Արխիւ

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2015

Յայտ­նի ըն­կե­րա­բան, «Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Փրոֆ. Ա­րուս Եու­մուլ ե­րէկ մաս­նակ­ցե­ցաւ «Մարք­սիզմ 2015» խո­րագ­րեալ քննար­կում­նե­րու ծի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պուած ա­սու­լի­սի մը։ Այս քննար­կում­նե­րու շար­քին նա­խա­ձեռ­նած է Ըն­կեր­վա­րա­կան յե­ղա­փո­խա­կան բա­նուո­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2015

Ամերիկահայ յայտնի հեռուստաաստղին այցելութիւնը կը շարունակուի աննախընթաց մթնոլորտի մը մէջ:
Քիմ Քարտաշեան եւ իր ընտանիքը Հայաստանի կեցութեան օրերուն կ՚արժանանան ջերմ վերաբերմունքի:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

«Ֆես­հա­նէ»ի հա­մա­լի­րէն ներս այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նան «Հա­թա­յի օ­րեր»։ Ե­րէկ սկսած այս ձեռ­նար­կը պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ շա­բա­թա­վերջ։ Այս շրջագծով տա­ղա­ւար մըն ալ յատ­կա­ցուած է Վա­գըֆ­լը­գիւ­ղին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան մա­տոյց Ս. Պա­տա­րագ, ո­րու ըն­թաց­քին խօ­սե­ցաւ նաեւ խրա­տա­կան մը։ Մեծ պա­հոց եւ Ա­ւագ շաբ­թուան ա­ւար­տին, Գուզ­կուն­ճու­քի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ար­դէն վե­րա­հաս­տատուած է ըն­թա­ցիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու դրու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

«Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նի դե­րա­սան­նե­րը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ձեռ­նար­կե­ցին ներ­կայ ե­ղա­նա­կի ի­րենց ներ­կա­յա­ցում­նե­րու շար­քին։ Թա­տե­րա­խում­բը այս տա­րի կը բե­մադ­րէ «Բե­րա­յի մէջ ե­րե­կոյթ մը» խո­րագ­րեալ խա­ղը՝ հայ եր­կու եր­գի­ծա­բան­նե­րու՝ Յա­կոբ Պա­րո­նեա­նի եւ Ե­րուանդ Օ­տեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

 Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի տե­ւա­կան խախ­տում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ ի­րադ­րու­թիւ­նը միշտ կը մնայ լարուած։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կէն 20-ա­մեայ զի­նուոր Լե­ւոն Մի­րզո­յեան նա­հա­տա­կուե­ցաւ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ բա­ցուած կրա­կին հե­տե­ւան­քով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան մը ձեռ­նար­կեց դէ­պի Ի­տա­լիա եւ Վա­տի­կան։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Հռո­մի մէջ, Սերժ Սարգսեան կը հիւ­րըն­կա­լուի Ի­տա­լիոյ բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

VԵւրոխորհրդարանի նախագահին Անգարա այցին ընթացքին շօշափուեցաւ նաեւ հայկական հարցը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան խօսեցաւ Ապրիլի 24-ի շրջանի արարողութիւններու ծրագրին մասին:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

Նալպանտեանի դէպի Մոսկուա պաշտօնական այցելութեան ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ռուսաստան գործակցութեան հեռանկարները:
Սէրկէյ Լավրով. «Բոլոր գործողութիւնները նպատակամղուած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի արագ կարգաւորման»:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

Ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի հե­ռուս­տաաստղ Քիմ Քար­տա­շեան այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։ Ե­րե­ւա­նի «Զուարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն ան դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Ազ­գա­յին մրցու­նա­կու­թեան հիմ­նադ­րա­մի ղե­կա­վար Ար­ման Խա­չատ­րեա­նի կող­մէ։ Քիմ Քար­տա­շեա­նի հետ են իր ա­մու­սի­նը, դուստ­րը եւ քոյ­րը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Յովհաննէս Թէքկէօզեան. «Ես շատ բան կը սորվիմ իմ իսկ գրածներուս շնորհիւ, ունիմ գործերս գնահատելու, չափելու ձեւ մը»:
Իր ստեղծագործած վէպը թրքերէնի թարգմանուած հեղինակը Երեւանի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բա­րո­յա­կան վճռա­կան ընտ­րանք­նե­րը կը հրա­ւի­րեն մար­դը՝ մաք­րուե­լու սիր­տով, ներք­նա­պէս, ա­մէն յո­ռի բնազդ­նե­րէ եւ փնտռել սէ՛­րը։ Այս ուղ­ղու­թեամբ կ՚ու­-սուցուի, թէ ճշմար­տու­թիւ­նը ո՛չ թէ տե­սա­նե­լի կամ շօ­շա­փե­լի ար­ժէք­նե­րու, այլ ան­տե­սա­նե­լի եւ հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րու մէջ կը կա­յա­նայ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015

Թուրքիա-Իրան Բարձր մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդին երկրորդ նիստը արձանագրեց անանտեսելի յաջողութիւն:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ Անգարա բնական կազի համար ամենաբարձր սակագինը կը վճարէ Թեհրանին:
Հասան Ռուհանի թրքական կողմին շնորհակալութիւն յայտնեց հիւլէական ուժանիւթի հարցին շուրջ ընծայուած զօրակցութեան համար:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Մար­թին Շուլց այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ան­գա­րա­յի մէջ, ուր ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ կը հիւ­րըն­կա­լուի երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի ա­ռըն­թեր ան կը մէկ­տե­ղ-ւի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն զա­նա­զան դէմ­քե­րու հետ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015

Յու­նիս 7-ին կա­յա­նա­լիք խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ, ե­րէկ, քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը Բարձ­րա­գոյն ընտ­րա­կան խոր­հուր­դին ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց ե­րես­փո­խա­նա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րուն ցու­ցակ­նե­րը։ Երկ­րի քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գին վրայ ա­ռաջ­նա­հերթ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձան թեկ­նա­ծու­նե­րը, ո­րոնց շար­քին կը գտնուին նաեւ թրքա­հայ հա­մայն­քէն դէմ­քեր։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ի՞նչ է «ուժ»ին գաղտ­նի­քը։ Ի՞նչ է այն ա­նի­մա­նա­լի, ան­տե­սա­նե­լի «ուժ»ը՝ որ նոյն ու նման պատ­ճառ­նե­րով տար­բեր ար­դիւնք­ներ կ՚ար­տադ­րէ։ Ար­դա­րեւ, ջու­րը, հո­ղը, լոյ­սը նոյնն են, բայց հուն­տեր տար­բեր կեր­պով, տար­բեր տե­սքով եւ տար­բեր գոյ­նե­րով կը հաս­նին, տե­սակ տե­սակ կը բուս­նին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Քրիստո­սի Հրա­շա­փառ Ս. Յա­րու­թեան տօ­նին առ­թիւ հիւ­րըն­կա­լեց իս­թան­պու­լա­հայ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Պատ­րիար­քա­րա­նի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած այս ա­ւան­դա­կան հա­ւա­քո­յթին ըն­թաց­քին ստեղծուե­ցաւ ջերմ մթնո­լորտ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան մեր ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի ար­ժէ­քա­ւոր ա­նուն­նե­րէն սոփ­րա­նօ Նա­թա­լի Պօ­ղո­սեան ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Էլ­մա­տա­ղի Նոթ­րը Տամ Տը Սիոն ֆրան­սա­կան լի­սէի դահ­լի­ճին մէջ։ «Ծո­վափ­նե­րէն տպա­ւո­րու­թիւն­ներ» խո­րագ­րեալ այս ե­րաժշ­տա­հան­դէ­սը նա­խա­տե­սուած էր թա­տե­րա­կան շա­նի ձե­ւա­չա­փին մէջ, տա­ւի­ղի նուա­գա­հան­դէ­սով հան­դերձ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015

ՀԲԸՄ-ի զրոյցներուն գծով քննարկուած գաղափարները կը համընկնին հայաշխարհի մարտահրաւէրներուն:
88-րդ համաժողովին ընթացքին յղացուած տեսակէտներուն հասունացումով կ՚ուրուագծուին նոր հորիզոններ:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015

 Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին վրայ բա­խում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ հրա­դա­դա­րը կը խախ­տուի ա­նընդ­հատ։ «Եր­կիր» հե­ռուս­տա­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, ա­մե­նա­վեր­ջին բա­խում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան Հա­յաս­տա­նի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան սահ­ման­նե­րու եր­կա­րու­թեամբ տե­ղա­կա­յուած զօ­րա­մա­սե­րուն մօտ։

Էջեր