Արխիւ

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Օ­րեր ա­ռաջ, Ե­րե­ւա­նի The Loft սրճա­րա­նին մէջ, հա­ւաքուած էին բազ­մա­թիւ մար­դիկ: Ա­նոնք ե­կած էին գրկե­լու Լէյ­լա մեծ մայ­րի­կը… 
Խումբ մը ե­րի­տա­սարդ­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած այս ձեռ­նար­կը խո­րագ­րուած էր « Կ­­՚ու­զեմ ա­մուր գրկել Լէյ­լա մեծ մայ­րի­կը»:

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018

ՏՔԹ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Ժամանակակից սփիւռքահայ գրող Վահրամ Մավեան լուրջ խորհրդածութիւններու տեղի տուող ակնարկ-պատմուածք մը ունի, զոր տարիներով որպէս հայերէնի դաս անցած եմ Կիպրոսի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Մելգոնեան կրթական հաստատութեան եւ Գալիֆորնիոյ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի միջին եւ բարձրագոյն դասարաններու մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Քիչ մը դժուար է ըսել,  թէ քաղաքական ասպարէզ մտնելու համար անձի մը ո՛ր յատկանիշները կարեւոր են: Արժէքներու անկումի այս ժամանակաշրջանին բազմաթիւ են անոնք, որոնք տարաբնոյթ պատճառներով քաղաքական ասպարէզ կը նետուին, անշուշտ՝ մեծ խոստումներով:

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ամէն անհատ, իւրաքանչիւր մարդ զօրութիւն մըն է՛, ուժ մը, սակայն երբ այդ անհատական ուժերը միանան եւ դառնան հասարակաց ուժ, ահաւասիկ, այդ կը վերածուի «գերմարդկային ուժ»ի մը։ Եւ քանի որ մարդուս ամենամեծ զօրութիւնն է իր բանականութիւնը, մտածելու, որոշելու կարողութիւնը, ապա ուրեմն երբ միանան իւրաքանչիւր անհատի միտքը, մտածողութիւնը եւ կարծիքը, եւ անոնք վերածուին «հասարակաց կարծիք»ի, այդ կ՚ըլլայ գերմարդկային զօրութի՛ւն մը։

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018

Լիբանանի մէջ Մայիս 5-ին տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Վերջին անգամ ինն տարի առաջ խորհրդարանական ընտրութիւն տեղի ունեցած էր երկրին մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018

Մոսկուայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի երդման արարողութիւնը՝ պաշտօնավարութեան նոր ժամկէտի սկիզբին առթիւ։ Քրեմլինի պալատէն ներս շուրջ 7 հազար հոգիի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու ընթացքին ռուս ղեկավարը կատարեց իր երդումը։

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան զինուորական արարողութիւնով դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը, որու հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը։

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018

Զափիոն վարժարանէն ներս բացուեցաւ՝ փոքրամասնութիւններու տեսակէտէ կարեւոր ցուցահանդէս մը:
Անցեալէն դէպի ներկայ՝ իրենց ասպարէզին մէջ աննախընթաց յաջողութեան հասած իգական սեռի ներկայացուցիչները:

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018

Հայաստանի Ազգային ժողովը այսօր դարձեալ արտահերթ նիստ մը կը գումարէ՝ յեղափոխութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ ընտրելու համար երկրի վարչապետը։ Շաբաթ մը առաջ խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը հաւանութիւն չէր տուած յեղափոխութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ ընտրուելուն։

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018

Հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ խաւիծի օրուան մասնակից շրջանաւարտներուն:
Մխիթարեան վարժարանի յարակից Բանկալթիի ընդարձակ շինարարութիւնը կը շարունակուի հարթ ձեւով եւ աւարտին պիտի հասնի յաջորդ տարուան Մարտին:

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018

​Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Պիւլուքեան» հիմնադրամի (Ֆրանսա) անդամները։ Հիւրերու խումբը գլխաւորեց հիմնադրամի նախագահ Ժան-Փիէռ Քլավրա։

Երկուշաբթի, Մայիս 7, 2018

«Մխիթարը եւ մխիթարեանները. Քրիստոնէական լուսաւորութեան դպրանոցը» միջազգային հաւաքոյթ:
Մայր Աթոռէն Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան եւ Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան հանդէս եկան զեկուցումներով:

Երկուշաբթի, Մայիս 7, 2018

Թաքսիմ մարզակումբի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ շահեկան համերգ մը։ Շիշլիի քաղաքապետարանի առընթեր գործող Շիշլիի քաղաքային խորհուրդի հետ համագործակցութեամբ կազմակերպուած էր այս համերգը։

Երկուշաբթի, Մայիս 7, 2018

Պէզճեան Մայր վարժարանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ միջվարժարանային գիտական փառատօն մը, որ 14-րդն է իր տեսակին մէջ։ Մեր համայնքային միջնակարգերէն աշակերտական խումբեր այս գիտական փառատօնին մասնակցութիւն բերին՝ զանազան ծրագրերով։

Երկուշաբթի, Մայիս 7, 2018

Սամաթիոյ ընտանիքը խանդավառ շաբաթավերջ մը ապրեցաւ՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի երէկուան շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։ Այս առթիւ զանազան սերունդներէ սահակեանցիներ համախմբուելով առիթ հանդիսացան՝ տօնական մթնոլորտի մը ստեղծուելուն։

Երկուշաբթի, Մայիս 7, 2018

Մխիթարեան վարժարանին մէջ երէկ խանդավառ օր մը ապրուեցաւ՝ շրջանաւարտներու տարեկան հաւաքին առթիւ։ Աւանդական խաւիծի օրը առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի այս տարի եւս զանազան սերունդներէ մխիթարեանցիներ համախմբուին իրենց դպրոցի երդիքին տակ։

Երկուշաբթի, Մայիս 7, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան վաղը երեկոյեան ելոյթ մը պիտի ունենայ Ֆէրիգիւղի մէջ։ Նորին սրբազնութիւնը մեր համայնքի անդամներու հարցումներուն պիտի պատասխանէ՝ թրքահայ կեանքի զանազան նիւթերուն շուրջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 7, 2018

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, լոյս ընծայեց «Արարատ» ամսագրի ժառանգութիւնը ընդգրկող քարոզգիրքի երկրորդ հատորը։ Այս վերջինը նուիրուած է «Արարատ»ի հրատարակութեան 150-ամեայ յոբելեանին։

Երկուշաբթի, Մայիս 7, 2018

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը իբրեւ հոգեւոր դարբնոց, մարդակերտումի եւ հոգեկերտումի բնօրրան, երկար տարիներ շարունակ թրծած է անհամար սերունդներ, որոնք ծառայած են մեր ազգին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ։

Երկուշաբթի, Մայիս 7, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքի մէջ կան «երրորդութիւն»ներ, որոնք կեանքին մակարդակը կը բարձրացնեն եւ մարդս կ՚առաջնորդեն կատարելութեան, որուն կոչուած է իր արարչութենէն իսկ։

Էջեր