Արխիւ

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2015

ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար եւ վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու տօնա­կան ար­ձա­կուր­դի օ­րե­րէն վերջ վերս­տին կը ձեռ­նար­կէ հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու ջան­քե­րուն։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2015

​Սելինա Տողան Ազգային մեծ ժողովի օրակարգին վրայ բերաւ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ընտրութեան խնդիրը:
ՃՀՓ-ական երեսփոխանը խորհրդարանի դիւանին հարցման առաջարկ մը ներկայացուց՝ ակնկալելով Պիւլենտ Արընչի պատասխանը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2015

​Մամէտեարով այցելեց Մոսկուա, միջնորդները կ՚ուղեւորուին դէպի հակամարտութեան տարածքաշրջան:
Ըստ Լաւրովի, անհրաժեշտ է աշխուժացնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման բանակցութիւնները:

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Քրիս­տո­սի մէջ՝ Քրիս­տո­սով ապ­րուած կեանք մը խա­ղաղ ու հանգս­տա­ւէտ կեանք մըն է։ Եւ այս խա­ղաղ կեան­քը վստա­հու­թիւն կը ներշն­չէ մար­դուն՝ որ կա­րօ­տը ու պա­հանջ­քը ու­նի ա­պա­հո­վու­թեան եւ պէտ­քը կը զգայ միշտ վստա­հե­լի անձ­նա­ւո­րու­թեան մը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2015

Եւ­րո­միու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տո­նալտ Թուսք այ­սօր տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ու­ղե­ւո­րու­թեան մը կը ձեռ­նար­կէ դէ­պի Հա­րա­ւա­յին Կով­կաս։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2015

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

14 ­Յու­լի­սը, աշ­խար­հով մէկ, ֆրան­սա­ցի­նե­րուն վե­րա­պա­հուած տօ­նա­կան օր է։
 14 Յու­լիս 1789-ին, ֆրան­սա­ցիք գրա­ւե­ցին եւ կոր­ծա­նե­ցին ի­րենց պե­տա­կա­նու­թեան բռնա­կա­լա­կան էու­թեան խորհր­դա­նի­շը՝ Պաս­թի­յի տխրահռ­չակ բերդբան­տը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2015

Ե­րե­ւա­նի «Մի­սաք Մա­նու­շեան» պու­րա­կին մէջ վեր­ջերս կազ­մա­կերպուե­ցաւ գրքի տօ­նա­վա­ճառ մը, որ երկ­րորդն էր իր տե­սա­կին մէջ։ «Ըն­թեր­ցող Ե­րե­ւան» խո­րագ­րեալ այս եր­կօ­րեայ ծրա­գի­րը հա­մախմբեց ա­ւե­լի քան եր­կու տաս­նեակ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ «Ոս­կէ ծի­րան» շար­ժան­կա­րի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը, որ այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ 12-րդ ան­գամ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի սրտին վրայ՝ բացօթեայ ցուցադրութիւններու հնարաւորութեամբ, ամառնային եզակի ու զով անկիւն մը:
Մայրաքաղաքի բնակիչները եւ զբօսաշրջիկները կը փնտռեն ուրոյն միջավայրով կէտեր, ուր մշակոյթը, բնութիւնն ու կենցաղը զիրար կը լրացնեն:

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ա­մե­րի­կա­յի հայ­կա­կան հա­մա­գու­մա­րի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի հա­մա­նա­խա­գահ Վան Գրի­գո­րեա­նը։ Հարկ է նշել, որ Վան Գրի­գո­րեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2015

Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի սա­կա­գի­նի բարձ­րաց­ման հար­ցին բե­րու­մով ստեղ­ծուած բո­ղո­քի ա­լի­քը կը շա­րու­նա­կուի։ «Ո՛չ թա­լա­նին» նա­խա­ձեռ­նու­թեան կող­մէ բարձ­րա­ցուած աղ­մու­կը կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել երկ­րին օ­րա­կար­գը։ Ներ­կա­յիս այդ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը վե­րա­նուա­նուած է որ­պէս «Ոտ­քի՛ Հա­յաս­տան»։

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2015

Ստեփանակերտի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ շփման գծին վրայ իրավիճակը տակաւ կը սրուի:
Արցախի ղեկավարութիւնը տարակարծութիւն յայտնեց Ճէյմս Ուորլիքի վերջին յայտարարութիւններուն շուրջ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2015

Ի­րա­նի Մշա­կոյ­թի եւ իս­լա­մա­կան ա­ռաջ­նորդ­ման նա­խա­րար Ա­լի Ճա­նա­թի վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր հիւ­րն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան ի­րան­ցի իր պաշ­տօ­նակ­ցին հետ քննար­կեց եր­կու եր­կիր­նե­րու մշա­կու­թա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ զա­նա­զան հար­ցեր։

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2015

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը թե­լադ­րած է առ­կա­խել «Թռչնոց բոյն»ի գե­րեզ­ման­նե­րու փո­խադ­րու­թեան ծրա­գի­րը։ «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, «Թռչնոց բոյն»ի խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Սե­դա Խտը­շեան հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին յայտ­նած է, թէ ո­րո­շուած է առ­կա­խել գե­րեզ­մա­նա­տու­նե­րու փո­խադր­ման ծրա­գի­րը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պոլ­սոյ մեր աղ­բիւր­նե­րէն կ­­ը տե­ղե­կա­նանք, որ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի այ­ցե­լէ Լի­բա­նան, ուր պի­տի մաս­նակ­ցի Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ կա­տա­րուե­լիք միւ­ռո­նօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թեան: Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին այս հանգ­րուա­նին Ան­թի­լիաս այ­ցե­լե­լու հան­գա­ման­քը մէ­կէ ա­ւե­լի ա­ռում­նե­րով կա­րե­ւոր կը հա­մա­րուի:

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2015

Համախոհական կառավարութիւն մը ձեւաւորելու որոնումներուն շրջագծով աւարտեցաւ միջկուսակցական շփումներուն առաջին փուլը:
ՀՏՓ պատրաստակամութիւն յայտնեց դուրսէն խրախուսելու՝ ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի հաւանական համագործակցութիւնը:

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2015

Ե­րէկ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ շքան­շան­նե­րու յանձն­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի հա­մակ­րե­լի ա­նուն­նե­րէն Գէորգ Դա­ւի­թեան նշա­նա­կուած է Իս­թան­պու­լի Պե­տա­կան օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի տնօ­րէն, ինչ որ ար­ձա­գանգ գտած է նաեւ տե­ղա­կան մա­մու­լին մօտ։
 

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ի­մաս­տու­թիւն է՝ նախ խոր­հիլ եւ յե­տոյ խօ­սիլ։ Իսկ ան­խո­հե­մու­թիւն է՝ ա­ռանց դա­տե­լու, կշռե­լու խօ­սիլ։ Ի­րաւ է, որ խօս­քը միտ­քը, մտա­ծու­մը կը յայտ­նէ, բայց խօս­քին ու խօ­սա­ծին ու­շա­դիր ըլ­լալ՝ կեն­ցա­ղա­վա­րա­կան պա­հանջք մըն է, որ կ՚են­թադ­րէ յար­գել դի­մա­ցի­նին, խօ­սա­կի­ցին ան­ձը եւ մա­նա­ւանդ խու­սա­փիլ ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւն վի­րա­ւո­րե­լէ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2015

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

​Յու­լիս 15-ին կը տօ­նենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը հայ գրա­կա­նու­թեան եւ մշա­կոյ­թի ան­մահ դէմ­քե­րէն Ար­շակ Չօ­պա­նեա­նի։

Էջեր