Արխիւ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016

Ոչ եւս է իր մարմնաւորած համեստութեամբ մեր հաւաքական կեանքէն ներս յարգանք ու համակրանք վայելելու ախոյեան դարձած պատուական ու շատ սիրելի դէմք մը՝ Նատիա Կիւլմէզկիլ, որ իր սիրելիներէն հրաժեշտ կ՚առնէ թողլով նուիրականութեան համազօր խնկելի, բարի եւ անթառամ յիշատակ մը:
Համայնքային շրջանակները բարոյական անկեղծ զօրակցութեան զգացումներով կը գօտեպնդեն երախտաշատ բարերար եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլը, որ խոր սուգի մատնուած է իր ամենասիրելի եւ ազնուական կողակցին կորուստով, անողոք հիւանդութեան դէմ մղուած երկարատեւ ու մաշեցուցիչ պայքարի շրջանէ մը վերջ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016

Ա­ՍԱ­ՏՈՒՐ ԿԻՒ­ԶԵ­ԼԵԱՆ

Կաե­թա­նօ Տո­նի­զեթ­թիի «Մար­տի­րոսնե­րը» հա­յե­րուս հա­մար ու­նի յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն, քա­նի որ օ­փե­րա­յի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան Հա­յաս­տա­նի մէջ, հռո­մէա­կան տի­րա­պե­տու­թեան շրջա­նին, ուր քրիս­տո­նէու­թիւ­նը գաղտ­նօ­րէն բա­ւա­կան տա­րա­ծուած էր։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սու­րիոյ հիւ­սի­սա­յին հա­տուա­ծին վրայ գտնուող Հասա­քէ քա­ղա­քը վեր­ջին հինգ օ­րե­րուն պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու թա­տե­րա­բե­մը ե­ղաւ: Մինչ տար­բեր վեր­լու­ծա­բան­ներ կը գրեն այն մա­սին, թէ տե­ղի ու­նե­ցած բա­խում­նե­րը ար­դիւնքն են եր­կար տա­րի­նե­րու վրայ կու­տա­կուած քիւրտ-ա­րա­բա­կան ա­տե­լու­թեան, ան­դին յստա­կօ­րէն կ­­՚ու­րուագ­ծուի, որ զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ժամ­կէ­տը ան­մեղ չէ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016

Յոր­դա­նա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ամ­մա­նի սրահ­նե­րէն մէ­կուն մէջ Աւստ­րա­լիոյ բե­մի տա­ղան­դա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ Վա­րուժ Սան­ճեա­նի ներ­կա­յաց­մամբ՝ կա­յա­ցաւ Կոս­տան Զա­րեա­նի «Տատ­րա­գո­մի հար­սը» քեր­թուա­ծի բե­մա­կա­նա­ցու­մը՝ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Ամ­մա­նի մշա­կու­թա­յին միու­թեան Մշա­կու­թա­յին յանձ­նա­խում­բին:

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վեր­ջին օ­րե­րուն Սու­րիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցող զար­գա­ցում­նե­րը ցոյց կու տան, որ գետ­նի վրայ սկսած է ձե­ւա­ւո­րուիլ նոր դրու­թիւն մը, որ պայ­մա­նա­ւո­րուած պի­տի ըլ­լայ ոչ միայն զի­նուո­րա­կան դա­շինք­նե­րով, այլ քա­ղա­քա­կան նոր ձե­ւա­չա­փե­րով:

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

Օ­գոս­տո­սի 17-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիարք եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը հայ­րա­պե­տա­կան այ­ցով ժա­մա­նեց Հնդկաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւն՝ Կալ­կա­թա­յի Հա­յոց Մար­դա­սի­րա­կան ճե­մա­րան: Ճե­մա­րա­նէ ներս այժմ կ՚ու­սա­նին յի­սուն­հինգ սա­ներ Հա­յաս­տա­նէն, Ի­րա­քէն եւ Ի­րա­նէն:

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, 20 Օ­գոս­տոս 2016, Ուր­բաթ, Է­լա­զը­ղի կու­սա­կալ Մու­րատ Զօր­լուօղ­լուին ուղարկեց ցա­ւակ­ցա­կան նա­մակ մը։

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

Վրաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի «Ճա­նա­չի՛ր հայ­րե­նիքդ-2016» ա­մառ­նա­յին չոր­րորդ ճամ­բա­րը՝ տասն օ­րուան ըն­թաց­քին՝ հնա­րա­ւո­րու­թիւն տուած է տեղ­ւոյն հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն այ­ցե­լե­լու Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կա­րե­ւո­րա­գոյն պատ­մամ­շա­կու­թա­յին եւ բնու­թեան յու­շար­ձան­նե­րը:

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

Հա­յաս­տա­նի մէջ մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նող Աչ­քի խնամ­քի հայ­կա­կան ծրա­գրի (The Armenian EyeCare Project) 52-րդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, որ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցած է միամ­սեայ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցով, յա­ջո­ղու­թեան նոր էջ մը ա­ւել­ցու­ցած է մօ­տա­ւո­րա­պէս քսան­հինգ տա­րի ա­ռաջ հիմ­նուած սոյն կազ­մա­կեր­պու­թեան պատ­մու­թեան մէջ։

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

Սփիւռ­քա­հայ մե­ծա­նուն բա­նաս­տեղծ, մշա­կոյ­թի անն­կուն գոր­ծիչ Ժագ Յա­կո­բեա­նի ծննդեան դա­րա­դար­ձը ու իր բե­ղուն վաս­տա­կի 80-ա­մեա­կը հան­դի­սա­ւո­րա­պէս պի­տի նշուի յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րի 30-ին, Կլեն­տէյ­լի, Գա­լի­ֆոր­նիա, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, «Փրիս­պի­թե­րիըն» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ:

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

«Ռէօյ­թըրզ» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը կը հա­ղոր­դէ, որ Ար­ժան­թի­նի դա­տա­րա­նը սկսած է հե­տաքն­նել բա­նաս­տեղծ Ֆե­տե­րի­քօ Կար­սիա Լոր­քա­յի 18 Փետրուար 1936 թուականի սպա­նա­կան Կրա­նա­տա քա­ղա­քին մէջ մա­հուան հան­գա­մանք­նե­րը:

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ար­խի­ւի տնօ­րէն Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան յայ­տա­րա­րեց, որ մին­չեւ տա­րե­վերջ պի­տի ա­ւար­տի իր ղե­կա­վա­րած հաս­տա­տու­թեան մօտ ի պահ դրուած ժա­պա­ւէն­նե­րուն թուայ­նաց­ման աշ­խա­տան­քը։

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

Թուր­քիա եւ Վրաս­տան հա­մա­ձայ­նե­ցան Քուռ գե­տի վրայ ջրաե­լեկտ­րա­կա­յան մը կա­ռու­ցե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

ԱՄՆ կը խրախուսէ Հայաստանի համարկումը՝ Հարաւային Կովկասի ուժանիւթի համակարգին մէջ:
Ուաշինկթըն կողմնակից է քայլեր առնել՝ որպէսզի նուազի Երեւանի կախուածութիւնը Մոսկուայէն:

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

​Երեւանի Մատենադարանէն ներս յառաջ կը տարուին ռազմավարական նշանակութեամբ նախագծեր:
Տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան կը մատնանշէ բնականոն հուն թեւակոխած հայագէտներու սերնդափոխութիւնը:

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Երբ յա­ճախ կը խոր­հինք ու կը խօ­սինք կեան­քի մա­սին՝ ա­նոր ա­նի­մա­նա­լի խոր­հուր­դին ու գաղտ­նիք­նե­րուն վրայ, չենք անդ­րա­դառ­նար, չենք նկա­տեր, որ ա­նոր զա­նա­զան դրուագ­նե­րուն մէջ տար­բե­րու­թիւն չկա՛յ, այլ՝ կեր­պա­րա­նա­փո­խու­թի՛ւն։ Ուս­տի մա՛հն ալ մար­դուս հա­մար «կեր­պա­րա­նա­փո­խու­թիւն» մըն է. բո­վան­դա­կու­թեան, էու­թեան փո­փո­խու­թիւն չկայ, քա­նի որ մի­ջու­կը, կո­րի­զը միշտ կեա՛նքն է։

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

ՀԱ­ՄՕ ՄՈՍ­ԿՈ­ՖԵԱՆ

Երկ­նէր եր­կին,
Երկ­նէր եր­կիր,
Երկ­նէր եւ ծովն ծի­րա­նի...
Եւ ի բո­ցոյն վա­զէր խար­տեաշ պա­տա­նե­կիկ
Նա հուր հեր ու­նէր, ա­պա թէ բոց ու­նէր մօ­րուսն
Եւ աչ­կունքն էին ա­րե­գա­կունք…:

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

ԼՈՒ­ՍԻ­ՆԷ­ ԱԲ­ՐԱ­ՀԱ­ՄԵԱՆ

ԽՄԲ.- Սա­նա­նը, դուստրն է մեր պաշ­տօ­նա­կից՝ «Ազ­դակ»ի գլխա­ւոր խմբա­գիր Շա­հան Գան­տա­հա­րեա­նին: Ե­րի­տա­սարդ զոյ­գին ա­ռած քայ­լը ա­ւե­լի քան օ­րի­նա­կե­լի է, ո­րուն հա­մար յար­մար տե­սանք այս գրու­թիւ­նը բաժ­նել մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն հետ: Քա­ջա­լե­րե­լի է ա­մէն հայ ե­րի­տա­սարդ զոյգ, որ նման ո­րո­շում կ՚առ­նէ: Մենք կը հա­ւա­տանք, որ նման քայլ մը, նաեւ ըն­տա­նե­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան ար­դիւնք է, ո­րուն հա­մար շնոր­հա­ւո­րե­լի են ծնող­նե­րը:

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

ՀԱՄ­ԲԻԿ ՊԻ­ԼԱ­ԼԵԱՆ

Ըստ ե­րե­ւոյ­թին տա­կա­ւին ո­րո­շա­կի շրջան մըն ալ հայ տպա­գիր մա­մու­լը պի­տի պա­հէ իր կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը շնոր­հիւ հայ հա­ւա­տա­ւոր ըն­թեր­ցող­նե­րու, ո­րոնց յա­մառ եւ յա­րա­տե­ւո­ղի պա­հուած­քին ի պա­տաս­խան, հայ մա­մու­լի ա­ռա­քե­լու­թեան հա­ւա­տա­ցող հո­վա­նա­ւոր միու­թիւն­ներ եւ կու­սակ­ցու­թիւն­ներ, ան­հատ­ներ թէ բա­րե­րար­ներ պի­տի շա­րու­նա­կեն սա­տար կանգ­նիլ ա­նոր տա­րա­ծու­մին:

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինչ­պէս մարդ­կա­յին բո­լոր գոր­ծու­նէու­թեան եւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ, հա­ւատ­քի մէջ ալ յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է ա­նոր կա­տա­րե­լու­թեան հա­մար։ Ար­դա­րեւ նպա­տա­կի մը հաս­նե­լու հա­մար պէտք է ջա­նա­դիր ըլ­լալ՝ աշ­խա­տիլ, բայց չի բա­ւեր ա­սի­կա, այլ պէտք է յա­րա­տե­ւել, աշ­խա­տիլ ա­ռանց վհա­տե­լո՛ւ։

Էջեր