Արխիւ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Ֆրանսայի մէջ, երէկ, այցելեց Փարիզի միջազգային օդագնացութեան ցուցահանդէսը, որ կը կազմակերպուի Լը Պուրժէի մէջ։
«Արամ Խաչատուրեան» 15-րդ միջազգային մրցոյթը եզրափակուեցաւ Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի ելոյթին հետեւեցաւ Սարգսեան ամոլը:
Հայաստանի կառավարութեան կազմէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ համալրում։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով Հայաստանի արդարադատութեան նախարար նշանակուեցաւ Ռուստամ Բադասեան։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի 28-րդ ժողովը՝ Երեւանի մէջ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան կը նախատեսէ հայապահպանութիւնը դարձնել ռազմավարական նպատակ մը:
Ամերիկահայ անուանի բժիշկ, ֆիզիքի մասնագէտ ու գիւտարար Ռէյմընտ Տամատեան վերջին օրերուն այցելեց Երեւան։ Ան բժշկական MR-ի (նիւքլէէր մանիէթիք ռեզոնանս) սարքի գիւտարարն է։
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է Ուիլիըմ Սարոյեանի երկու գործերու թրքերէն թարգմանութեան։ «Yüreğim Dağlardadır» եւ «En Güzel Günlerin» կը կոչուին այս երկու գործերը։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները այսօր կը տեսակցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ:
Ճոն Պոլթընի խօսքով՝ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը պատրաստ է աջակցիլ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան յառաջխաղացման:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Վեհափառ Հայրապետը ամերիկահայ ուխտաւորներուն հետ մէկտեղուեցաւ «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Գիրքը, իբր բացում, կը սկսի մարդուն եւ կնոջ ստեղծումով (ԾՆՆԴ. Ա 26-27) ըստ Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեան, եւ կը վերջանայ «Գառնուկին հարսանիքին» (ՅԱՅՏ. ԺԹ 7 եւ 9) տեսիլքով։
Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ 2018-2019 կրթական շրջանը եզրափակուեցաւ վկայականներու բաշխման արարողութեամբ։ Ամբողջ աշակերտութեան, ուսուցչական կազմի եւ խնամակալութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը։
Կրօնական ժողովի երէկուան նիստէն վերջ համայնքին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած Եկեղեցականաց համագումարին վրայ:
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին հեռանկարները հետզհետէ կը յստակենան՝ Պոլսոյ Աթոռի դարաւոր նախընթացներուն եւ աւանդութիւններուն համապատասխան:
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ տարակարծութիւնները կը մնան առկայ՝ Ս-400 ռուսական հրթիռային համակարգերուն եւ Ֆ-35 ամերիկեան ռազմաօդանաւերու վերաբերեալ հարցերուն բերումով։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ նամակ մը ուղարկեց ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Փեթրիք Շանահանին։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը Հենրիխ Մխիթարեան ամուսնացաւ Պեթի Վարդանեանի հետ։ Նորապսակ ամոլի հարսանեկան խորհրդակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին վրայ։
Զօհրապ Մնացականեան երէկ նախապատրաստական բնոյթով հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ վաղը նախատեսուած է տեսակցութիւն մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը 18 յունիս 2019, երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի նախագահութեամբ եւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի ատենապետութեամբ գումարուած Ժ. նիստին քննարկեց Պատրիարքական Տեղապահի ընտրութեան ձեռնարկելու գործընթացը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ սկսաւ միաբանական ընդհանուր ժողով, որ կը շարունակուի մինչեւ շաբաթավերջ՝ բազմակողմանի ծրագրով:
Վեհափառ Հայրապետը ժողովականներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը: Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը կը ներկայացնեն Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան:
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Նախորդող յօդուածներուս մէջ գրած էի, որ համշէնցիներուն մէջ կան երեք ենթաբաժանումներ։ Առաջին. իրենք զիրենք համշէնցի-թուրք համարողները։ Երկրորդ. իրենք զիրենք զուտ համշէնցի համարողները, որոնք համշէնեան ինքնութիւնը աշխարահագրականէ եւ մշակութայինէ ազգայինի կը բարձրացնեն։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Պետութիւններն, ազգերն ու ժողովուրդները, նոյնիսկ՝ քաղաքները ունին իրենց առանձնայատկութիւնները։ Ի տարբերութիւն մարդոց, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր էութիւնը. զոր օրինակ՝ բնաւորութեան յատուկ գիծերը, մտածելակերպը, նախասիրութիւններն ու սովորութիւնները՝ տարածքաշրջանի մը ժողովուրդի առանձնայատկութիւնը կը բնորոշուի՝ հաշուի առնելով տուեալ տարածքաշրջանի բնակչութեան ընդհանրական գիծերն ու նմանութիւնները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ձայնը ամենէն շատ բռնացող զգայելին է՝ բաղդատմամբ միւս զգայելիներուն, ինչպէս՝ լոյս եւ գոյն, ձեւ, բոյր, համ, եւ այլն։ Ան նաեւ ամենէն աւելի հեռագնացն է, եւ ամենէն դժուար խափանելին։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ չ՚ըսեր. «Աստուծոյ որդիներ ըրաւ», այլ՝ անոնց իշխանութիւն տուաւ:
Պատասխան. Երեք պատճառով. նախ, ով որ Աստուծոյ որդեգրութեան պատկերը ինքն իր վրայ կ՚առնէ, պէտք է բամաթիւ արթնութիւն եւ հոգ ընէ, որպէսզի Աստուծոյ պատկերը անջինջ մնայ: