Արխիւ
Տատեան վարժարանի նոր շէնքին համար նախատեսուած ծանօթացման հաւաքի սեմին:
Պաքըրգիւղի ընտանիքը երախտագիտութեան զգացումները պիտի արտայայտէ ծրագրին աջակցած բարերարներուն:
Գանատայի հեղինակաւոր George Weston recital համերգասրահին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի սիմֆոնիկ նուագախումբի «Մի՛ մոռնար զիս» խորագրով համերգը՝ նուիրուած 100-րդ տարելիցին: Նուագախումբին հետ ելոյթ ունեցաւ աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեան ու ջութակահարուհի Նունէ Մելիքեան:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Քուէյթի հետ նոյնացած հայ ազգային-հասարակական գործիչը հեղինակած է ուշագրաւ գործ մը, որ կ՚արժանանայ անմիջական հետաքրքրքութեան:
Կիրակոս Գույումճեան. «Միջին Արեւելքի մէջ տնտեսական եւ քաղաքական փայլուն ապագայի մը տեսլականը չեմ տեսներ»:
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը մէկտեղուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնէութեան հետ։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ այս հաւաքոյթը կազմակերպուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 16-րդ տարեդարձին առթիւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանուր Հայ-քրիստոնեանեղրու եւ յատկապէ՛ս Հայ քահանաներու համար ո՜րքան կարեւոր է ծանօթանալ Հայոց Եկեղեցւոյ հեղինակաւոր Հայրապետի մը հայրական խրատներուն՝ որոնք, աւա՜ղ թաղուած, անմատոյց գանձ մը մնացած են շատերու համար, մասնաւորաբար մեր օրերուն…։
Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ուրախակից եղան Պէնկլեան եւ Կիւնպերկ ընտանիքներուն, որոնց զաւակաց Սուրբ Պսակի խորհրդակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Երեւանի Պետական համալսարանի Աստուածաբանական կաճառին մէջ, կատարուեցաւ վերաբացումը «Աճեմեան» գրադարանին: Մասնագիտական կեդրոն մըն էր, որ երախտաշատ հոգեւորականը կը կատարէր այս հիմնարկին նախաձեռնութեամբ, Խորհրդային կարգերու փլուզումէն անմիջապէս ետք, Երրորդ Հանրապետութեան առաջին օրերուն հոգեւոր կրթութեան ճանապարհ մը ցոյց տալու համալսարանական մեր ուսանողներուն համար:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
Ուղեղը վիրահատելու համար բժիշկները կարիքը ունին տեսնելու նուրբ մանրամասնութիւններ՝ փոքր ծաւալով: Փոքր քամերա մը կրնայ ուղեղին մէջէն առնել 3 տարածութեամբ (3 տի.) նկարներ, որոնք վիրաբոյժներուն թոյլ կու տան տեսնել բարդութիւնները, ինչ որ կը մղէ աւելի արագ, ապահով քայլերու դիմելու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբեմն կարճ առակ մը շատ աւելի տպաւորիչ կ՚ըլլայ, քան երկա՜ր խօսակցութիւններ, մանրամասնութիւններով խճողուած խրատներ, թելադրանքներ։ Արդարեւ յաճախ կը կրկնենք՝ երբեմն մարդիկ շատ կը խօսին, բայց ո՛չինչ կ՚ըսեն, երբեմն ալ քիչ կը խօսին՝ շատ բան կ՚ըսեն։
«Եթէ սուրիահայերը ապահովուին կեանքի նուազագոյն պայմաններով՝ բնակարանով ու աշխատանքով, ապա չեն հեռանար Հայաստանէն»:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի տուեալներով, Հայաստան աշխարհի չորրորդ երկիրներէն է փախստականներ ընդունելու առումով ու բաւական առաջ՝ բոլոր համեմատականներով:
Միջազգային իրադարձութիւններու լոյսին տակ Ռուսաստանի եւ արեւմտեան երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան խորացման միտումը կը շարունակուի։ Լոնտոնի ղեկավարութիւնը սկսած է բարձր մակարդակի սպառնալիք դասել Մոսկուան։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձի հարցաքննութիւնը կը շարունակէ մշտապէս զբաղեցնել օրակարգը։ Ծանօթ է, որ վերջերս նոր հարցաքննութիւն մը իրականացուած է՝ պարզելու համար այս մահափորձին շրջագծով հանրային պաշտօնեաներու դերակատարութիւնը։
«Ատրպէյճան սեփական պատմութեան փերաշարադրումը կը շարւնակէ այլոց մշակութային ժառանգութեան բռնի իւրացմամբ»:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Փարիզի ժողովին ընթացքին ահազանգ հնչեցուց Պաքուի քաղաքականութեան դէմ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան 16-րդ տարեդարձը՝ Մայր Տաճարի մէջ:
Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան. «Նորին Սրբութիւնը յարատեւութեամբ, խորունկ իմաստութեամբ, ջանասէր աշխատասիրութեամբ կը ձգտի Հայ Եկեղեցւոյ սպասաւորներուս ցոյց տալ՝ ինչպէս յաղթահարել առկայ դժուարութիւնները»:
Մխիթարեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Սթրազպուրկի համալսարանէն Փրոֆ. Եոհան Շթրաուս, որու մասնագիտութիւնն է օսմանեան գրականութիւնը։ Ան խօսեցաւ Մխիթարեան վարժարանի անցեալի յատկանշական շրջանաւարտներէն մէկուն՝ Վարդան փաշայի մասին։
Շաբաթավերջին մեր հաւատացեալ ժողովուրդին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Պալաթու Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ վրայ։ Հայ բնակչութենէ նօսրացած պատմական թաղի մը մէջ կը գտնուի այս սրբավայրը, որ միշտ հոգեհարազատ ուխտավայրի մը բնոյթը ունեցած էր մեր հաւատացեալներուն տեսակէտէ։ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակին առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Էնթընի Պլինքէն քննարկեցին հայ-ամերիկեան օրակարգային հարցերը:
Կարծիքներ փոխանակուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շուրջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արաբական աշխարհին համար Թուրքիոյ մէջ ընթացող քաղաքական խմորումները դարձած են շեշտակիօրէն կարեւոր, մանաւանդ Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութիւններուն արաբ-իսլամական աշխարհին բացուելու քաղաքականութեան պատճառով:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով այս Երկուշաբթի աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նոյեմբեր 4-ին, 123 տարի առաջ, վաթսուն տարեկան հասակին, Պոլսոյ ոստիկանական կեդրոնի մը մէջ՝ վախճանեցաւ հայ հոգեւորականութեան իւրայատուկ ներկայացուցիչ մը, որ ինչպէս իր ժամանակակիցներուն, նոյնպէս եւ հետագայ սերունդներու յիշողութեան մէջ, Խորէն Նարպէյ գրչանունով, մնայուն տեղ գրաւեց իբրեւ հայ ժողովուրդի արժէքաւոր, այլեւ վիճայարոյց դէմքերէն մէկը։