Արխիւ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհիներէն Արմաւենի Միրօղլուն եւ Մարալ Էպէօղլու-Սաթարը, ինչպէս նաեւ աշակերտներէն Աննա Իվանեանն ու Շանթ Շիմշէքչաքը։ Ինչպէս արդէն ծանուցուած է, Էսաեանի ընտանիքը յառաջիկայ օրերուն պիտի ոգեկոչէ հայ գրականութեան հսկաներէն Վահան Թէքէեանը։
Երէկ երեկոյեան Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, Գատըգիւղի ընտանիքը բիւր յարգանքով եւ արդէն կարօտով ոգեկոչեց թաղի ամենահամակրելի վարչային դէմքերէն բարեյիշատակ Յակոբ Արապեանը, որու մօտաւոր անցեալին կորուստը խոր ցաւ ստեղծած էր։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն ներս վերջերս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ 63-րդ հիմնադրութեան տարեդարձը։ Այս առթիւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ «Ստեփան Փիլիպպոսեան» աշակերտական կեդրոնի երդիքին տակ։
Հայաստանի Լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Կիւրճինեանի յայտարարութիւնները:
Բառարանները վաղուց չեն թարմացուած, եզրոյթարան մը պէտք է պատրաստուի:
Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վարշավիոյ պատմական աքտերու կեդրոնական արխիւի տնօրէն Վայս Հուպերթը։
Փարիզի Հայ մշակոյթի տան «Տեմիրեան» սրահի երդիքին տակ յայտնի պատմաբանը հանդէս եկաւ ելոյթով:
Յաջորդ շաբթուան սկիզբին լոյս պիտի տեսնէ Քլոտ Արմէն Մութաֆեանի վերջին գործին երկրորդ հրատարակութիւնը:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայկական համացանցային համալսարանի միջեւ վերջերս ստորագրուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր մը։ Այսպէսով պաշտօնապէս հաստատուեցաւ նախարարութեան եւ այս համալսարանին միջեւ ձեւաւորուած երկարատեւ համագործակցութիւնը, որ միտուած է սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման։
Հայաստանի Հանրապետութեան Վճռաբեկ ատեանը բեկանեց երկրի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի բանտարկութիւնը ջնջող՝ նախապէս կայացուած դատավճիռը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այդ դատավճիռը վերաքննութեան համար Վճռաբեկ ատեանին կողմէ վերադարձուած է Վերաքննիչ դատարան։
Սուրիոյ գծով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի յայտարարեց, որ ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը) քանի մը ամսուան ընթացքին պիտի սպառի։ Ճէյմս Ճեֆրի նշեց, որ ամերիկացի զինուորները Սուրիոյ մէջ մնալ պիտի շարունակեն՝ մինչեւ որ ԻՇԻՊ-ի վերջին դիրքերը ձեռք անցընեն։
Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան «Մերկերեան» գորգի թանգարանին մէջ ընթրեց Հարվըրտի համալսարանի հայ շրջանաւարտներուն հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը կը ձգտի յառաջիկային ապահովել պետական կառավարման համակարգի արդիականացումն ու զարգացումը:
Երէկ երեկոյեան Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Եշիլգիւղի սանուց միութեան թատերախումբի ներկայացումը։ Այս տարի թատերախումբը կը ներկայացնէ «Rumuz; Deli Fişek» անուն խաղը, որու հեղինակն է Օքթայ Արայըճը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յառաջիկայ շաբթուան մէջ պիտի մեկնի Լոս Անճելըս։ Այս այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Գիտե՞ս, երեք տարի է լեռ չեմ տեսած, հզօրութիւնը կը զգամ լեռներուն. որքան մօտ են, որքան անառիկ, հարազա՜տ...:
Ինքնաշարժը կը սուրայ ճեղքելով երբեմն հարթ ուղիներ, երբեմն անմատչելի լեռնանցքներ, կ՚անցնի երբեմն գիւղերուն կողքէն...:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ միջնադարեան աստուածաբանական եւ իմաստասիրական մտքի սիւներէն մէկն է Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին։ Անոր հոգեւոր ժառանգութիւնը դարակազմիկ նշանակութիւն ունեցած է հայ աստուածաբանական եւ իմաստասիրական մտքի պատմութեան մէջ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Եւ թոյլ մի՛ տար, որ փորձութեան մէջ իյնանք. այլ մեզ չարէն ազատէ՛»:
Այժմ տեսնենք, թէ Եկեղեցւոյ հայրերը ի՛նչ կերպով բացատրած են այս խնդրանքը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհի վրայ կա՞յ արդեօք հաշիւի մեքենայ մը, եւ կամ կարելի՞ է հնարել համակարգիչ մը՝ որ ծրագրուած ըլլայ հաշուելու կեանքին զուարթ եւ տրտմալից օրերը։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս յառաջիկայ շրջաններուն այդ ալ կ՚իրականանայ եւ մարդիկ համակարգիչին դէմը՝ կը հաշուեն իրենց կեանքին ժպտուն եւ դժնդակ, դառն երեսները, թէ ո՞ր մէկը աւելի է…։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ Լեհաստանի Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ «Հիլթըն» պանդոկին մէջ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց Խորհրդակցական մարմնի ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ:
Թրքահայ բոլոր վարժարաններու աշակերտները կը համարուին մեր հարազատ տղաքը, ուստի հաւաքական հնարաւորութիւններէն բոլորը պէտք է օգտուին հաւասար ձեւով:
«Արմինիա ֆանտ Եու.Էս.Էյ.»ի (Armenia Fund USA) 2018-ի բժշկական առաքելութիւնը, որ տեղի ունեցաւ սեպտեմբերի 22-26 թուականներուն միջեւ, Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ գտնուող Նոյեմբերեանի հիւանդանոցին մէջ, իսկ սեպտեմբեր 27-էն հոկտեմբեր 5-ի ընթացքին՝ Ստեփանակերտի մէջ միասնաբար իրագործուեցաւ «Արմինիա ֆանտ Եու.Էս.Էյ.»ի եւ «Էտվենթիսթ հելթ»ի կողմէ:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան ներկայիս աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի խումբ մը անդամներուն հետ։ Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Ֆրանսայի եւ Արցախի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ զանազան հարցեր։