Արխիւ
Մեր ընթերցողներուն ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ թերթիս վաղեմի աշխատակից Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի դարմանումը դրական հունի մը մէջ կը շարունակուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի երդիքին տակ։
Անգարայի Շրջանային վարչական ատեանի 10-րդ վարչական դատերու բաժանմունքին ուշագրաւ վճիռը:
Վերաքննիչ դատարանը ճանապարհ կը հարթէ համայնքային առկախեալ ընտրութիւններու ի վերջոյ իրականացման առջեւ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդաց յանձնախումբը շաբաթավերջին առցանց հանդիպում մը կազմակերպեց՝ մասնակցութեամբ զանազան թեմերէ կամ շրջաններէ նոր սերունդի ներկայացուցիչներու։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հեռավար հաւաքը, որուն մասնակցեցան նաեւ յիշեալ յանձնախումբի անդամ միաբաններ։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս գումարուեցաւ պատգամաւորական ընդհանուր ժողով։ Սա թեմի 94-րդ պատգամաւորական ընդհանուր ժողովն էր եւ առաջին անգամ ան տեղի ունեցաւ հեռավար դրութեամբ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Քառասուն տարի առաջ՝ 18 մայիս 1981 թուականին, Ֆրեզնոյի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, մահացաւ աշխարհահռչակ հայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեան: Իր կտակին համաձայն՝ աճիւնին մէկ մասը փոխադրուած է Երեւան եւ թաղուած «Կոմիտաս» պանթէոնին մէջ։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան 1954-ին ժողովուրդին ուղղուած հայրական խօսքին մէջ կը գրէր. «…Տարակոյս չի կայ, թէ յանձնառութիւններ ունինք հանդէպ մեր ժողովուրդին, բայց կասկածէ վեր է, թէ մեր ժողովուրդն ալ պարտականութիւններ ունի իր իսկ հանդէպ։ Ուրեմն կը նոյնացնենք մեր յանձնառութիւններն ու իր պարտականութիւնները եւ կը խօսինք ասոնց մասին։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Հիւանդ մէկը կար, Ղազարոս անունով, որ Բեթանիայէն էր» (Յհ 11.1):
Մեկնութիւն. ասիկա ըստ կարգի տասնմէկերորդ գլուխն է եւ առաջինը՝ ըստ հատորի, եւ այս խօսքին մասին վեց բան գիտելի է.
Երեւանի Ճատրակի տան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական հանդիպում մը։ Այսպէս, կրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեան մէկտեղուեցաւ այս մարզաձեւին հետամուտ պատանիներուն հետ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
(…) Ելոյթ ունենալով խորհրդարանի մէջ, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան փաստացի իրեն եւ իր խումբին վերագրեց, որ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի երկու պալատները եւ նախագահ Ճօ Պայտըն ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը։ «Եթէ մենք չուզէինք, սա տեղի չէր ունենար», պնդեց Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ նախկին իշխանութիւնները ԱՄՆ-ի ղեկավարներէն կը խնդրէին, որ անոնք ցեղասպանութիւնը չճանչնան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին։ Պաշտօնական այցելութեան շրջանակին մէջ, մայիսի 12-ին երկու վարչապետները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայ ազգային քոնկրէսը Երեւանի մէջ երէկ իրականացուց իր համագումարը՝ 20 յունիսի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ։ Սա քոնկրէսի երրորդ համագումարն էր։
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան կառավարութեան փոխ-վարչապետ Քուպաթ Թալապանի վերջերս այցելեց Երեւան։ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան 14 մայիսին հիւրընկալեց Քուպաթ Թալապանիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։
Հայաստանի մէջ 20 յունիսին նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ, ներքին քաղաքական կեանքէն ներս իրադարձութիւնները կ՚ընթանան թափով։ Այս ամբողջին մէջ քաղաքական ուժերը կը ձեւաւորեն դաշինքներ՝ ընտրութեան մասնակցելու համար։
Երուսաղէմի մէջ օրերէ ի վեր տեղի կ՚ունենան բախումներ։ Արիւնալի դէպքերու դրուագներ կը հասնին Սուրբ Քաղաքէն ու մերձակայքէն, ինչ որ ահազանգային կացութեան մը ծնունդ տուած է միջազգային բեմահարթակի վրայ։
Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Ատրպէյճանի զօրքերը ներթափանցեցին Հայաստանի տարածքը:
Անհանդուրժելի ոտնձգութիւն:
Երեւան սահմաններու պաշտպանութեան համար դիմեց ՀԱՊԿ-ի եւ Մոսկուայի օգնութեան: Դիւանագիտական բուռն ջանքեր:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մայիսի 13-ին աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս։
Համայնքային շրջանակները կը սգան Գարթալի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետին կորուստը:
Հոգելոյս Յովհաննէս Սահակօղլու յուղարկաւորուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր մասնակցութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սիւնիքի մէջ լարուած, սակայն կայուն իրավիճակը տակաւին չէ փարատած։ Ատրպէյճան ինչ-ինչ «անհիմն» պատճառներով ու անտեսելով մինչ այդ առկայ «լռելեայն համաձայնութիւններ»ը՝ Հայաստան ներթափանցած է Սիւնիքի Իշխանասար բլուրի կողմէն ու դիրքաւորուած՝ «Սեւ լիճ» յայտնի աւազանին մօտ, որ այդ շրջանի հիմնական, անհրաժեշտ ջրային պաշարն է։
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
8 մայիս 2021-ին լիբանանահայ «Զարթօնք» օրաթերթի աշխարհասփիւռ ընթերցողները խմբագրութեան կողմէ ստացան նամակ մը (շատո՜նց սպասուած), ուր մասնաւորապէս գրուած էր հետեւեալը.
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Հոլանտացի յայտնի նկարիչ Հիերոնիմուս Պոսի ամենայայտնի ստեղծագործութիւնն է «Երկրային վայելքներու այգի»ն, որ նկարած է 1503 թուականին։ Նկարը զարմացուցած է եւ կը շարունակէ զարմացնել մինչ օրս եւ դժուար է հաւատալ այն փաստին, թէ այդ ստեղծագործուած է գրեթէ 500 տարի առաջ։