Արխիւ
Թուրքիա-Ռուսաստան ձիւնահալի մթնոլորտին մէջ երէկ բարձրաստիճան դիւանագէտներու մասնակցութեամբ կարեւոր բանակցութիւններ տեղի ունեցան Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ։
Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի Մոսկուա կատարած այցելութեան շրջագծով երէկ երեկոյեան հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարները քննարկեցին միջազգային հրատապ օրակարգին վերաբերեալ զանազան նիւթեր եւ անոնց շուրջ Ուաշինկթըն-Մոսկուա համագործակցութիւնը։
Ֆրանսայի Ազգային տօնին օրը երկրի հարաւին ապրուեցաւ աննկարագրելի ողբերգութիւն մը. 84 զոհ, աւելի քան հարիւր վիրաւոր։
Փարիզի դէպքերէն վերջ թիրախ դարձաւ Նիսը։
Փրոմէօնատ տէ զ՚Անկլէ ծովեզերեայ պողոտային վրայ, հռավարութեան ընթացքին մեծ քամիոն մը խուժեց ներկաներուն մէջ ու 2 քմ. յառաջացաւ կրակ բանալով բոլորին վրայ։
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան նախաձեռնութեամբ «Բարի օրինակներ դաստիարակութեան գծով» խորագրեալ համագումար մը կազմակերպուեցաւ:
Հաստատութեան հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելենական շրջանին նորաստեղծ կրթական յանձնախումբը համախմբեց համայնքային վարժարաններու կրթական մշակները: Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրէն ներս համախմբուածները հետեւեցան երկօրեայ ծրագրի մը, որու շրջագծով հեղինակաւոր մասնագէտներ ներկայացուցին
Կը տեղեկանանք, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան ներկայիս դարձեալ կ՚այցելէ քաղաքս։ Ըստ անպաշտօն աղբիւրներէ մեզի հասած լուրերուն, իրեն կ՚ընկերանայ Սրբոց Յակոբեանց վանքի կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան։
«Ոսկէ ծիրան»ի շրջագծով Երեւանի մէջ կը ցուցադրուին յայտնի դերասանուհիին ժապաւէնները:
Ժագլին Պիսէ նշեց, որ իր վրայ խոր տպաւորութիւն գործած են հիւրընկալութիւնն ու ջերմութիւնը:
Պրիւքսելի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-Ռուսաստան խորհուրդի ժողովը։ Հարկ է նշել, որ 2002 թուականին ստեղծուած էր այս խորհուրդը, սակայն 2014 թուականէն ի վեր անոր աշխատանքը ընդհատուած էր՝ Խրիմի՝ Ռուսաստանին կցուելուն հետեւանքով։
ԱՔ Կուսակցութեան նահանգային մասնաճիւղերու ղեկավարներուն 110-րդ ընդլայնուած կազմով ժողովը՝ Անգարայի մէջ:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի խօսքերով՝ Իսրայէլէն եւ Ռուսաստանէն վերջ, Թուրքիա կը ջանայ յարաբերութիւնները բնականոնացնել նաեւ Սուրիոյ հետ:
Թուրքիա-Ռուսաստան ձիւնահալի մթնոլորտին մէջ, Մոսկուայի հրաւէրին ընդառաջ Անգարայի կողմէ պատուիրակութիւն մը այսօր շփումներ կ՚ունենայ՝ երկկողմանի համագործակցութիւնը բնականոն հունին վերադարձնելու առաջադրութեամբ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Օրուան երկրորդ կէսին ան կը հասնի Ռուսաստանի մայրաքաղաքը, ուր կը հիւրընկալուի իր պաշտօնակցին՝ Սէրկէյ Լաւրովի կողմէ։ Ամերիկացի պետական քարտուղարը կը տեսակցի նաեւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արաբկիրէն եւ Խարբերդէն Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած, հռչակաւոր հայուն՝ Մայքըլ Արամին անունը նորէն հնչեց վերջերս, երբ անոր պատրաստած «Նոյեան տապան» խորհրդանշական քանդակը Հռոմի Ֆրանսիսկոս Ա. Սրբազան Պապը Հայաստանէն իր հետ Վատիկան տարաւ:
ՏՔԹ. ՃՕՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Ոեւէ մէկուն «խօսք զարնել» չէ նպատակս, պարզապէս միութենական գործունէութեանս անցեալէն դրուագ մըն է հետեւեալը, որ յաճախ կը պատահի, եւ ենթակայ է ապագային ալ կրկնուելու։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հալէպահայ ծանօթի մը կը բարեւեմ փողոցը քալած միջոցիս: Երիտասարդ հարս մըն է ան, ունի ճլվլուն ու տաքարիւն հինգ տարեկան դստրիկ մը: Այնքան ուշիմ փոքրիկ մըն է, որ անմիջապէս կ՚ընկալէ շուրջի անցուդարձը, կը նմանի փափուկ խմորի մը, զոր ձեւաւորելը շատ դիւրին է ու հաճելի: Կը յաճախէ իրենց տան շրջանի մանկապարտէզը, ամէն տեսնելուս նոր երգեր ու ոտանաւորներ կ՚արտասանէ, նոյնիսկ հեքիաթներ կը պատմէ: Ու.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութեան մէջ հակադիր ուժեր են չարը եւ բարին՝ մէկը ժխտական, միւսը դրական։ Մէկը՝ վնասակար, միւսը՝ օգտակա՛ր։ Եւ բարին չարին դարմանն է միշտ, որուն կարելի է ըսել նաեւ՝ սխալի մը սրբագրութիւնը։
Ուքրայնոյ Նախագահ Փեթրօ Փորոշենքօ պաշտօնական այց մը տուաւ Պաքու, Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։
Ժան-Մարք Էյրօ տեսակցեցաւ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին հետ զրոյցին ներկայ էր նաեւ Արամ Ա. Կաթողիկոս:
Հայկական արդի երաժշտութեան եզակի խումբերէն «Զուլալ» եռեակը ելոյթ մը պիտի ունենայ Երեւանի մէջ:
Համերգին ընդառաջ Թենի Աբէլեան, Երազ Մարգարեան եւ Անայիս Թեքերեան երէկ հիւրընկալուեցան ԹՈՒՄՕ կեդրոնէն ներս:
Գոց շուկայի մէջ սկիզբ առած է վերանորոգութեան լայնածաւալ աշխատանքներու ծրագիր մը։ Երէկ արդէն այդ գործընթացին պաշտօնական մեկնարկը տրուեցաւ։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան արդէն պատրաստութիւններու ձեռնարկած է՝ Անգլիոյ «Փրէօմիէր լիկ»ին մէջ հանդէս գալու համար։
Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին երկրի նոր կառավարութիւնը կազմելու պաշտօնը յանձնեց Պահպանողական կուսակցութեան նորընտիր առաջնորդ Թերեզա Մէյին։ Այս վերջինը դարձած է Մարկրիթ Թեչըրէ քսանհինգ տարի վերջ անգլիոյ վարչապետի պաշտօնը ստանձնած իգական սեռէ առաջին գործիչը։