Արխիւ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2015

Կառավարութիւնը այս տարի եւս վարչապետի մակարդակով յայտարարութիւն մը ըրաւ Ապրիլի 24-ին ընդառաջ։
Էրտողանի գլխաւորութեամբ Պեշթեփէի մէջ գումարուած նախարարաց խորհուրդի նիստին ժամանակ եւս քննարկուեցաւ հայկական հարցը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2015

Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Թեւադրոս Բ. Պատրիարքը ժամանեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ դիմաւորեց իր հոգեւոր եղբայրը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2015

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Գում­գա­բուի Դրսի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից սրա­հին մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած է ա­րաբ­կիր­ցի հա­յոց ըն­տա­նե­կան ընթ­րի­քը։ Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կած են Օն­նիկ Նալ­պանտ­ղա­զա­րօղ­լու եւ Ժը­նեւ Քիւրք­ճիւ Ա­նա­տոլ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2015

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեա­նը եւ վար­ժա­րա­նի Մա­տա­կա­րար մարմ­նէն Սօ­նա Մոր­պո­յա­ճըն։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­նոնք տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Մխի­թա­րեա­նի ըն­տա­նի­քը այս տա­րի եւս կը պատ­րաս­տուի ի­րա­կա­նաց­նել ա­ւան­դա­կան խա­ւի­ծի օ­րը, ո­րու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը կ՚ըն­թա­նան թա­փով։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2015

Գա­րա­կէօ­զեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը սա­ներ ե­րէկ մեկ­նե­ցան Ի­տա­լիա՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Վե­նե­տի­կի պիէ­նա­լին, որ այս տա­րի կը կազ­մա­կեր­պուի 56-րդ ան­գամ։ Վար­ժա­րա­նի փոխ-տնօ­րէ­նու­հի Նա­րօտ Քու­րու­ղօղ­լուի ու­ղեկ­ցու­թեամբ, Վե­նե­տիկ մեկ­նե­ցան՝ Ա­ռէն Տէ­միր­ճի, Ա­պայ Թէք­քոլ, Հե­լին Մեն­թե­շէ եւ Քար­լա Տէ­միր­ճի։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Լարա Ահարոնեան եւ իր ամուսինը՝ Րաֆֆի Նիզիբլեան Հայաստանի մէջ գործունէութիւն կը ծաւալեն ընկերային տեսանկիւնէն շատ կարեւոր բնագաւառէ մը ներս:
«Մենք աշխատանք կը տանինք սեռերու հաւասարութեան ուղղութեամբ, որովհետեւ օրէնքները հաւասարութիւն կը նախատեսեն բոլորին համար, բայց իրականութեան մէջ ամէն մարդու համար չկան հաւասար հնարաւորութիւններ»:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ կրնայ կար­դալ ու կար­դա՜լ եւ ու­սում­նա­կան աս­տի­ճան­ներ ստա­նալ եւ բարձ­րա­նա՜լ ու բարձ­րա­նա՜լ, մարդ կրնայ հո­գե­ւոր մար­զի մէջ ալ բարձր դիր­քե­րու հաս­նիլ, աս­տի­ճան­նե­րու տի­րա­նալ, գիտ­նա­կա­նի կամ հո­գե­ւո­րա­կա­նի հո­վեր առ­նել. «մե՛ծ» ըլ­լալ, եւ տա­կա­ւին կրնայ «քա­ռա­կու­սի գլուխ» մը ու­նե­նալ՝ կար­ծա­տես ու նեղ­միտ մնալ, մէկ խօս­քով՝ հմտու­թիւն չու­նե­նալ…։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շա­բա­թա­վեր­ջին Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րա­կան այց մը տուաւ Ա­սո­րի կա­թո­լիկ­նե­րու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Մոն­սե­նիէօր Եու­սուֆ Սա­ղին

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Նոր տա­րի» մը՝ նոր կեան­քի մը ա­ռա­ջին օրն է, որ մար­դուս կ՚ա­ւե­տէ նո­րո­գուած, բա­րե­փո­խուած նոր շրջան մը։ Ե­րա­նի՜ ա­նոնց, որ գի­տեն օգ­տա­գոր­ծել այդ նո­րու­թիւ­նը ի­րենց կեան­քէն ներս։ Ար­դա­րեւ, «Նոր»ը դի­մա­ւո­րել չի բա­ւեր, այլ պէտք է իւ­րաց­նե՛լ, օգ­տա­գոր­ծել, ա­ռիթ մը նկա­տել զայն, էա­պէս նո­րո­գուե­լու։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Ս. Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին նա­խորդ շա­բա­թա­վեր­ջին Ս. Զա­տի­կը նշեց ըստ Հին տո­մա­րի։ Ա­ւան­դա­կան խան­դա­վա­ռու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Ա­նա­նիա Շի­րա­կա­ցիի ան­ուան ճե­մա­րա­նին մէջ սկսաւ «Կա­նաչ մո­լո­րակ» բնա­պահ­պա­նա­կան մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թի հա­յաս­տա­նեան փու­լը: Ար­դէն եր­րորդ տա­րին է, որ մի­ջազ­գա­յին այս մրցոյ­թի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը ճե­մա­րա­նին կը վստա­հին տա­րա­ծքաշր­ջա­նա­յին փու­լի կազ­մա­կեր­պու­մը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի տնօ­րի­նու­թեամբ գա­ւա­ռի մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ Ս. Զատ­կի առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցած տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Ան­ցեալ շա­բաթ Ե­րե­ւա­նի մէջ շփում­ներ ու­նե­ցած Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը ա­ւար­տեց իր այ­ցե­լու­թեան ծրա­գի­րը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ի­րենց կե­ցու­թեան շրջագ­ծով Պուն­տես­տա­կի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին նաեւ Կո­մի­տա­սի նո­րա­հաս­տատ թան­գա­րան-կա­ճա­ռը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Հայաստան կը հիւրընկալէ Ճատրակի տասներորդ աշխարհի առաջնութիւնը՝ արդէն երկրորդ անգամ:
Մասնակից 50 մարզիկներէն 49-ը կը կրեն կրոսմայսթըրի բարձրագոյն տիտղոսը, ինչ որ եզակի երեւոյթ մըն է պատմականօրէն: Բացման հանդիսաւոր արարողութենէն վերջ խաղերը կ՚ընթանան բուռն մրցակցութեան մթնոլորտով:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Լիւք­սեմ­պուրկ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան եւ ա­նոր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ստեղ­ծուած Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին։ Հա­ւա­նա­կան է, որ ան յա­րա­կից հան­դի­պում­ներ ալ ու­նե­նայ այս շրջագ­ծով։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ շուրջ հինգ տա­րուան ընդ­հա­տու­մէ մը վերջ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ միջ­միու­թե­նա­կան գի­տա­կան մրցոյ­թը։ Մին­չեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լը այս մրցոյ­թը մաս կը կազ­մէր միջ­միու­թե­նա­կան ա­ւան­դա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քին, սա­կայն դժբախ­տա­բար ընդ­հա­տուած էր ա­նոր յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­րե­ւա­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցան «Վե­րապ­րած ձե­ռագ­րեր» ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Հանրապետութեան նախագահը շաբաթավերջին այցելեց Գոճաէլի, ուր եւս արտայայտուեցաւ հայկական հարցի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Սփիւռքն ու Հայաստանի պետութիւնն է, որ խնդիր ունին մեզի եւ մեր հայ եղբայրներուն հետ»:

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015

«Կազփրոմ»ի միջոցներով Երեւանի մէջ կը կառուցուի ուսումնամարզական նոր կեդրոն մը:
Հիմնարկէքի արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015

Անգարայի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ բողոքարկել Եւրոխորհրդարանի որոշման դէմ:
Ըստ Ահմէտ Տավուտօղլուի, վերջին բանաձեւը կը գրգռէ իսլամի եւ Թուրքիոյ դէմ թշնամութիւնը:

Էջեր