Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որեւէ ճշմարտութիւն ուրանալ մեծ իմաստութիւն մը չէ, ինչպէս իմաստութիւն չէ ուրանալ Քրիստոսը։
Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ ընդունեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Լեհաստանի նորանշանակ դեսպան Եժի Նովաքովսքին։
Զուիցերահայ երգահան Հայկ Վարդանի ստեղծագործութիւնները վերջերս առաջին անգամ հնչեցին Փրակի Սուրբ Սիմոնի եւ Յուդայի եկեղեցւոյ մէջ՝ Զլինի Պոհուսլաւ Մարթինուի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի եւ Տաւիթ Շուեցի ղեկավարութեամբ:
Երէկ, Երեւանի մէջ ոգեկոչուեցաւ հայ գրականութեան տիտաններէն Եղիշէ Չարենց։ Ամէն տարի Մարտի 13-ին կը նշուի Եղիշէ Չարենցի տարեդարձը։ Անցեալ իրերայաջորդ տարիները կարծես կ՚ամրապնդեն անոր դիրքը մեր գրականութեան երախտաշատ սպասաւորներու անդաստանէն ներս։
Պագըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ութերորդ դասարանի սաները, որոնք մեր այցելութեան փութացած էին ուղեկցութեամբ հայերէնի ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլուի։ Այս առթիւ թերթիս լրահաւաքի պատասխանատու Արի Թաշ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց ա­
«Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս գրասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է «Կիւլիզարի սեւ հարսանիքը» անուն գիրքը, որու հեղինակն է Արմենուհի Գեւոնեան։
Նորագոյն ծննդական (genetic) հետազօտութիւններով ապացուցուած է հայ ժողովուրդի ծագման թուագրութեան իսկութիւնը, որ 5-րդ դարուն տուած է պատմահայր Մովսէս Խորենացին։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հալէպի «Մարտիրոս Սարեան» ակադեմիոյ սաներուն աշխատանքները վերջերս եռօրեայ ցուցահանդէսով մը ներկայացուեցան Երեւանի մէջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը հարցազրոյց մը տուաւ Սլովենիոյ «Delo» օրաթերթին։
Նալպանտեան. «Ատրպէյճան կը հրահրէ լարուածութիւնը մեր տարածքաշրջանէն ներս։ Մենք այսօր հնարաւորութիւն ունինք շարունակելու բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ։ Բոլորին յայտնի է, որ պատերազմը խնդրի լուծման միջոց չէ եւ բոլոր պատերազմներէն վերջ պէտք է վերադառնալ սեղանի շուրջ»։
Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Քուէյթի շփումները աւարտելով անցաւ Գահիրէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը ներկայ կը գտնուի «Եգիպտոսի տնտեսութեան աջակցութեան եւ զարգացման» միջազգային տնտեսական համաժողովին։
Երեւանի մէջ կը շարունակուին 2015-ի տարելիցին ձօնուած ոգեկոչման ձեռնարկները։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ ատեանի նիստ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահին յայտարարութիւնները:
«Հաշուի պէտք է առնուին նաեւ Արցախի ժողովուրդին հետաքրքրութիւնները»:
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան նախագահներուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ կարեւոր հեռախօսազրոյց մը:
Վլատիմիր Փութին մասնակցութիւն պիտի բերէ 2015 թուականի տարելիցին շրջագծով Երեւանի մէջ նախատեսուած 100-ամեակի ոգեկոչման արարողութիւններուն:
Համահայկական հռչակագիրը յանձնուեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին: Էօզտէմիրի գլխաւորած Գերմանիոյ խորհրդարանական պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ:
Աշխարհահռչակ ֆրանսացի դաշնակահար Ռիշար Քլայտէրման այսօր համերգով մը հանդէս կու գայ Երեւանի մէջ։ Օփերայի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենայ այս ձեռնարկը։ Վաղը եւս Քլայտէրման գեղարուեստասէրներուն պիտի ներկայանայ երկրորդ համերգով մը։
«Պողազիչի» համալսարանի «Տէմիր Տէմիրկիլ» սրահին մէջ երէկ իրիկուն բեմադրուեցաւ «Զապէլ» թատերախաղը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին ո՛վ, ո՛ւր պիտի երթայ։ Ո՛ր ղեկավարը պիտի նախընտրէ ո՛ր հասցէն. Հայաստա՞ն, թէ Թուրքիա, Ծիծեռնակաբե՞րդ, թէ Չանաքքալէ։ Այս հարցումը հետզհետէ աւելի կարեւոր իմաստ մը կը ստանայ հայկական հարցին տեսանկիւնէն։
Հայ կաթողիկէից վիճակաւոր Տ․ Լեւոն Արք․ Զեքիեան երէկ երեկոյեան բանախօսութիւն մը սարքեց Ս․ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան հաւաքատեղիին մէջ