Արխիւ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ կի­րակ­նօ­րեայ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Ե­նի­գիւ­ղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աս­տուա­ծած­նի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Օ­րուան պա­տա­րա­գիչն էր Տ. Պետ­րոս Քհնյ. Պուլ­տու­քեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան տեղ­ւոյն դպիր­նե­րուն կող­մէ՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Ե­դուարդ Վար­ժա­պե­տեա­նի։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը այ­սօր ու­ղե­ւո­րու­թեան մը կը ձեռ­նար­կէ դէ­պի Եւ­րո­պա։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ հայ­րա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան ծրա­գի­րը կ՚ընդգր­կէ Ի­տա­լիան եւ Ֆրան­սան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2015

Ֆութ­պո­լի յայտ­նի մար­զիչ Մուս­թա­ֆա Տե­նիզ­լի շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Ս. Խաչ դպրե­վանք։ Իր հետ էր նաեւ կո­ղա­կի­ցը՝ Է­վին Էլ­չի Տե­նիզ­լի։ Խնա­մա­կա­լու­թեան կարգ մը ան­դամ­նե­րուն անձ­նա­կան ծա­նօ­թու­թեան հի­ման վրայ կազ­մա­կեր­պուած այց մըն էր այս մէ­կը, ո­րու ըն­թաց­քին Տե­նիզ­լի ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ դպրո­ցի եր­դի­քին տակ, ուր ճա­շեց ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին հետ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2015

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի պարտէզը երէկ հիւրընկալեց իսթանպուլահայ միութիւններու ներկայացուցիչները:
Հոծ թիւով երիտասարդներ ձմեռնամուտը ողջունեցին՝ հայկական աւանդական երաժշտութեամբ, պարերով եւ բաժակներ ի ձեռին:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2015

Երեւանի մէջ Ֆրանսայի հրապարակն ու դեսպանատունը՝ հազարաւորներու ժամադրավայրը:
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ մոմավառութեան ու ծաղիկներ թողուց ահաբեկչութեան զոհերու յիշատակին: Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ այս առաւօտ պահուեցաւ յարգանքի լռութիւն:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Մո­լե­ռան­դու­թիւն, այ­լա­տեա­ցու­թիւն, ծայ­րա­յե­ղու­թիւն եւ ա­հա­բեկ­չու­թիւն… Հա­մայն մարդ­կու­թեան դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը կը խորհր­դան­շուին, ըստ էու­թեան, այս բա­ռե­րով։ Իս­կա­պէս, մարդ­կու­թիւ­նը կ՚ապ­րի ծանր շրջան մը՝ բռնու­թեան ճի­րան­նե­րուն եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան սպառ­նա­լի­քին ներ­քեւ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2015

G-20-ի Անթալիոյ գագաթաժողովը հարթակի մը վերածուեցաւ՝ Փարիզի ահաբեկչութեան դէմ միջազգային ընտանիքին վճռակամութիւնը բանաձեւելու համար:
Աշխարհի յառաջատար երկիրներու ղեկավարները հակուած են հասարակաց ճակատ մը ձեւաւորել՝ ԻՇԻՊ-ին հարուածներ հասցնելու նպատակով:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Մեծն Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տին ձօ­նուած ե­զա­կի հա­մերգ մը, որ խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծեց ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն վրայ։ «Կո­մի­տա­սի հետ երկ­խօ­սու­թիւն» խո­րագ­րեալ այս ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին թէ՛ ո­գե­կո­չուե­ցաւ Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տը եւ թէ ունկն­դիր­նե­րը հեր­թա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցան հա­ղորդ դառ­նա­լու ա­նոր ժա­ռան­գու­թեան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հայ­րա­պե­տա­կան սրբա­տառ կոն­դա­կով, Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նա­դիր­նե­րուն՝ Ս. Թա­դէոս եւ Ս. Բար­թո­ղի­մէոս ա­ռա­քեալ­նե­րու տօ­նը հռչա­կուե­ցաւ Աս­տուա­ծա­մուխ Սուրբ Գե­ղար­դի ուխ­տի օր։ Այս տա­րի Ս. Գե­ղար­դը Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճար պի­տի ի­ջե­ցուի Նո­յեմ­բե­րի 28-ին եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռուի ուխ­տա­ւոր­նե­րուն երկր­պա­գե­լու Սուրբ Նշա­նին եւ համ­բու­րե­լու՝ հայց մա­տու­ցե­լու առ Աս­տուած, որ­պէս­զի Տէ­րը հո­գիի եւ մարմ­նի բժշկու­թիւն, հա­ւատ­քի ամ­րու­թիւն եւ ա­րիու­թիւն շնոր­հէ ա­նոնց։ Սուրբ Գե­ղար­դը Մայր Տա­ճա­րի մէջ պի­տի մնայ մին­չեւ նոյն օ­րուան ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

Ե­րէկ, յետ­մի­ջօ­րէին Է­յու­պի Ս. Ե­ղիա ե­կե­ղե­ցին օ­ծուե­ցաւ ու պաշ­տա­մուն­քի վե­րա­բա­ցուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը, ո­րուն նա­խա­գա­հեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Հարկ է նշել, որ ա­նա­նուն բա­րե­րա­րի մը ա­ջակ­ցու­թեամբ մեր այս պատ­մա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ խո­րա­նը վե­րա­նո­րո­գուե­ցաւ վեր­ջին շրջա­նին։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

«Քի­նօ քոնկ» կար­ճա­ժամ­կէտ ժա­պա­ւէն­նե­րու ար­տադ­րա­կազ­մը վեր­ջերս ներ­կա­յա­ցուց այն գոր­ծե­րը, ո­րոնք նկա­րա­հա­նուած էին ներ­կայ տա­րուան ըն­թաց­քին։ «Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կի կեդ­րո­նի դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ցու­ցադ­րու­թիւ­նը, ո­րուն զու­գա­հեռ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջերս հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը նշուե­ցաւ Թարգ­ման­չաց տօ­նը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Գայ­թակ­ղու­թիւն» կը նշա­նա­կէ՝ չար օ­րի­նակ ըլ­լալ, մեղ­քի ա­ռիթ տալ։ Ան կը նշա­նա­կէ նաեւ՝ խայ­տա­ռա­կու­թիւն։ 
«Գայ­թակ­ղու­թիւն» բա­ռը Սուրբ Գիր­քի մէջ գոր­ծա­ծուած է ընդ­հան­րա­պէս «չար օ­րի­նակ հան­դի­սա­նալ» եւ «ու­րի­շի մը մեղք գոր­ծե­լուն ա­ռիթ ըն­ծա­յել» ի­մաս­տներով։ 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

Միջ­միու­թե­նա­կան ճատ­րա­կի մրցա­շար­քը այս տա­րի պի­տի սկսի յա­ռա­ջի­կայ Եր­կու­շաբ­թի։ 19-րդ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի հան­գու­ցեալ Թա­դէոս Կիւն­թէ­րի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած մրցա­շար­քը, ո­րուն այս տա­րի մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ տաս­ներ­կու միու­թիւն։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յառաջիկայ շրջանին շփումներ պիտի ունենան Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան առաջին անգամ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Մոսկուայի մէջ՝ հիւրընկալուելով «Ռեկնում» գործակալութեան կեդրոնէն ներս:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի բան­բեր Դա­ւիթ Պա­պա­յեան նա­խըն­թաց օր անդ­րա­դար­ձաւ զուի­ցե­րահ­պա­տակ սփիւռ­քա­հայ յայտ­նի գոր­ծա­րար ու բա­րե­րար Վար­դան Սըր­մա­քէ­շի դէմ «Էն­թեր­փոլ»ի մի­ջո­ցաւ մի­ջազ­գա­յին հե­տա­խու­զում յայ­տա­րա­րուե­լուն։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ Իս­թան­պու­լի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ճա­բո­նի Վար­չա­պետ Շին­զօ Ա­պէն։ Եըլ­տը­զի պա­լա­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ եր­կու ղե­կա­վար­նե­րուն հան­դի­պու­մը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

Անգ­լիոյ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Մայ­քըլ Ֆա­լոն ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ան­գա­րա­յի մէջ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

Ան­թա­լիոյ մէջ այս շա­բա­թա­վեր­ջին կը սկսի G-20-ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի տան­տի­րու­թեամբ աշ­խար­հի բո­լոր յա­ռա­ջա­տար եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը այս առ­թիւ ե­կած են Թուր­քիա։ Փա­րի­զի ե­րէ­կուան ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Օ­լանտ վեր­ջին պա­հուն ջնջած է մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015

«Պիլկի» համալսարանի Տոլափտէրէի մասնաճիւղէն ներս շահեկան խորհրդաժողով:
Վինկասի առաջնորդած ծրագրով շօշափուեցան ընկերային մետիան եւ փոքրամասնութիւնները՝ արտայայտութեան ազատութեան եւ ատելութեան ատենաբանութեան հակասութիւններուն մէջ:

Էջեր