Արխիւ
Իսթանպուլահայ սանուց եւ հայրենակցական միութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ երէկ Օրթագիւղի մէջ տեղի ունեցաւ աշնան բացօթեայ հաւաք մը։ «Ոսկի աշուն»ի աւանդութիւնը տեւականացնելու եւ ձմեռնամուտը միասնաբար ողջունելու տեսանկիւնէն հաճելի նախաձեռնութիւն մըն է այս մէկը, որու նախընթացը ձեւաւորուած է տարիներէ ի վեր։
«Համազգային»ի Լիբանանի մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ:
Մեներգչուհի Սիպիլ շաբաթավերջին Պէյրութի մէջ հանդէս եկաւ եւ իր քնքոյշ ձայնով գրաւեց բոլորին սիրտը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Նիւ Եորքի մէջ, Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով հերթական նստաշրջանէն վերջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հրապարակեցին պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ատենօք կ՚ապրէր թագաւոր մը՝ որ միշտ հետաքրքիր էր տեղեկութիւն ստանալու իր ժողովուրդին մէջ տիրող սովորութիւններուն եւ անոր առաքինութիւններուն եւ մոլութիւններուն մասին։
Համայնքային շրջանակները գործնական զօրակցութեամբ հերթական անգամ լուրջ քայլ մը առին՝ Մէրամէթճեան վարժարանի առաքելութիւնը խրախուսելու համար:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը յաջողեցաւ այս տարուան սիրոյ սեղանի արդիւնքին ապահովել յուսադրիչ հանգանակութիւն՝ դպրոցի յառաջիկայ կայունութեան երաշխաւորման տեսակէտէ: Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Պէյրութի մէջ այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի նորընտիր նախագահ Միշէլ Աունին։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառի տնօրէն Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ, շաբաթավերջին շարունակեց իր հանդիպումները համայնքային շրջանակներուն հետ, նաեւ այցելեց պատմամշակութային տեսարժան վայրեր։
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցան «Մոսկուայի օրեր»ը։ Այս շրջագծով ռուսական արուեստի եւ մշակոյթի հետ շփուելու կարեւոր հնարաւորութիւն մը ընձեռուեցաւ գեղարուեստասէրներուն՝ մակարդակաւոր ձեռնարկներով։
Միացեալ Նահանգներու մէջ, Պոսթոնի համալսարանի Արուեստի եւ գիտութեան գոլէճէն ներս դասաւանդութիւններ սկսած են Հոլոքոստի եւ ցեղասպանութիւններու մասին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս շրջագծով կ՚ուսուցուի նաեւ հայոց ցեղասպանութեան նիւթը, ինչ որ արձագանգ գտած է համալսարանի պաշտօնական կայքէջին վրայ։
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան կողմէ երէկ առաւօտ Տիարպաքըրի մէջ կազմակերպուած պայթումին արձագանգները կը շարունակուին։ Հանրային կարծիքին մօտ լուրջ ցասում յառաջացուցած է այս դէպքը՝ թիրախաւորած ըլլալով քաղաքային ժողովուրդը։
Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս պարգեւատրում:
Գուրգէն Պերքսանլարին շնորհուեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը:
Հայաստան-Վրաստան սահմանի պայմանները բարելաւելու ուղղութեամբ երկու երկիրներուն կողմէ կը ծաւալուին հետեւողական աշխատանքներ։ Նոյնիսկ միջազգային կառոյցներու կողմէ կը խրախուսուի հայ-վրացական սահմանի մաքսակէտերուն արդիականացումն ու անցքերու պայմաններուն բարելաւումը։
«Երեւան եւ Ուաշինկթըն կը քննարկեն ռազմական համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնը»:
Մայքըլ Քարփենթըրի համոզմամբ, Ռուսաստանի կողմէ այսպիսի տարածքաշրջանի մը մէջ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին զէնքի մատակարարումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման ճանապարհը չէ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Մուսուլին: Յատկապէ՛ս երբ ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն») ահաբեկչական խմբաւորումը պարտութեան մատնուելէ եւ ցիրուցան ըլլալէ ետք հեռանայ այդ հատուածներէն:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառի տնօրէն Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, որ քաղաքս հրաւիրուած է Արմաւենի Միրօղլուի «Պոլսահայերը (1923-1939)» գրքի շնորհանդէսին առթիւ, այս շաբաթավերջը կ՚անցընէ Իսթանպուլի մէջ, իր կողակցին՝ Լուսինէ Մելքոնեանի հետ, որ Երեւանի քաղաքապետութեան թանգարանի ղեկավարութեան մաս կը կազմէ։
Շուէտահայ նկարչուհի Թելմա Էմինեան, որ ծնած է Իսթանպուլի մէջ, Սթոքհոլմի մէջ կազմակերպեց «Մեր ժամանակները» խորագրեալ մասնաւոր ցուցահանդէս մը։ Շուէտի մօտ Հայաստանի դեսպան Արտակ Ապիտոնեանի ջանքերով կազմակերպուեցաւ այս ցուցահանդէսը անցեալ շաբաթավերջին։ Սթոքհոլմի հայկական դեսպանատան երդիքին տակ կազմակերպուած ձեռնարկը արժանացաւ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հետաքրքրական է ուսումնասիրել՝ ժողովուրդին աւանդական ծէսերը եւ արարողութիւնները անցեալի մէջ, որոնք կը տարբերին շրջանէ շրջան։ Զոր օրինակ, առնենք ամուսնութիւնը, եւ տեսնենք թէ՝ անցեալի Նիկոմիդիոյ Ատաբազարի շրջանին մէջ ի՛նչպէս կը կատարուէր, ի՞նչեր էին անոր արարողութիւնները, ծէսերը, պայմանները՝ որոնք այսօր գոյութիւն չունին մեծ մասամբ, թերեւս շատ փոքր շրջանակներու մէջ միա՛յն։
Այսօր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան տարեդարձն է։ Նորին Սրբութիւնը 17-րդ տարին կը թեւակոխէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի գահուն վրայ՝ որպէս աշխարհասփիւռ հայութեան հայրապետը, ամենասիրելի հովուապետը եւ ընդհանրական գլուխն ու ծայրագոյն պատրիարքը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան այս նոր փուլը դարձեալ կու գայ թարմացնել իր աշխարհասփիւռ հօտին ջերմեռանդ զգացումները՝ իրեն նկատմամբ։
Արմաւենի Միրօղլու պատուաբեր կոչում մը ստացաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ:
«Պոլսահայերը (1923-1939)» գրքին շնորհանդէսը տեղի ուեցաւ Էսաեան սանուց միութեան երդիքին տակ:
Տիարպաքըրի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ ահաբեկչական պայթում մը։ Քաղաքի կուսակալութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան անդամներէն մին ռումբ մը պայթեցուցած է Տիարպաքըրի Անվտանգութեան տնօրէնութեան Պաղլար գաւառակի մասնաշէնքի մօտակայքին։ Այս դէպքին հետեւանքով մէկ հոգի զոհուեցաւ, աւելի քան երեսուն հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։