Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2016

Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պի ա­ռա­ջին գիր­քը, որ կը պա­րու­նա­կէ ի­տա­լա­ցի լրագ­րող Անտ­րէա Թոր­նիել­լիի հետ զրոյց­նե­րը, լոյս պի­տի տես­նէ Յու­նուա­րին:

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Շար­ժան­կա­րա­յին ա­րուես­տի մեծ պաս­տառ­նե­րուն վրայ է հայ­կա­կան նոր շար­ժան­կար մը՝ «Վար­դա­պե­տի լռու­թիւ­նը»: Հայ­րե­նի բե­մադ­րիչ Վի­գէն Չալտ­րա­նեա­նի նոր աշ­խա­տանքն է՝ Կո­մի­տա­սի մա­սին: Շար­ժան­կա­րը Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի մա­սին նոր բա­ցա­յայ­տում­նե­րու ճա­նա­պարհ կը բա­նայ. ար­դեօք խե­լա­գա­րուա՞ծ է Կո­մի­տաս, թէ պար­զա­պէս լռած է…

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2016

Անգ­լիա­կան «The Times» յայտ­նի թեր­թը հրա­տա­րա­կեց յօ­դուած մը՝ Տիար­պա­քը­րի կեդ­րո­նին գտնուող Ս. Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կայ վի­ճա­կին շուրջ։ Այս շրջագ­ծով թեր­թը գրեց, թէ քա­ղա­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող պայ­թում­նե­րը կը վնա­սեն այս պատ­մա­կան կո­թո­ղը։

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2016

2016-ի տարեմուտին եւ Սուրբ Ծննդեան տաղաւարին առթիւ աւանդական ընդունելութիւն Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ:Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու եւ ծնողաց միութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք միասնաբար երգեցին «Խորհուրդ մեծ» շարականը եւ որպէս նուէր ստացան նուռեր:

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ռա­ջին նա­խա­գահ եւ ընդ­դի­մա­դիր «Հայ ազ­գա­յին գոնկ­րէս»ի ա­ռաջ­նորդ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեան բուժ­ման նպա­տա­կով կը մեկ­նի Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան շա­բա­թա­վեր­ջին տե­սակ­ցե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Փո­խադ­րու­թեան նա­խա­րար Մաք­սիմ Սո­քո­լո­վի հետ, որ այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան։ Հարկ է նշել, որ Մաք­սիմ Սո­քո­լով միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հա­մա­նա­խա­գահն է Հա­յաս­տան-Ռու­սաս­տան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա Ո­ւա­շինկ­թըն հրա­ւի­րեց Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւը։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ Ատրպէյճան սկսած է վերստին սրել իրավիճակը:
«Զինուած դիմակայութեան աստիճանի բարձրացման եւ հետագայ գործողութիւններու պատասխանատուութիւնը կը վիճակի Պաքուին»:

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցի պարագային բացուած դատին արդիւնքը կրնայ առընչուիլ Թուրքիոյ ամբողջ փոքրամասնութիւններու հաստատութիւներուն:
Համայնքային վաքըֆներու համար գործակատար-կառավարիչներու նշանակման հեռանկա՞ր:

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

Վե­նե­տի­կի Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Սուրբ Ղա­զար վան­քին մէջ Յու­նուար 6-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ բա­ցու­մը Շա­ւարշ եւ Ար­փիկ Մի­սա­քեա­նի նուի­րուած ցու­ցա­հան­դէ­սին, ներ­կա­յու­թեան Վե­նե­տի­կի զա­նա­զան շրջան­նե­րէն շուրջ հարիւր յիսուն ի­տա­լա­հա­յե­րու, միա­բան­նե­րու, Ի­տա­լիոյ մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան՝ Սար­գիս Ղա­զա­րեա­նի, նա­խա­գա­հու­թեամբ Միա­բա­նու­թեան վա­նա­հայր՝ Հ. Ե­ղիա Վրդ. Քի­լաղ­պեա­նի։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

ԾՈ­ՎԻԿ ԿԱ­ՐԱ­ՊԵ­ՏԵԱՆ

Երբ զա­ւակ կը դաս­տիա­րա­կենք, մարդ­կա­յին ար­ժա­նիք­նե­րը կը ձե­ւա­ւո­րենք:

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

ՍԻԼ­ՎԻ ՍՐԲՈՒ­ՀԻ ՄԱ­ՐԱ­ԶԵԱՆ

Տա­րի մը եւս բո­լո­րե­ցինք՝ քաղցր ու դառն յու­շե­րու հետ­քե­րով: Խան­դա­ղա­տան­քով ու տագ­նապ­նե­րով ծան­րա­բեռնուած օ­րե­րը հեւ ի հեւ սա­հած, սլա­ցած են մեր կեան­քէն: Հե­ռա­ցող տա­րին ա՛լ գաղտ­նիք մը չու­նի մե­զի հա­մար, իսկ նոր տա­րին, ա­նակն­կալ­նե­րով լիա­ռատ, ծա­ծուկ յու­զում­նե­րով ու անս­պա­սե­լի ա­րարք­նե­րով բե­ղուն՝ կը ծա­ւա­լի մեր առ­ջեւ:

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

​Պաքըրգիւղի «Լէյլա Կենճէր» օփերայի եւ արուեստի կեդրոնի երդիքին տակ յատկանշական ձեռնարկ մը:
Մեներգչուհի Նաթալի Պօղոսեանի եզակի ստեղծագործութիւնը՝ «Տորէթայի ոսկէ երազը»:

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեր ա­ռօ­րեայ կեան­քին մէջ տե­սակ տե­սակ բնա­ւո­րու­թեան եւ նկա­րագ­րի տէր մար­դոց հետ կը դի­մա­ւո­րուինք։ Մարդ զգա­յուն եւ յու­զա­կան խառ­նուածք ու­նե­ցող էակ մըն է եւ այդ պատ­ճա­ռով, ու­զէ կամ չու­զէ կ՚ազ­դուի եւ կը տպա­ւո­րուի իր շուր­ջը գտնուած մար­դոց­մէ եւ պա­տա­հած դէպ­քե­րէ։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ փայ­լուն հան­դէս մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Նոր տար­ուան եւ Ս. Ծննդեան առ­թիւ։ Ան­ցեալ տա­րուան վեր­ջըն­թեր օ­րը կազ­մա­կեր­պուած այս ձեռ­նար­կը ստեղ­ծեց մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Ամ­բողջ դպրո­ցին մէջ լիու­լի ապ­րուե­ցաւ տօ­նա­կան հրճուան­քը։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

Գարակէօզեանի ընտանիքին անդամները վերամիաւորուեցան՝ ոգեկոչելով հաստատութեան հիմնադիրը:
Աւանդական Լուբիայի օրը առիթ հանդիսացաւ վարժարանի եւ անոր սաներու վերաբերեալ յիշողութեան թարմացման: Խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին զանազան սերունդներէ ընթացաւարտները:

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016

Յա­ռա­ջի­կայ Մա­յի­սի վեր­ջը եւ Յու­նի­սի սկիզ­բը, Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը բա­րե­կա­մա­կան եր­կու մրցում պի­տի կա­տա­րէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ: Այդ եր­կու մրցում­ներն ալ պի­տի կրեն բա­րե­գոր­ծա­կան բնոյթ:

Շաբաթ, Յունուար 9, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած Ս. Ծննդեան ընդունելութեան ընթացքին արծարծուած հարցերը - 2:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կանգ առաւ առկախեալ ընտրութեան խնդրին վրայ:
«ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԲԱՑԱԾ ԴԱՏԸ ԴԱՐՁԱԾ Է ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՐՑ ՄԸ»

Շաբաթ, Յունուար 9, 2016

Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ, Մու­սու­լի մեր­ձա­կայ­քին հաս­տա­տուած Պա­շի­քա­յի թրքա­կան ռազ­մա­խա­րիս­խը ե­րէկ են­թար­կուե­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձակ­ման։ Ծա­նօթ է, որ այդ խա­րիս­խին մօտ թուրք զի­նուոր­նե­րը կը մար­զեն Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան են­թա­կայ զօր­քե­րը։

Շաբաթ, Յունուար 9, 2016

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​2 Յու­նուա­րին Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ հրա­պա­րա­կուած հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը, որ կը յայտ­նէր ծայ­րա­յե­ղական­նե­րու դէմ գոր­ծադ­րուած մա­հա­պա­տի­ժին մա­սին, քա­ղա­քա­կան պայ­թու­մի մը հե­տե­ւանք­նե­րը ու­նե­ցաւ:

Էջեր