Արխիւ
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ նշուեցաւ տեղւոյն Ներսէսեան դպրաց դասու տարեդարձը։ Այս դպրաց դասու հիմնադրութեան 160-րդ եւ վերակազմութեան 35-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի սիւնակագիրներէն Ֆաթիհ Չեքիրկէ այսօր իր սիւնակին մէջ դրուատիքով արտայայտուած է մեր ծանօթ ազգայիններէն Ճեզօ Թաշի մասին։ Յօդուածագիրը այսօրուան իր գրութեան մէջ կեդրոնացած է Պիթլիսի վրայ, որու Ահլաթ գաւառակէն ներս ներկայիս պատմական դամբարան մը կը վերանորոգրուի՝ պեղումներու զուգահեռ։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ամերիկեան «Սփէյս էքս» եւ «Թեսլա» արհեստագիտական ընկերութիւններու համահիմնադիր եւ ղեկավար Իլոն Մասք «Թուիթըր»ի իր էջին մէջ գրած է, որ մարդիկ պէտք է աւելի շատ մտահոգուին արհեստական բանականութենէն, քան՝ Հիւսիսային Քորէայի հետ լարուածութեան աճի վտանգէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քաղաքական բաւական ձանձրացուցիչ ամառ մը բոլորելէ ետք այսօր պարզ կը դառնայ, որ գործող քաղաքական ուժերը (խօսքը յատկապէս ընդդիմադիր դաշտին մասին է) կը փորձեն իրենց «թեւերը սոթտել» եւ պատրաստուիլ նոր փուլի: Հայաստանի մէջ գրեթէ «աւանդութիւն» սկսած է դառնալ, որ իւրաքանչիւր տարուան աշնանամուտին հայաստանցի ժողովուրդը ապրի «թէժ աշուն» մը ունենալու յոյսերով:
Մոսկուայի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմանի հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան պետ, Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ հանդիպում մը ունեցան Ռուսաց Քիրիլ Ա. Պատրիարքի միջնորդութեամբ։
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլի արձանագրած վերելքը կը շարունակէ արձագանգ գտնել զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Վերջին օրերուն «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի երաժշտական քննադատ Նայիմ Տիլմէնէր դրուատիքով արտայայտուեցաւ Սիպիլի մասին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանրապէս իրենք զիրենք յառաջադէմ եւ լուսամիտ կարծողներ, չեն ախորժիր, «հին»էն՝ հինի մասին խօսուելէն, եւ կը ձգտին միշտ «նոր»ին, եւ աւելի ճիշդ կ՚ըլլայ ըսել՝ մի՛շտ այդպէ՛ս երեւիլ կ՚ուզեն։
Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական հրթիռներու փորձարկումները կը շարունակեն խորապէս մտահոգութիւն պատճառել միջազգային հանրութեան։ Այս մթնոլորտին մէջ շաբաթավերջին ՆԱԹՕ-ի կողմէ կատարուեցաւ ուշագրաւ յայտարարութիւն մը։ Այսպէս դաշինքի մօտեցումը այն է, որ համաշխարհային մակարդակով պատասխան մը պէտք է տրուի Հիւսիսային Քորէային։
Այսօր մենք՝ ատրպէյճանցի եւ հայ ժողովուրդներու հոգեւոր առաջնորդներս, կրկին հանդիպեցանք Մոսկուայի մէջ, Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքի հրաւէրով քննարկելու ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղիները, առանց որոնց հնարաւոր չէ հասնիլ Կովկասէ ներս հաշտութեան եւ անվտանգութեան։
Ռուսաց պատրիարքին միջնորդութեամբ տեսակցեցան Վեհ. Հայրապետը եւ Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Մեր տարածքաշրջանէն ներս այլընտրանք չունի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը՝ բացառապէս բանակցութիւններու միջոցաւ։ Այլընտրանք չունի նաեւ Արցախի մեր հաւատաւոր ժողովուրդի ազատ ու անկախ կեանքը։ Իւրաքանչիւր փամփուշտ, որ կ՚արձակուի Աստուծոյ արարածի դէմ, նաեւ Աստուծոյ դէմ է»:
ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Աշխարհը կ՚եռեւեփի։
Չկայ ցամաքամաս մը, տարածաշրջան մը, ուր անապահովութիւնն եւ անհանդարտութիւնը տիրապետող գործօններ չըլլան, առաւել կամ նուազ չափերով ու տարողութիւններով։
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Անծայրածիր թուացող հնձուած եւ հերկուող արտերը գծուած երկրաչափական բերրիութեան պատկերներ են մինչեւ հորիզոն, արեւուն հետ խաղ ընող ամպերու յաջորդական ստուերներով զանոնք փոփոխող:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միջինարեւելեան դէպքերուն հետեւող վերլուծաբաններուն համար Իսրայէլ-Լիբանան սահմանային գօտին կը համարուի «մարած հրաբուխ»ի նմանող գործօն մը, որ կրնայ որեւէ պահու բռնկիլ եւ տուն տալ նոր պատերազմի մը:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Հանգրուանէ այլ հանգրուան անցնելու ընթացքին միշտ պարտաւոր ես կա՛մ որոշում կայացնելու, կա՛մ նոր կեանքի մը սկսելու առաջադրանքով՝ տարբեր քայլեր որոնելու ու կեանքդ այլտեղ շարունակելու, եւ կամ «ձեռքերդ լուալ»ով ու հնամաշ զգեստներդ հանելով՝ ձգել միջավայրդ, անշուշտ չմոռնալով նախքան ուղեւորուիլդ «կօշիկիդ փոշին թօթուել», որպէսզի այդ ալ հաշիւ չընեն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թէեւ հաճելի չէ՛ խօսիլ մահուան մասին, բայց քանի որ կեանքի ամենէն ճշմարիտ, ամենէն ստոյգ եւ անխուսափելի իրողութիւնն է ան, եւ տպաւորուած կը մնայ միշտ մարդկային գիտակցութեան մէջ, որքան ալ ան հեռու պահել փորձուի, մոռացութեան մատնելու աշխատուի, մի՛շտ կայ կեանքին որպէս անկորնչելի երեւոյթ մա՛հը։
ADAMI մրցանակաբաշխութիւնը գիտաժողով մը պիտի կազմակերպէ Երեւանի մէջ:
Սէյրանեան. «Սա բացառիկ հնարաւորութիւն է արհեստավարժ մարդոց հետ աշխատելու համար»:
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն բացուեցաւ Լազարեաններու յայտնի տոհմին ձօնուած ցուցահանդէս մը։ Մատենադարանի երդիքին տակ տեղի կ՚ունենայ այս ձեռնարկը։
Հրանոյշ Յակոբեան մամլոյ ասուլիս մը սարքելով մեկնաբանեց ապագայ Համահայկական խորհուրդի բնոյթը:
Նախարարը Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին ընդառաջ զրուցեց զանգուծային լրատուական միջոցներու հետ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Էսթոնիա։
ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ
Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին ուսումնասիրուելիք գլխաւոր նիւթերն են «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն»: