Արխիւ
«Crossroads-2019 ժամանակակից երաժշտութեան օրեր Հայաստանի մէջ» միջազգային փառատօնի շրջանակներէն ներս կը կայանան շարք մը միջոցառումներ։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ՝ մայիսի 4-28 թուականներուն միջեւ տեղի կ՚ունենան «Crossroads-2019 ժամանակակից երաժշտութեան օրեր Հայաստանի մէջ» միջազգային փառատօնը:
Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովին նիստը։
Երկու երկիրները որոշ համաձայնութիւններու հասած են զանազան ոլորտներու մէջ յարաբերութիւնները զարգացնելու համար։
Կրօնական ժողովի ատենապետը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կը պարզաբանէ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ որդեգրած դիրքորոշումը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աստուած վեց օրուան մէջ ստեղծեց երկինքը եւ երկիրը, եւ եօթներորդ օրը դադրեցաւ եւ հանգստացաւ» (ԵԼԻՑ. ԼԱ 17)։ Աստուած «հանգստացաւ» կամ «դադրեցաւ» գործելէ, որովհետեւ երկրիս ստեղծագործութեան նկատմամբ ունեցած Իր մտադրութիւնը «կատարած» էր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանահայ գաղութի թատրոնի անցեալն ու ներկան…
Սփիւռքի հայկական գաղութներու տարեգրութեան մէջ կարեւոր տեղ զբաղեցուցած է թատրոնը։
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը» գիրքի վերհրատարակութիւնը։ Առաջին անգամ 1921 թուականին հրատարակուած այս գործը հայ գրականութեան դասական գլուխգործոցներէն մին է։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 40-ամեայ յոբելեանը։ «Մարալ»ի մեծ ընտանիքը արտակարգ խանդավառութիւն կ՚ապրի յոբելենական ներկայ շրջանին։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան, որ այդ չորս տասնամեակներու ականատեսն ու մասնակիցը եղած է, մէկ կողմէ կ՚ապրի այդ ամբողջ յիշողութեան զգացականութիւնն ու հպարտութիւնը, իսկ միւս կողմէ կը ջանայ նոր հորիզոններ ուրուագծել համոյթին առջեւ՝ պատրաստելու համար անոր ապագան։
Facebook ընկերային ցանցի մահացած օգտատէրերը յառաջիկայ յիսուն տարուան ընթացքին կրնան թուաքանակով գերազանցել ողջերը: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»ը, կը հաղորդէ Համացանցի Օքսֆորտի կաճառի, որ մաս կը կազմէ Օքսֆորտի համալսարանին, գիտնականներու հրապարակած հաշուետուութեան մէջ:
Արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Արամ Աւագեանի հերթական մենամարտի օրը փոփոխութեան ենթարկուած է: Այսպէս, «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Արամ Աւագեանի մենամարտը կը կայանայ նախատեսուածէն երկու օր վերջ՝ մայիսի 4-ին, Լաս Վեկասի T-Mobile Arena-ի մէջ:
Հայկական ճատրակի կրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեան կրկին աշխարհի տասն լաւագոյն ճատրակ խաղացողներու շարքին մէջ դասուած է:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ՖԻՏԷ-ն հրապարակած է մայիս ամսուայ լաւագոյն հարիւր ճատրակ խաղացողներու ցուցակը, ուր Լեւոն Արոնեան տասներորդ դիրքը կը զբաղեցնէ:
Երեւանի մէջ նախընթաց օր ոգեւորութեամբ նշուեցաւ Համաշխարհային ճազի օրը։ Մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ արտակարգ ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ այս առթիւ։
Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ ԵԱՏՄ-է ներս ուժանիւթի միասնական շուկայի մը ստեղծուիլը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Թուային փորձագիտութիւնները կը մօտեցնեն մեր երկիրներու տնտեսութիւնները»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի մէջ ծնունդ առած «Կարապալա» խումբը կը շարունակէ իր յաջողութիւնները։ Խումբը, որուն բոլոր անդամները լիբանանահայ երիտասարդներ են, սկսած է տիրական ներկայութիւն դառնալ սփիւռքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ։
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Եթէ յարութիւնը չըլլար, այլապէս մահը մեզ ոչնչանալու պիտի դատապարտէր:
Ոչնչութիւնը վախցնող է, այն ցաւցնող աւարտ մըն է, որ ողբերգութիւն կը համարուի:
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Աշխատանքային օրուայ վերջաւորութեան՝ դեղագործ Սիփանը վհատած գոցեց դեղարանը ու խոկալով յառաջացաւ դէպի հանրաշարժներու կայան։ Քալած ատեն, մտքին մէջ վերլուծեց աշխատանքային օրը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սեղանիս վրայ Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչութենէն լոյս տեսած վերջին գիրքերէն՝ «Կավռօշ-Նամէ Երուանդ Թօլայեան» խորագրով գիրքը կայ: Հայագէտներ հայր եւ որդի՝ Հենրիկ եւ Արծուի Բախչինեաններու աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած այս հատորը Պոլսոյ մէջ, ապա՝ Ֆրանսա գործած, յետոյ Հայաստան հաստատուած խմբագիր եւ դերասան Երուանդ Թօլայեանի յուշագրութիւնն է, որ ան գրած է 1936-1937 թուականներուն եւ այսօր լոյս տեսնելով կը նկատուի Երուանդ Թօլայեանի կոթողային աշխատութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ նեղութիւններ անպակաս են, նեղութիւններ եւ դժուարութիւններ միշտ կը պատահին եւ պիտի պատահին. ասիկա կեանքին անխուսափելի մէկ իրողութիւնն է. օրէնք մը՝ որ ամէնուն հաւասարապէս ի զօրու է։
Անշուշտ երբ կ՚ըսենք «հաւասարապէս» ասիկա պէտք չէ հասկցուի՝ ամէնուն հաւասար չափով նեղութիւններ կրելու իմաստով, քանի որ նեղութիւններու աստիճանը կը փոխուի իւրաքանչիւր անհատի համար՝ քիչ կամ շատ, պատահական կամ տեւական։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Նախապէս գրած էի Պարութհանէ փողոցի զառիվերին վրայ իմ յաճախակի ժամադրավայրերէս մէկուն, տիգրանակերտցի Տիկին Մարիի ճաշարանին մասին։ Այս անգամ դարձեալ նոյն փողոցը պիտի տանիմ ձեզի, սակայն դէպի վար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անիկա նոյնինքն կեանքն էր, որ յայտնուեցաւ։ Մենք տեսանք եւ կը վկայենք, ձեզի պատմելով անոր մասին, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքի մասին, որ Հօրը հետ էր եւ այժմ մեզի յայտնուեցաւ… Եւ գիտենք՝ թէ Աստուծոյ Որդին եկաւ ու բացաւ մեր միտքերը, որպէսզի ճանչնանք ճշմարիտ Աստուածը։ Մենք միացած ենք ճշմարիտ Աստուծոյ եւ անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի։
Կրօնական ժողովի ատենապետը երէկուան այցէն վերջ յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան. «Ընտրութեան գործընթացը պիտի սկսի պետութեան պատասխանին հիմքով»: