Արխիւ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի հետ։ Կաթողիկոսարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ շուրջ երկու ժամ տեւած է զրոյցը, որու ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի վերաբերեալ զանազան հարցեր։
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան արտաքին կապերու վարչութեան պետ Արմէն Մելքոնեան երէկ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Ան քաղաքիս մէջ մասնակցեցաւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տարածաշրջանային ժողովին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահոց 19-րդ օրն է:
Արդէն կը մօտենանք ճանապարհորդութեան կէսին հասնելու:
Թուրքիոյ Քրիստոնեաներու հոգեւոր առաջնորդները երէկ համախմբուեցան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ:
Միջեկեղեցական համագործակցութեան վերաբերեալ քննարկումներէ վերջ սարքուեցաւ պահքի ընթրիքի սեղան մը:
Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Սէրտար Արաս Շահին, որ հաստատութեան նախկին սաներէն է ու վերջերս հրատարակած է գիրք մը։ «Սահմանափակուած կեանքեր» կը կոչուի իր հեղինակած նորատիպ գիրքը, որու բովանդակութիւնը պայմանաւորեց դպրոցին մէջ աշակերտներու հետ կազմակերպուած ջերմ զրոյցին մթնոլորտը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, որ արդէն երդուելով ձեռնարկած է իր պաշտօնին։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Անմեղ հարցում մը.- արդեօք օր մը դուք ձեզի եւ կամ հեռու մօտիկ հայրենիքի ձեր բարեկամներէն մէկուն հարցուցա՞ծ էք, թէ իրեն համար ի՞նչ կը նշանակէ Սփիւռք եւ կամ արդեօք ծանօ՞թ է Սփիւռք կոչուած բառին եւ անոր ետին թաքնուած իմաստ-խորհուրդին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ծանր հրթիռակոծումները կը շարունակուին։ Պատերազմի սկիզբէն ի վեր Ռուսաստան կը փաստէ, որ նախ պէտք է ընկճել, ծունկի բերել կեդրոնական քաղաքները, ապա անցնիլ աւելի աշխոյժ ռազմական գործողութիւններուն։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Աղջի՛կս, դուն ալ ինծի պէս եղար...
Ըսաւ ծերունազարդ տիկին Վեհան, երբ կը խօսէր Երեւան բնակող իր աղջկան հետ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցեալը մի՛շտ ալ սիրած եմ, որովհետեւ կը հաւատամ, թէ այդտեղ մարդ աւելի՛ մարդ էր՝ քան այսօր. կը հաւատամ, որ այդտեղ արուեստը, մշակոյթը, գիրը, գրականութիւնը շա՜տ աւելի արժէք ունէր քան այսօր:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մեր տունին մէջ միշտ շատ գիրք եղած է: Իմ մեծ մայրը մեծ գրադարան մը ունէր: Մեծանուն հայ հեղինակները իրենց ուրոյն տեղը կը զբաղեցնէին այդ գրադարակներու մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, Մեծ պահքի երրորդ շաբաթ օրը, աւանդաբար, կը տօնէ Հայ Եկեղեցւոյ նշանաւոր աստուածաբան-եկեղեցականներու՝ Սուրբ Յովհան Օձնեցի հայրապետի, Սուրբ Յովհան Որոտնեցի եւ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի վարդապետներու եւ Երուսաղէմի Սուրբ Յովհան հայրապետի յիշատակութեան օրը:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մանրիկներուն ամենէն մեծ թշնամիները՝ մաքրութիւնն ու լոյսն են:
Եւ, իրապէս, անոնք կ՚աճին խոնաւ, մութ եւ աղտոտ տեղերու մէջ, այն ինչ չոր, մաքուր եւ արեւշատ տեղերու մէջ կը կոտորուին, կը փճանան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հեքիաթները, զրոյցներն ու առասպելները ճշմարիտ են թէ ոչ՝ մեր այսօրուան նիւթը չէ, սակայն պարզ է, որ անոնք գրուելու եւ թուղթ լեցնելու սիրոյն գրուածքներ չեն: Թէեւ շատ անգամ անհաւատալի ու չափազանցուած, անոնք գրուած են փոխանցելու գաղափար մը, որ աւելի՛ կարեւոր է քան ճշմարտութեան ստուգումը:
ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած ընտանիքը կը սգայ երէց սերունդէ երախտաշատ ազգային գործիչի մահը:
92-ամեայ Գառնիկ Եագուպեան տասնամեակներու նուիրեալ գործունէութիւնով եղած էր ծառայութեան ախոյեան մը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Լեհաստանի նախագահ Անտրէյ Տուտան։ Չանքայայի ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներուն հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ 2 ժամ 15 վայրկեան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Փարիզ, ուր մասնակցեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան նախարարական համաժողովի 40-րդ արտահերթ նիստին, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։
Երէկ, «Restart» նախաձեռնութեան կազմակերպութեամբ, «Բերա փալաս» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հարաւային Կովկասի ներկայ իրավիճակին վերաբերեալ քննարկում մը, որու ատենախօսներու շարքին էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն միջազգայնագէտ ու քաղաքագէտ Արման Գրիգորեան, որ Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելէ վերջ եկած էր քաղաքս։
Չավուշօղլու-Լաւրով բանակցութիւններուն ժամանակ քննարկուեցաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի վիճակը:
Մոսկուա կրկնեց իր աջակցութիւնը Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին ի նպաստ: