նին Սե­լի­նա Տո­ղան կը հե­տե­ւի շատ ծան­րա­բեռ­նուած ծրագ­րի մը։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Խո­հե­մու­թիւն» զգու­շա­ւոր եւ շրջա­հա­յեաց ըլ­լալ, ո­րե­ւէ գոր­ծի մը սկսե­լէ ա­ռաջ լա՛ւ մը խոր­հիլ եւ մէկ ան­գա­մէն ո­րո­շում չտա՛լ, կը նշա­նա­կէ։ Այս ի­մաս­տով «խո­հե­մու­թիւն»ը ա­ռա­քի­նու­թիւն մըն է, յատ­կու­թիւն մը՝ որ մարդս կը պա­հէ շատ մը վտանգ­նե­րէ եւ ար­գելք կը հան­դի­սա­նայ հա­ւա­նա­կան վնաս­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման։

Էջեր