Արխիւ
«Հետազօտութեան 100 տարի» խորագրեալ գիտաժողովը երէկ շարունակուեցաւ Փարիզի Հրէից ողջակիզման թանգարանին մէջ:
«Ժամանակ-տարածութիւն, ցեղասպանութեան գործընթացին հանգրուանները» խորագրեալ նիստին առընթեր, խօսուեցաւ նաեւ վկայութիւններու շուրջ:
Ֆրանսահայ յայտնի խմբավար Ալէն Ալթընօղլու կը պատրաստուի այցելել Հայաստան։ Ծանօթ է, որ ան նախկին պոլսահայ ընտանիքի մը որդին է։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Հանդիսադիր Հայր Սուրբը այս առթիւ տուաւ նաեւ քարոզ մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոն ուր կայ իրաւունք, իրաւունք վայելում եւ ազատութիւն, հոն կայ նաեւ պատասխանատուութի՛ւն։
Արդարեւ, աշխարհի ստեղծագործութիւնը եւ մարդ արարածին արարչութիւնն ալ հիմնուած է այս մշտնջենաւոր սկզբունքին վրայ։
Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ նախընթաց օր հիւրընկալուեցաւ ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլու, որ անդրադարձաւ երբեմնի հայաբնակ գաւառներու այժմու մշակութային հետքերուն։
Կարէն Ջանիբէկեան յուղարկաւորուեցաւ հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ:
Հոգեհանգստեան կարգին նախագահեց Տ. Յովնան Եպիսկոպոս Յակոբեան:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի կառավարութիւններուն միջեւ թեքնիկ աջակցութեան վերաբերեալ համաձայնագրի մը նախագիծը պատրաստուած է՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամակցութեան գործընթացի շրջանակներէն ներս։
«Թերաքքի» հիմնարկի վարժարաններուն նախաձեռնութեամբ, անցեալ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ ճատրակի միջվարժարանային մրցաշարք մը։ 24-րդ անգամ կազմակերպուած այս աւանդական մրցաշարքին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն խումբ մը։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Եւրոպայի մասնաճիւղին համար պաշտօնի կոչուեցաւ նոր վարչութիւն մը։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի կողմէ նշանակուած վարչութիւնը պաշտօնի կոչուած է Մարտի 1-ի դրութեամբ։
Տաղանդաշատ արուեստագէտ Մերի Մուն (Հայաստան) այս օրերուն կը մասնակցի «Մամութ արթ փրոճեքթ 2015» հեղինակաւոր ցուցահանդէսին, որ կը կայանայ «Աքքէօք հոլտինկ»ի հովանաւորութեամբ։
Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Ճեմիլ Չիչէք այս օրերուն կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուաշինկթընի մէջ ան ելոյթ մը ունեցաւ Միջազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի (CSIS) երդիքին տակ։
Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած Արեւագալի հանդիսաւոր արարողութեան նախագահեց եւ քարոզեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, որ սահմանի վրայ լարուածութիւն ստեղծելու միջոցաւ Ատրպէյճան կը փորձէ լուծել քանի մը խնդիր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սէյրան Օհանեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Երեւանի եւ Փեքինի ղեկավարութիւններուն միջեւ երէկ տեղի ունեցան ամենաբարձր մակարդակի վրայ բանակցութիւններ։
Սերժ Սարգսեան պետական արարողակարգով հիւրընկալուեցաւ Սի Ծինփինի կողմէ։
Չինաստան հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ կառուցումը նախատեսուած երկաթուղիի ծրագրին նկատմամբ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սոֆի Սարեան կը մեկնաբանէ մեծանուն եւ անմոռանալի արուեստագէտ Մարտիրոս Սարեանի կեանքն ու գործունէութիւնը՝ ծննդեան 135-ամեակի յոբելենական շրջանին:
Տուն-թանգարանի վերանորոգութեան աւարտին, յաջորդ տարի հազարաւոր այցելուներու առջեւ պիտի վերաբացուի Վարպետին հարուստ աշխարհը:
Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ 2015-ի վերաբերեալ ձեռնարկ մը:
Սորպոնի համալսարանի երդիքին տակ հաւաքոյթը բացուեցաւ Ֆրանսայի Կրթութեան նախարարին ելոյթով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնաւ խորհելու առիթ ունեցա՞ծ էք սիրելինե՜ր. աչքով տեսած որեւէ «իր», չի մնար որպէս պատկեր, այլ մեր մտքին մէջ կը փոխակերպուի «խորհո՛ւրդ»ի մը՝ որ ոչ մէկ նմանութիւն կ՚ունենայ աչքին տեսածին հետ։
Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի անդամներէն Հրանդ Մելքումեան անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Իսթանպուլ։ Եռօրեայ կեցութեան ընթացքին ան հիւրն էր Իսթանպուլի Ճատրակի միութեան նախագահ Առնօ Կարապետեանի։
Բանկալթիի երբեմնի Անարատ Յղութիւն վարժարանը վերանորոգուելէ վերջ դարձած է ժամանակակից կեդրոն մը:
Համալիրը կ՚ընդգրկէ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատունը, նաեւ գրադարան, հաւաքներու դահլիճ եւ ցուցադրասրահ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որեւէ արժէք մը ի՞նչով կարելի է չափել՝ իր քանակութեամբը թէ՝ որակովը։ Ի՞նչ կը խորհիք այս մասին սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։ Որեւէ գոյութիւն, եւ կամ որեւէ իրողութիւն յարգ ստանալու համար ո՞ր մէկը կարեւոր է. անոր քանա՞կը թէ՝ որակը։