Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015

Ար­ցա­խի մէջ գտնուող Գան­ձա­սա­րի վան­քին կից պի­տի կա­ռու­ցուի մա­տե­նա­դա­րան մը, պե­տա­կան պիւտ­ճէով։ Շի­նու­թիւ­նը, ուր պի­տի պահ­պա­նուին հին հայ­կա­կան ձե­ռա­գիր­ներն ու մա­տեան­նե­րը, 2004 թուականին կա­ռու­ցուած էր որ­պէս հո­գե­ւոր դպրա­տուն։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015

​Քրիս Պոհչալեան իր գործերով կը գրաւէ գրասէրներու ուշադրութիւնը:
Մեծ եղեռնի մասին պատմող այս վէպը կը թարգմանուի բազմաթիւ լեզուներու:

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015

Սփիւռ­քա­հայ յայտ­նի ե­րա­ժիշտ ու եր­գիչ Յա­րութ Փամ­պուք­ճեան, որ յայտնի է Ձախ Յարութ անունով ալ, իր ծննդեան 65-ա­մեա­կին առ­թիւ, ինչ­պէս նաեւ հայ ե­րաժշ­տա­կան ա­րուես­տը ներ­կա­յաց­նե­լու ի­մաս­տով ու­նե­ցած նշա­նա­կա­լից ա­ւան­դին հա­մար պար­գե­ւատրուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տի յու­շա­մե­տայ­լով։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015

Խաղաղ ցուցարարները Երեւանի մէջ ենթարկուեցան ոստիկանութեան բռնութեան:
«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամները կը պահանջեն, որ զեղչուի ելեկտրականութեան սակագինը:

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015

Յու­նիս 7-ի ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թեանց ար­դիւն­քին ձե­ւա­ւո­րուած խորհր­դա­րա­նը այ­սօր կը ձեռ­նար­կէ իր աշ­խա­տանք­նե­րուն։ 550 ե­րես­փո­խան­ներ, ո­րոնց կար­գին նաեւ ե­րեք հայ ե­րես­փո­խան­ներ, երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թեամբ պի­տի սկսին ի­րենց աշ­խա­տան­քին։ Ա­նոնց ա­ռա­ջին գոր­ծը պի­տի ըլ­լայ ընտ­րել խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Պուլ­կա­րիոյ Հա­յոց Թե­մէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դի ընտ­րու­թիւ­նը։ Վառ­նա­յի Ս. Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ընտ­րու­թեան իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ Ուք­րայ­նոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Մար­կոս Եպսկ. Յով­հան­նի­սեան, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015

Ռու­բէն Սէ­մէր­ճեա­նի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած պաս­քէթ­պո­լի 26-րդ մրցա­շար­քը ե­րէկ հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Ա­ռաջ­նու­թեան դափ­նին նուա­ճեց Սա­հա­կեան սա­նուց միու­թեան խում­բը։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015

ՍԾՏՀԿ­-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մնա­յուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ նշա­նա­կուած է Ար­սէն Ա­ւա­գեան։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ար­սէն Ա­ւա­գեան օ­տար ա­նուն մը չէ, քա­նի որ 2001-2005 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ նոյն պաշ­տօ­նը վա­րած էր քա­ղա­քիս մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փա­ռա­մո­լու­թիւ­նը ան­հա­տա­կան «ախտ» մըն է ըն­կե­րա­յին կեան­քին մէջ՝ որ կը վնա­սէ թէ՛ ան­հա­տին եւ թէ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան։ Փա­ռա­մո­լու­թիւ­նը կը վնա­սէ, քա­նի որ որ­քան ախտ, նոյն­քան ալ ինք­նա­խա­բէու­թիւն է, եւ ինք­նա­խա­բէու­թիւ­նը ո­րե­ւէ օ­գուտ չի ներ­կա­յաց­ներ մար­դուն, ե­թէ ոչ՝ վնա՛ս։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015

«Կիւմ­րիի ըն­կեր­ներ» հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­ձեռ­նու­թյամբ, Կիւմ­րիի Վար­դան Ա­ճէ­մեա­նի ա­նուան պե­տա­կան տրա­մա­թի­քա­կան թատ­րո­նին մէջ հա­մա­տեղ ծրագ­րով հան­դէս ե­կած են յայտ­նի թաւ­ջու­թա­կա­հար Ֆե­լիքս Սի­մո­նեանն ու Ազ­գա­յին քա­մե­րա­յին նուա­գա­խում­բը: «Տե­սա­նե­լիէն վեր» հա­մեր­գա­յին ծրա­գի­րը բա­րե­գոր­ծա­կան էր՝ մուտ­քը ա­զատ բո­լո­րին հա­մար:

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015

Ա­մե­րի­կեան նշա­նա­ւոր «The New York Times» թեր­թը վեր­ջերս բա­ցա­յայ­տեց Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­շա­ռուած ա­մե­րի­կա­ցի գոնկ­րէ­սա­կան­նե­րը։ Հե­ղի­նա­կա­ւոր թեր­թի բա­ցա­յայ­տում­նե­րով, սե­փա­կան վար­կա­նի­շը բարձ­րաց­նե­լու եւ մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րու վրայ Պա­քուի ի նպաստ լո­պիինկ ը­նե­լու հա­մար Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­շա­ռուած են Մի

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015

Թուր­քիոյ մէջ կը նկա­րա­հա­նուի Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թով ա­ռա­ջին շար­ժան­կա­րը։ «Քա­րա­քե­տի ֆիլմ» ըն­կե­րու­թեան կող­մէ պատ­րաս­տուող ժա­պա­ւէ­նին բե­մադ­րիչ­ներն են Ա­ռէն Փեր­տէ­ճի եւ Է­լա Ա­լեա­մաչ։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015

Հա­լէ­պի կարգ մը շրջան­ներ շա­բա­թա­վեր­ջին դար­ձեալ են­թար­կուե­ցան հրթի­ռա­կո­ծում­նե­րու։ Քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի շէն­քին հրթի­ռա­կոծ­ման հե­տե­ւան­քով զոհուե­ցան եր­կու հա­յեր՝ Կա­րօ Մկրտի­չեան եւ Հա­յաս­տա­նեայց Կեան­քի խօսք ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քեալ Եդուարդ Պետ­րո­սեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015

​Հռո­մէա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Պա­պը կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին մե­ղադ­րեց աշ­խա­րի մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը՝ 20-րդ դա­րու ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած կո­տո­րած­նե­րը կան­խե­լու աշ­խա­տան­քին մէջ ձա­խո­ղել­նուն հա­մար։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015

Պել­ժիոյ Վար­չա­պետ Շարլ Մի­շէլ իր երկ­րի խորհր­դա­րա­նին մէջ 1915-ին վե­րա­բե­րեալ քննար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րած էր, թէ կա­տա­րուա­ծը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մըն է։ Ինչ­պէս այլ պա­րա­գա­նե­րուն, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը չու­շա­ցուց իր յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը՝ շա­րու­նա­կե­լով իր ժխտո­ղա­կա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015

Ա­տա­նա­յի մէջ վե­րա­նո­րո­գու­թեան վեր­ջին հանգ­րուա­նին հա­սած է Վահ­կա­յի բերդն ու ե­կե­ղե­ցին։ Յայտ­նի կը դառ­նայ, որ այս տա­րուան ա­ւար­տին մօտ ար­դէն վեր­ջա­ցած պի­տի ըլ­լան Կի­լի­կիոյ հա­յոց թա­գա­ւո­րու­թեան խորհրդան­շան­նե­րէն մին հան­դի­սա­ցող հռչա­կա­ւոր այս բեր­դին վե­րա­նո­րո­գու­թիւ­նը, որ կը շա­րու­նա­կուի եր­կու տա­րիէ ի վեր։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015

Նախ­կին նա­խա­գահ Սիւ­լէյ­ման Տէ­մի­րէլ շա­բա­թա­վեր­ջին հո­ղին յանձ­նուե­ցաւ իր ծննդա­վայ­րին՝ Սպարթայի Իսլամ­գիւղին մէջ, ուր  պիտի կառուցուի յուշադամբան մը։ Ան­ցեալ շա­բաթ ան կնքած էր իր մահ­կա­նա­ցուն յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քին մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015

Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձման ակնկալութեամբ բացուած դատը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել հայկական հանրային կարծիքի օրակարգը:
Թուրքիոյ սահմանադրական ատեանը կարգ մը ապացոյցներ ունենալ փափաքած է, անթիլիասի կողմէ կատարուած դատական նախաձեռնութեան կապակցութեամբ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին բացայայտումներ ըրաւ Փարիզի մէջ:
 

 

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015

Հրա­ւի­րուած ըլ­լա­լով կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն կող­մէ, ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեան ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ շա­բա­թա­վեր­ջին Փա­րի­զի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք իր խօս­քին բնա­գի­րը, զոր ան ո­րոշ յա­պա­ւում­նե­րով ներ­կա­յա­ցուց՝ տե­ղա­ւո­րուե­լու հա­մար կլոր սե­ղա­նի ժամ­կէտ­նե­րուն մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015

Երկու դրացիներու՝ Կարսի եւ Կիւմրիի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւն:
Սահմանակից քաղաքներու կանայք միասնաբար ճաշ պատրաստեցին եւ դարձան սեղանակից:

Էջեր