Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ճիշդ խօսք է, որ սփիւռքահայութեան համար ամենակարեւորը եւ կիզակէտայինը՝ երկիր Հայաստանի անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնն է։ Նոր մօտեցում մը չէ այս շեշտադրումը, ոչ ալ գեղեցիկ շարադրութեան մը հատուածը, որուն տարբերակները մե՜ծ շռայլութեամբ կը թափին մեր գլխուն՝ մասնաւորապէս այս օրերուն:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Վստահաբար քորոնաժահրի համավարակը պիտի աւարտի եւ քաղաքներ, մարդիկ, գիտութիւնը, արուեստը, մշակոյթը ընդհանրապէս, մարմնամարզը պիտի փորձեն բնականոն հունի վերադառնալ: Հարցումը, սակայն, կը մնայ այն, որ այդ «բնականոն հունը» նո՞յնը պիտի մնայ, թէ՞… Այս հարցումին պատասխանած են խումբ մը մասնագէտներ, որոնց կարծիքները հրապարակած է «Կարտիըն» թերթի կայքէջը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Սիրելինե՛ր, ձեզի կ՚ըսեմ.- մի՛ վախնաք անոնցմէ որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ ապա ուրիշ բան չեն կրնար ընել: Ըսեմ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք: Վախցէք Աստուծմէ, որ ձեզ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի դժոխք նետելու: Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի, անկէ վախցէք» (Ղկ 12.4-5):
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սպիտակ տունէն 24 Ապրիլին հրապարակուած պատգամը Թուրքիա-ԱՄՆ առանցքին վրայ տագնապալի կացութիւն մը յառաջացուցած է՝ կարմիր գիծի մը խախտումին պատճառով։ Իւրաքանչիւր երկիր միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ունի կամ կ՚ունենայ կարմիր գիծեր։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Քազանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ։ Երկու վարչապետները Քազանի մէջ կը գտնուէին՝ մասնակցելու համար Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի նիստին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համայնքային շրջանակներու համակրելի դէմքերէն Արամ Քալենտերօղլուի «Կալաթա» ընկերութիւնը դասուած է Թուրքիոյ լաւագոյն գործատուն։ Այսպէս, «Կալաթա» բեռնափոխադրութեան ընկերութիւնը Թուրքիոյ՝ 2021 թուականի լաւագոյն գործատուի պարգեւին արժանացած է, 100-250 աշխատողներով ընկերութիւններու դասաւորման մէջ։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Հայաստա՛ն...
Նախադասութենէն լսեց միայն առաջին բառը՝ անունը, երբ կ՚անցնէր Վերնիսաժէն: Ձայնին հետ ընթացաւ նայուածքը՝ որսալու անունին տէրը:
ԵՐԱՄ
Շուները տէրեր չունին. կամ՝ պէտք չէ ունենան։ Շուները ընկեր են. իսկ ընկեր ըսածդ միակողմանի չի կրնար ըլլալ։ Զիրենք պտոյտի հանող, կերակրող, խաղցնող, սիրող, դաստիարակողներն ալ, ուրեմն, ընկեր են՝ միւս ուղղութեամբ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Միջազգային յարաբերութիւններու ամբողջ տրամաբանութիւնը պետական շահ հետապնդելու ուղղուած է։ Դիւանագիտութիւնը այս ուղղութեամբ կ՚ընձեռէ հնարաւորութիւններ՝ նախ եւ առաջ սակարկութիւններու տեսակէտէ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հայրապետական այցելութեամբ կ՚ուղեւորուի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
BEDROS ŞİRİNOĞLU
Toplumsal yaşamımızda Sayın Başepiskopos Aram Ateşyan’a karşı uzun zamandan beri dışlayıcı bir tutum sergilenmektedir. Buna ne yazık ki Patrikhanemiz de dahildir. Olağanüstü koşullarda yaklaşık on yıl Patriklik Makamı’nın sorumluluğunu üstlenen, zor ortam ve koşullarda görev yaparken işi kesinlikle kolaylaştırılmayan Sayın Sırpazan’ın şu an muhatap olduğu durum, cemaatimizdeki sevgi ve saygı eksikliğinin üzücü bir tezahürüdür.
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքին եւ Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետին միջեւ ծնունդ առած տարակարծութիւնները կը բնորոշեն համայնքային շրջանակներու օրակարգը: Երէկուան հրապարակումներէն վերջ ERVAB-ի հարթակին վրայ շարունակուեցան լարուածութեան ազդեցութիւնները:
Պետրոս Շիրինօղլու նոր յայտարարութիւնով մը հրապարակաւ վերանորոգեց իր յարգանքը՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նկատմամբ:
Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաքը՝ Լոնտոնի մէջ կառուցուած է երկու բնակելի շէնքերը իրարու միացնող 35 մեթր բարձրութեամբ լողաւազան մը։ Այսպէս, Լոնտոնի յայտնի թաղամասերէն մէկուն մէջ կառուցուած է լողաւազան մը, որ կը գտնուի երկու նոր բնակելի շէնքի միջեւ՝ 35 մեթր բարձրութեան վրայ։
Հայաստանի «Միրզոյեան» պատանի յօրինողներու ամենամեայ մրցոյթը տեղի կ՚ունենայ յառաջիկայ մայիսին։ Հայաստանի Յօրինողներու միութեան նախաձեռնութեամբ մայիսի 10-13 թուականներու միջեւ տեղի կ՚ունենայ մեծանուն յօրինող, Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտ Եդուարդ Միրզոյեանի անուան ձօնուած պատանի յօրինողներու ամենամեայ մրցոյթը, որ այս տարի կ՚իրականացուի 8-րդ անգամ:
Երեւանի մէջ այս առաւօտ ծագեցաւ հրդեհ մը։ Դէպքը տեղի ունեցաւ այն փապուղիին մէջ, որ մայրաքաղաքի կեդրոնը կը միացնէ Հրազդան գետի կիրճին։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ միշտ կը տիրէ լարուածութիւն եւ կը պատահին մտահոգիչ դէպքեր:
Քաղաքացիական տարազով շուրջ 10 հոգիէ բաղկացեալ խումբը փութով հեռացաւ՝ նկատելով հայկական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու վերահսկողութիւնը՝ միջդիրքային հատուածէ ներս թողլով զանազան խողովակներ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ուաշինկթընի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Պլինքըն-Ալիեւ զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ 24 Ապրիլին հրապարակուած պատգամը։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը պատրաստուի իրերայաջորդ աշխատանքային այցելութիւններ տալ դէպի Հայաստան եւ Ատրպէյճան։ 5-6 մայիսին Սերկէյ Լաւրով շփումներ պիտի ունենայ Երեւանի, իսկ 10-11 մայիսին՝ Պաքուի մէջ։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան՝ Տուշանպէի մէջ կազմակերպուած ՀԱՊԿ-ի ժողովին ժամանակ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութեան, ըստ որու Պաքու «Զանգեզուրի միջանցքը» պիտի բանայ անկախ Երեւանի համաձայնութենէն։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Օր ըստ օրէ կը մաշի 2021 թուականի օրացոյցը: Ու օրերը կը մօտենան մայիսի 9-ին: Մայիսի 9-ը ինծի համար կը շարունակէ մնալ տօն: Թէպէտ շատեր այսօր կը սարսափին այդ օրուընէ: