Արխիւ
Ներքին գործոց նախարարութեան ուղղեալ աղերսագիրը յղուեցաւ Իսթանպուլի կուսակալութեան:
Պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը զեկոյց մը հրապարակելով տեղեակ պահեց հանրային կարծիքը:
Հայ բժիշկներու համաշխարհային վերջին համագումարի լոյսին տակ ուրուագծուած հեռանկարները:
Տքթ. Վարդան Թաշճեան. «Նոր գիտելիքներու լոյսին տակ քննարկումներ՝ մարդկութեան օգտակար դառնալու նպատակով»:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր ընդունուեցան Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Փաթրաս տանող ճանապարհներէն կը նշմարուի Յունաստանի ամենէն նշանաւոր կամուրջներէն մին, որ նաեւ տեղ գտած է 21-րդ դարուն կառուցուած եօթ նշանաւոր կամուրջներու ցանկին մէջ: Հայ է անոր ճարտարապետը: Այս մասին կը յայտնեմ կամուրջին շատ մօտ գտնուող Ռիօ պանդոկի (ուր իջեւանած ենք) աշխատակազմին, կը զարմանան, միթէ՞ մեր նշանաւոր այս կամուրջին ճարտարապետը ձեր հայրենակիցն է:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Բարեկամուհիներով համախմբուած կը զրուցեն Աստղիկենց տան մէջ: Տարիներու մտերմութիւնը զիրենք հաւաքած է այս անգամ Երեւանի մէջ: Զուարթախոհ ու հումորով լի յուշեր կը թեւածեն, որոնք կը քաղցրանան ժպիտներով ու քահքահներով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ, թէ՝ պէ՛տք է մարդ հաւատայ հասնկալու համար, եւ պէ՛տք է հասկնայ հաւատալու համար։ Արդարեւ, յաճախ խորհրդածութեան առարկայ է եղած սա, թէ՝ հաւատքի եւ գիտութեան միջեւ հակասութիւն մը գոյութին ունի՞, թէ ո՛չ։
ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Սեղանիս վրայ է իմ թանկագին բարեկամ Ռոմէն Կոզմոյեանի «Իմ կեանքի հաւատամքը» անուն գիրքը, որուն արտաքին տեսքը առաջին իսկ րոպէէն ընթերցողին վրայ կը ձգէ դարերէն հասած մագաղաթի տպաւորութիւն, իսկ հազիւ բանաս ու կը սկսիս ընթերցել զայն, կը թաղուիս մտածումներու խորը, որովհետեւ քեզ կ՚առինքնէ գիրքին բովանդակութիւնը իր բազմատեսականիութեամբ, եւ որ իր մէջ ունի տասնամեակներէն հասած, ապրուած եւ կեանքէն փրցուած քաղցր ու ցաւոտ յիշողութիւններ, ուր շատ մը էջերու մէջ դէմքեր ու դէպքեր արդէն կը պատկանին «անցեալ կատարեալ»ին:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Խիղճը դիւթիչ եւ հնչեղ ձայն մը ունի, որուն քաղցրութիւնը ամէն մարդ կրնայ վայելել եւ իր կեանքին մնայուն ու հաւատարիմ ընկերը դարձնել։ Այդ ձայնը մարմնական ականջով չես կրնար լսել, այլ միայն հոգեւոր ականջով, եթէ ականջ ունիս այդ աստուածաստեղծ ձայնը լսելու եւ անոր շնորհիւ կեանքդ կերպարանափոխելու ու բարօր դարձնելու։
Երէկ երեկոյեան, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունեց իսթանպուլահայ դպրաց դաս-երգչախումբերու ներկայացուցիչները։ Հանդիպման ներկայ էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ ժողովական հայրերէն Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Համացանցի «Նայիրի» կայքէջի թուայնացեալ բառարաններու պատրաստութեան անփոխարինելի գործը:
Սէրուժ Ուրիշեան. «Ներկայիս մշակած ենք ծրագրեր՝ ուղղագրիչները հանրամատչելի ու անվճար դարձնելու համար»:
Գերմանիա կը քննադատէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ որդեգրուած քաղաքականութիւնը:
Կապրիէլ մտահոգ Թրամփի անըմբռնելի մարտաշունչ հռետորաբանութեան մասին՝ Հիւսիսային Քորէայի հարցին շուրջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մշակոյթ»՝ տառացիօրէն կը նշանակէ՝ զարգացում, կիրթ մտքի եւ սրտի ստեղծագործած քաղաքակրթութիւն։
Արդարեւ, մշակոյթը, իր ամենալայն առումով, կը նշանակէ՝ ժողովուրդի մը մտային եւ զգայական արժէքներուն ամբողջութիւնը, ուրիշ խօսքով մտային եւ հոգեկան ընդհանուր կալուածը՝ հարստութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուսի Այլակերպութիւնը կամ Պայծառակերպութիւնը, որուն յիշատակը կը տօնուի որպէս հինգ տաղաւար տօներէն երրորդը, Իր Աստուածային Բնութեան հաւաստո՛ւմն է։ Լերան վրայ պայծառակերպուեցաւ, եւ աշակերտները՝ Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս իրենց հասկացողութեան եւ կարողութեան չափով հիացմամբ դիտեցին Յիսուսի փառքը՝ Քրիստոս Աստուծո՛յ փառքը, որպէսզի երբ օր մը զԻնք խաչուած տեսնեն, հասկնան թէ Իր չարչարանքները կամաւոր էին եւ աշխարհին աւետեն, թէ Ան Հօր Աստուծոյ իսկական ճառագայթո՛ւմն է։ Եւ տեսնեն, թէ՝ Աստուած «լո՛յս» է։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանէն դէպի Յունաստան զբօսաշրջային ծրարներ առաջարկող երեւանեան բազում ընկերութիւններէն մէկուն գրասենեակն ենք: Տոմսակներ, հիւրանոցներ եւ պտոյտներ առաջարկելուն զուգահեռ, գրասենեակի աշխատակցուհին կը հարցնէ. «Իսկ մուշտակի թուրեր կ՚ուզէ՞ք»
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ երկու արժէքաւոր ակադեմականներ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Վարագ Գեթսեմանեան եւ Հրակ Աւետանեան։
Տիրամայր Մարի Մութաֆեանի դէմ Գումգաբուի մէջ որդեգրուած դիրքորոշումը տեղի տուաւ աղմուկի մը:
Պատրիարքարանը կը հերքէ մամլոյ հրապարակումները, իսկ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան՝ Պատրիարքարանը:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Հաւատարմութիւնը անտարակոյս առաջին պայմանն է գործակցութեան, ուստի՝ փնտռուած առաքինութիւն՝ ամէնուր, մանաւանդ խմբակցութիւններու, որոնց մէն մի անդամը պէտք է հաւատարիմ ըլլայ ու մնայ հաւատոյ հանգանակի մը ու առ այդ մղուի նպատակին:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Երեւի հայ «ըլլալու» եւ «մնալու» հրամայականը քիչ մը ամէն տեղ ինքզինք զգալի կը դարձնէ աշխարհի ամբողջ տարածքին: Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքը բացառութիւն պիտի չկազմէ: Եթէ քաղաքին գեղեցկութիւնը կը զգլխէ ու կ՚անցնի ամէն երեւակայութիւն, կը սքանչանաս եւ երեւի քիչ մըն ալ կը «նախանձիս» այն բոլորին, որոնք կ՚ապրին այդ գեղեցկութեան մէջ, բայց այդ քաղաքին մէջ առկայ է նաեւ հայկական գեղեցկութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան կը գտնուէր ամերիկահայ յայտնի երգչուհի Թալին: Ան մանկական երգերու մեկնաբան է ու հանդէս եկած է տասնեակ համերգներով: Թալին իր երգերը վերածած է «վիտէօ քլիփ»ներու եւ այդ երգերուն շնորհիւ այսօր կը հանդիսանայ մանկական երգերու ամենայայտնի մեկնաբաններէն մին:
Պրիւքսելի «Կրան փլաս» հրապարակին մէջ, փռուած է հարիւր հազարաւոր կենդանի ծաղիկներէն հիւսուած գորգ մը: Երկու տարին անգամ մը Եւրոպայի ամենագեղեցիկ հրապարակներէն մէկը զարդարելու աւանդութիւնը յղացած է 1971 թուականին: