Արխիւ

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

Պատ­րաս­տեց՝ ՊԵՐՃ ՄԱՍ­ԼԱՔ

Հա­յոց տօ­նե­րէն ա­մե­նէն ժո­ղովր­դա­կան եւ կրօ­նա-ազ­գա­յին բնոյթ ու­նե­ցո­ղը Վար­դա­նանց տօ­նը ըլ­լա­լով հան­դերձ, ու­շագ­րաւ եւ իւ­րա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող տօն մըն է նաեւ Սրբոց Ղե­ւոն­դեան­ցը, որ կը նշուի Վար­դա­նանց տօ­նը կան­խող Ե­րեք­շաբ­թին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Իգ­նա­տիոս Ան­տիո­քա­ցի կ՚ը­սէ, թէ՝ ե­րէց­նե­րը իբ­րեւ Աս­տու­ծոյ խոր­հուր­դին ան­դամ­նե­րը եւ իբ­րեւ ա­ռա­քեալ­նե­րուն հա­մա­խում­բը՝ ա­ռանց ա­նոնց կա­րե­լի չէ՛ Ե­կե­ղե­ցիի մը մա­սին խօ­սիլ։ Ուս­տի «ձեռ­նադ­րուած պաշ­տօ­նա­տար»ին ե­կե­ղե­ցա­կան ծա­ռա­յու­թեան մէ­ջէն՝ Քրիս­տոս Ի՛նքն է որ ներ­կայ է Իր Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ իբ­րեւ Գլուխ՝ Իր Մար­մի­նին, իբ­րեւ Հո­վիւ՝ Իր հօ­տին, Քա­հա­նա­յա­պետ՝ փրկչա­գործ զո­հին եւ Վար­դա­պետ՝ ճշմար­տու­թեան։ Այս ի­մաս­տով, քա­հա­նան կը գոր­ծէ յան­ձին Քրիս­տո­սի։

Երկուշաբթի, Փետրուար 20, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հի­նէն ի վեր կ՚ը­սուի, թէ՝ չգիտ­նա­լը ա­մօթ չէ, այլ՝ չսոր­վի՛­լը։
Մա­սամբ ճիշդ է այս մտա­ծու­մը, բայց ո՛չ բո­լո­րո­վին, քա­նի որ ան­գի­տու­թիւ­նը երբ միշտ պատ­ճա­ռա­բա­նուի, «չսոր­վե­ցնող» ա­մէն մարդ ամ­բաս­տա­նուած, մե­ղադ­րուած կ՚ըլ­լայ։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 20, 2017

Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ յատկանշական ձեռնարկ մը:
Թրքական արեւելեան երաժշտութեան ներդրում մը բերած հայ յօրինողներուն աւանդը վերարժեւորուեցաւ՝ հոծ թիւով երաժշտասէրներու մասնակցութեամբ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 20, 2017

Patrik Genel Vekili Sayın Başepiskopos Aram A­teş­yan’ın riyasetlerinde, Türkiye Ermenileri Pat­rikliği Ruhani Meclisi’nin 13 Şubat 2017 Pa­zartesi günü yapılan toplantısı sonrasında, ce­maatimiz yaşamında olağanüstü koşullar hasıl ol­muş; üzücü gelişmeler yaşanmıştır. Aceleci dav­ranmaktan kaçınmış olmakla birlikte, bugün var­dığımız noktada, Patrikhanemiz aşağıdaki hu­susları cemaatimizin tüm değerli üyelerinin ve kamuoyunun dikkatine sunmayı uygun görmüş­tür:

Երկուշաբթի, Փետրուար 20, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Բարձ­րաշ­նորհ Տ. Ա­րամ Ս. Ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թէ­շեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռոյս Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի 13 Փետ­րուար 2017, Եր­կու­շաբ­թիի նիս­տէն վերջ մեր հա­մայն­քի կեան­քէն ներս յա­ռա­ջա­ցած են ար­տա­սո­վոր պայ­ման­ներ ու տե­ղի ու­նե­ցած՝ ցա­ւա­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ։ Ա­ճա­պա­րան­քէ խու­սա­փե­լով հան­դերձ, ներ­կա­յիս Պատ­րիար­քա­րանս յար­մար դա­տած է մե­րազն հա­մայն­քի բո­լոր ան­դամ­նե­րուն ու հան­րա­յին կար­ծի­քի նկա­տառ­ման յանձ­նել հե­տե­ւեալ կէ­տե­րը.

Երկուշաբթի, Փետրուար 20, 2017

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին ենթակայ երեք սրբազանները այս օրերուն կ՚ուղեւորուին դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրին ընդառաջ:
Վերջին մէկ շաբթուան իրադարձութիւններուն լոյսին տակ Գումգաբուի կողմէ այսօր հրապարակուեցաւ պաշտօնական զեկոյց մը, որուն հաւասարակշռուած բովանդակութիւնը կարեւոր ազդանշաններ կու տայ յառաջիկայ իրադարձութիւններուն ու մանաւանդ նոր պատրիարքի մը ընտրութեան հեռանկարին շուրջ: Պատրիարքարանը ներկայ փուլը կը նկատէ բեկումնային ու միասնականութեան կոչով կը շեշտէ, որ իր բաշխած օրհնութիւններէն համահաւասար բաժին կը վիճակի մեր համայնքի անխտիր բոլոր զաւակներուն:

Երկուշաբթի, Փետրուար 20, 2017

ՊՕ­ՂՈՍ ՇԱՀ­ՄԵ­ԼԻ­ՔԵԱՆ

Բուն ա­նու­նով՝ Ռո­զի Յով­հան­նէ­սեան, հե­տա­գա­յին՝ Պետ­րո­սեան:
Հայ­րը նա­խի­ջե­ւան­ցի էր, իսկ մայ­րը՝ Ան­գա­րա­յի ծնունդ:

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017

Ա­պա­գայ բժիշկ­նե­րը շու­տով հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նան օգ­տուե­լու ե­լեկտ­րո­նա­յին բժշկա­կան գրա­դա­րա­նէն: Հա­յաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան հիմ­նադ­րա­մին եւ Մխի­թար Հե­րա­ցիի ա­նուան Պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նո­ղա­կան խոր­հուր­դին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ կը ստեղ­ծուի ե­լեկտ­րո­նա­յին բժշկա­կան գրա­դա­րան:

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017

Մաս­նա­գի­տա­կան կրթու­թեան Ո­րա­կի ա­պա­հով­ման ազ­գա­յին կեդ­րո­նը (ՈԱԱԿ) Փետրուար 20-24 թուա­կան­նե­րը կը յայ­տա­րա­րէ կրթու­թեան ո­րա­կի շա­բաթ:

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017

Հաղ­բա­տի մէջ մօտ ա­պա­գա­յին Սա­յաթ Նո­վա­յի թան­գա­րան պի­տի կա­ռու­ցուի: Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ու­նի ո­րոշ­ման նա­խա­գի­ծը։ Այդ մա­սին կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տէն ետք լրագ­րող­նե­րուն յայտ­նած է Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան:

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ, «Խնկօ Ա­պոր» ա­նուան ազ­գա­յին ման­կա­կան գրա­դա­րա­նը եւ Հա­յաս­տա­նի Հրա­տա­րա­կիչ­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը Փետ­րուար 17-21 թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ կը կազ­մա­կեր­պեն Ման­կա­պա­տա­նե­կան գիր­քի ե­րե­ւա­նեան 13-րդ ցու­ցա­հան­դէս-տօ­նա­վա­ճա­ռը:

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ նոր տեսակցութիւն:
Եդուարդ Նալպանտեան ղարաբաղեան հարցը քննարկեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017

Հուլուսի Աքար եւ Ճոզըֆ Տանֆորտ երէկ հանդիպում մը ունեցան Ինճիրլիքի ռազմախարիսխին մէջ:
Թուրքիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ համախոհ ձեւով կը պայքարին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ:

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ ե­րէկ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի յայտ­նի գոր­ծիչ­նե­րէն Մու­րատ Պե­պի­րօղ­լու։ Դժբախ­տա­բար ան վեր­ջին շրջա­նին կը տա­ռա­պէր ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թե­նէ եւ ե­րէկ Ա­մե­րի­կեան հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ ա­ւան­դած է իր հո­գին՝ խոր սու­գի մատ­նե­լով իր ըն­տա­նիքն ու բա­րե­կա­մա­կան շրջա­նակ­նե­րը։

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017

Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան ե­րէկ հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Այս շաբ­թուան սկիզ­բին հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս ծա­գած տագ­նա­պէն վերջ, նա­խըն­թաց օր հա­մե­րաշ­խու­թիւն վե­րա­հաս­տա­տուած էր իր եւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։ Մեր եր­կու սրբա­զան­նե­րը ներ­կա­յիս կը պատ­րաս­տուին ու­ղե­ւո­րուիլ դէ­պի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017

«Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կարեւոր է տարածքաշրջանի կայունացման համար»:
Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ մեկնաբանեց կողմերու երկխօսութեան ապագան:

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017

ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

Փետ­րո­ւար 15-ը հա­ղոր­դու­թեան օր է. ­Ռու­բէն Սե­ւա­կի (­Չի­լին­կի­րեան, 1885-1915) ծննդեան տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով՝ ա­նոր գրա­կան ան­մահ ժա­ռան­գու­թեամբ հա­ղոր­դո­ւե­լու օր է։

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ յա­ճախ կը խօ­սուի «ա­պաշ­խա­րու­թեան» մա­սին, այ­սինքն՝ «զղջում»ի մա­սին, ա­սի­կա բնա­կան­բար պէ՛տք է որ գործ­նա­կա­նի, կեան­քի վե­րա­ծուի։ Ար­դա­րեւ, այն ա­մէն խոր­հուրդ, ա­մէն խօսք ար­ժէ՛ք կը ստա­նայ, երբ գոր­ծի՝ գործ­նա­կա­նի վե­րա­ծուի եւ կեան­քի ընդ­հա­նուր ըն­թաց­քին մաս կազ­մէ։ Եւ ա­պաշ­խա­րու­թիւնն ալ այս կա­րե­ւոր ար­ժէք­նե­րէն է, որ գոր­ծի, այ­սինքն կեան­քի վե­րա­ծուի եւ ըն­թացք տայ ա­նոր։

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017

ԹԱՍՍ լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը կը հա­ղոր­դէ, որ ան­ցեալ տա­րուան ա­ռա­ջին տասնմէկ ա­միս­նե­րը ե­ղա­նա­կի եւ կլի­մա­յա­կան դի­տար­կում­նե­րու ամ­բողջ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ա­մե­նէն տաքն էին: Ըստ օդերե­ւու­թաբաններու դի­տար­կում­նե­րուն, մէկ կողմ դնե­լով դեկ­տեմ­բեր ա­մի­սը, մաս­նա­գէտ­նե­րը յան­գած են այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ ամ­բողջ 2016 թուա­կա­նը պի­տի դառ­նայ ար­տա­սո­վոր բարձր ջեր­մաս­տի­ճա­նի մրցա­նա­կա­կի­րը:

Էջեր