Արխիւ
Հանրապետութեան նա-խագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալէ Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասը։ Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս կը տեսակցին Էրտողան եւ Ցիփրաս, որոնք կը քննարկեն Անգարա-Աթէնք օրակարգի առաջնահերթ խնդիրները։
Սիրքէճիի պատմական Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքին վերաբերեալ իրերամերժ մեկնաբանութիւններ դատական մարմիններէն:
Վճռաբեկ ատեանը այս անգամ բացասական որոշում մը տուաւ Պատրիարքարանի գործին շուրջ: Ալի Էլպէյօղլու կը պատրաստուի դիմում կատարել Սահմանադրական ատեանի մօտ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան հարցին տեսակէտէ երէկուան դրութեամբ ստեղծուեցաւ նոր իրավիճակ մը։ Անգարայի մէջ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի մօտ տեղի ունեցած երէկուան հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ առաւօտ նախարար Չավուշօղլու հիւրընկալեց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանը, որոնց հետ էր նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուելսի նահանգային խորհրդարանէն ներս բարձր մակարդակով արարողակարգ:
Նահանգապետ Կլատիս Պերեճիկլեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը:
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան, 4 փետրուար 2019, երկուշաբթի, այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Նորին Սրբազնութիւնը, որուն կ՚ընկերանար Մայր Աթոռոյ միաբաններէն Գերպտ. Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, սոյն այցելութիւնը կը կատարէր յանուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ նախապէս առնուած ժամադրութեան մը համաձայն ժամը՝ 11.00-ին, ընդունուեցաւ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակը կոչուած է կատարելութեան, այս պատճառով բնական է որ ան ձգտի միշտ կատարեալին, լաւագոյնին։ Բայց երբ մարդ կ՚ուզէ լաւագոյնը ընել, յաճախ կրնայ լաւն իսկ չընել, քանի որ լաւագոյնը թշնամի է լաւին։
Աշխատասիրեց՝
ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ԻՆՉՊԷՍ որ աշխարհային բաները փնտռելու, գործածելու եւ վայելելու համար կարեւոր է զգաստութիւնը, նոյնպէս կարեւոր է նեղութեան մէջ: Թէ՛ բախտաւորութեան եւ թէ դժբախտութեան մէջ մարդ պարտաւոր է հաւասար հոգի կրել եւ երբեք բանականութեան եւ արդարութեան սահմանը չանցնիլ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընդամէնը ամիսներ առաջ Երեւանի մէջ լոյս տեսած այս հատորը կը նուիրուի 2015 թուականին կեանքէն հեռացած ֆրանսահայ գրող, մամուլի նուիրեալ Արփիկ Միսաքեանին, որ դուստրն է «Յառաջ»ի հիմնադիր Շաւարշ Միսաքեանի եւ հօր մահէն յետոյ ստանձնած է թերթի խմբագրի պաշտօնը, մինչեւ «Յառաջ»ի փակուիլը՝ 2009 թուականը: Ֆրանսայի մէջ 1925-2009 թուականներու միջեւ լոյս տեսած «Յառաջ» թերթը սփիւռքի կարեւորագոյն թերթերէն մին էր, որու թիւերը այսօր պատմական նշանակութիւն ունին հայ մամուլն ու սփիւռքը ուսումնասիրողներուն համար:
Երեւանն ու Իլ տը Ֆրանսը հանդէս կու գան մշակութային համատեղ նախաձեռնութիւններով։ Այսպէս, Երեւանն ու Իլ տը Ֆրանսը կ՚ընդլայնեն միջմշակութային կապերը ու կը մշակեն համագործակցութեան նոր ծրագրեր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Որ ո՛չ կորուսանել զմարդկան ոգիս այլ կեցուցանել»։ (Գրիգոր Նարեկացի-Նարեկ, Բան ԽԱ)։
«Դուն որ եկար ո՛չ թէ կորսնցնելու՝ այլ ապրեցնելու մարդոց հոգիները»։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի այսպէս կ՚աղօթէ երբ ներում կը խնդրէ Յիսուս Քրիստոսէ։
ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
17 նոյեմբեր 2018-էն սկսեալ բողոքի զանգուածային ցոյցեր սկսան Ֆրանսայի մէջ՝ ընդդէմ նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի յայտարարած՝ վառելանիւթի գիներու բարձրացումի որոշումին:
Ցոյցերուն կազմակերպումը ստանձնած է, այսպէս կոչուած, «Դեղին բաճկոններ»ու շարժումը:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ամերիկացիք կէս շունչ մը քաշեցին անցեալ շաբաթավերջին, երբ նախագահ Թրամփ համաձայնեցաւ «վերաբանալ կառավարութիւնը»՝ սպասելով, որ յառաջիկայ երեք շաբաթներուն կարելի ըլլայ լիարժէք համաձայնութիւն մը գոյացնել շոգեկառքը բնական ընթացքի մէջ դնելու համար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանեան լուրերուն հետեւողներուս համար յառաջիկայ օրերը պիտի ըլլան ոչ-սովորական։ Այն իմաստով, որ ամբողջ ինն ամիս լրատուական ծառայութիւններուն համար թիւ մէկ նիւթը հանդիսացող կառավարութեան կազմութեան տագնապը կը հասնէր իր աւարտին։
Փետրուարի 1-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հովուապետական այցով ժամանեց Աւստրալիայի եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան խնդիրը այսօր դարձեալ գետի նման կը վարարի համայնքի օրակարգին վրայ։ Ուշադրութեան սլաքը ուղղուած է դէպի Անգարա։ Վերջին 11 տարիներու իրադարձութիւններու ամբողջին մէջ, միանշանակօրէն, կ՚առանձնանայ այսօրուան ժամադրութիւնը։
Անգարայի ղեկավարութիւնը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը շփման մէջ կ՚անցնին՝ պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան 11 տարուան վաղեմութեամբ հարցին շուրջ: Երկխօսութեան գետին:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս առաւօտ հիւրընկալեց Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանն ու Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեանը, որոնք իր հետ կը տեսակցին՝ որպէս Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի ներկայացուցիչները: Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Խորագիրը ձեր միտքը թող չպղտորէ: Այս մէկը ո՛չ Թումանեանի հեքիաթներէն մէկն է եւ ո՛չ ալ հայերէնի դասագիրքէ փրցուած էջ մը: Միտքս պարզեմ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին տարիներուն բազմաթիւ ամպիոններէ լսելի դարձաւ այն, որ սփիւռքահայ երիտասարդներու Հայաստան գալ-ապրելու երեւոյթը սկսած է նոր թափ ստանալ։ Եթէ հաշուի առնենք յատկապէս Միջին Արեւելեքի հայագաղութները, ապա յստակօրէն պիտի նշմարենք, որ այդ գաղութներուն մէջ միայն ապահովական կամ Մերձաւոր Արեւելքէն «հեռանալու» գաղափարը չէ, որ կը մղէ մեր երիտասարդները Հայաստան տեղափոխուիլ։
Toplumsal Tarih ամսագիրը, որ լոյս կը տեսնէ Պատմութեան հիմնարկի (Tarih Vakfı) հովանիին ներքեւ, արդէն թողարկած է իր 302-րդ թիւը։ Սա բացառիկ համար մըն է, որ կը բովանդակէ «Աշխարհամարտ, զինադադար եւ բռնագրաւում» խորագրեալ թղթածրար մը
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ լրագրող-բանաստեղծուհի Վերճիհան Զիֆլիօղլու հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Beni Unutma Rusyam»։ Այս գիրքը շուրջ եօթ տարուան ընթացքին հեղինակին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ պատրաստուած է։