Արխիւ
Ղազախիստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։
Անգարա եւ Մոսկուա ի վերջոյ համաձայնութեան հասան «Թրքական հոսք» կազամուղի ծրագիրը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ:
Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած 23-րդ Համաշխարհային ուժանիւթի գագաթաժողովին շրջագծով երէկ հանդիպում մը ունեցան Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նախագահները, որոնք զրուցեցին մէկ ժամ քառասուն վայրկեան: Էրտողան, Փութին եւ Ալիեւ մտերմիկ դրուագներով ներկայացան լրատուամիջոցներուն:
Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին շնորհուեցաւ մագիստրոսութեան մակարդակով բարձրագոյն ուսում ջամբելու իրաւունք:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը:
Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան կեդրոնատեղիին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի, կատարուեցաւ միութեան կազմակերպած ամառնային դասընթացքի եզրափակիչ հանդիսութիւնը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը դէպի Հիւսիսային Ամերիկա ձեռնարկած իր ուղեւորութեան շրջագծով Մոնրէալի մէջ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ՝ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի Անթիլիասին վերադարձուելու պահանջով բացուած դատին շուրջ։
Հայոց քաղաքամայրին ձօնուած տօնակատարութիւններ՝ բացառիկ հրճուանքով:
Փարիզի քաղաքապետ Իտալկօ եւս մասնակից Երեւանի մէջ ստեղծուած խանդավառութեան:
Թուրքիա շաբաթավերջին խոր ցաւ եւ յուզում ապրեցաւ ահաբեկչական դէպքի մը հետեւանքով։ Երէկ առաւօտեան ժամերուն Հաքքեարիի Շեմտինլի գաւառակէն հասած լուրերը սուգի մատնեցին երկիրը։ Այսպէս, անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը Շեմտինլիի մէջ յարձակում մը գործեց ոստիկան զօրաց պահակակէտին վրայ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ։
23-րդ Համաշխարհային ուժանիւթի խորհրդաժողովը տեղի կ՚ունենայ Իսթանպուլի մէջ՝ հնգօրեայ ծրագրով:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին արդէն երրորդ անգամ կը տեսակցին վերջին երկու ամսուան ընթացքին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի մէջ վերջին շրջաններուն եղած քաղաքական շփումները կը մատնեն, որ նախագահական ընտրութեան օրակարգը դրուած է բաւական «ուժեղ կրակ»ի մը վրայ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Սրբոց Թարգմանչաց տօնը:
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան փայլուն տօնակատարութիւններ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Մեր ըմբռնումով, մասնագիտութիւնները կ՚ըլլան արհեստավարժ ասպարէզներու մէջ՝ ինչպիսին են բժշկութիւնը, երկրաչափութիւնը, իրաւաբանութիւնը եւ այլն։ 21-րդ դարու ճարտարարուեստի արագ թաւալումին մէջ սակայն, կարծես մասնագիտութիւններ կը բուսնին քիչ մը ամէն տեղ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, կեանքի ընթացքին, բնականաբար կը դիմաւորուի զանազան անձերու հետ, այսինքն զանազան բնաւորութիւններու հետ։ Մարդ քանի որ կ՚ապրի հաւաքական-ընկերային կեանք, ուրեմն պարտաւոր է հանդուրժելու այդ տարբեր բնաւորութեան տէր մարդոց, ուզէ կամ չուզէ։
Նորոգ հանգուցեալ Նատիա Կիւլմէզկիլ, որու անժամանակ կորուստը խոր ցաւ եւ յուզում պատճառած է մեր ամբողջ համայնքին, երէկ վերյիշուեցաւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Ողբացեալ Նատիա Կիւլմէզկիլ ոգեկոչուեցաւ Գումգաբուի մէջ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Համայնքային շրջանակները հերթական անգամ զօրակցութեան առարկայ դարձուցին Պէզճեան Մայր վարժարանը՝ իրենց նպաստը բերելով անոր տարեկան պիւտճէի հաւասարակշռութեան:
Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպիսկոպոս Չիֆթճեան մեկնեցաւ Դարաշամբ, Ճուլֆա քաղաքը, հետեւելու Ս. Ստեփանոս վանքի տաճարի վերանորոգութեան աշխատանքներուն:
Հարցազրոյց՝ Ս. Ա.
-Ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ այժմ Հալէպի մէջ:
-Հալէպ կ՚ապրի կենցաղային, ընկերային եւ մշակութային շատ ծանր պայմաններու մէջ:
Բնակչութիւնը զրկուած է ելեկտրական հոսանքէ, ջուրի մատակարարումէ եւ այլ կենցաղային հիմնական պահանջներէ:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Քուէյթի նորանշանակ դեսպան Նաուաֆ Ապտիւլազիզ Ապտուլլահ Էլ Էնէզը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեան կարեւորեց միջպետական երկխօսութեան շարունակական զարգացումը, որու համար գոյութիւն ունին բոլոր նախադրեալները։
Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակը այս տարի շնորհուեցաւ Քոլոմպիայի Նախագահ Խուան Մանուէլ Սանթոսին։ Այս վերջինը FARC կազմակերպութեան հետ յիսուներկու տարի շարունակուած պատերազմին վերջ դնելով՝ ստորագրած է խաղաղութեան համաձայնագիր, ինչ որ բարձր գնահատանքի արժանացած է ու առիթ հանդիսացած՝ որպէսզի ան արժանանայ այս մրցանակին։
«Խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներով Հայաստանէն՝ Սուրիոյ եղբայրական ժողովուրդին»:
Երեւանէն առաքուած մարդասիրական օժանդակութիւնը Հալէպի մէջ կը տրամադրուի կարիքաւոր բոլոր ընտանիքներուն՝ անկախ ազգութենէ: Օգնութիւն հասած է նաեւ Լաթաքիա, Քեսապ, Թարթուս եւ Դամասկոս: