Արխիւ
Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան Վոսփորի վրայ կազմակերպուեցաւ նաւապտոյտ մը։ Միութեան վարչութեան ատենապետ Անդրանիկ Քարաքուշ եւ իր ընկերները այս առթիւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին պտոյտին բոլոր մասնակիցները։
Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը երկու ծրագրով կը ներկայանայ երաժշտասէրներուն:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը հերթական անգամ կ՚ապրի՝ մեր համայնքին համար ստեղծուած հնարաւորութեան արդար հպարտութիւնը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
«Ռուբէն Սէմէրճեան» միջմիութենական պասքեթպոլի մրցաշարքին շրագծով ծագած գայթակղութիւնը ունի նաեւ այլ ծալքեր։ Այն երկու ասորի երիտասարդները, որոնց մասնակցութիւնը դարձած է խնդրայարոյց, ընդվզած են՝ պատճառաբանելով իրենց նախորդ մասնակցութիւնները, նաեւ շեշտած են, թէ Հայաստանի մէջ մասնակցած են Համահայկական խաղերուն։
Հայաստանի Նկարիչներու միութիւնը դարձեալ կը կազմակերպէ ցուցահանդէս-վաճառք մը, որուն հասոյթը պիտի փոխանցուի Արցախին:
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ
Մեզմէ շատեր գիտեն, որ ճամբորդի մը համար կարեւոր ուղեկից մըն է կողմնացոյցը: Հին ժամանակներէ ի վեր անապատային, ծովային, օդային թէ ցամաքային ճամբորդութեանց ընթացքին, միշտ ալ կարեւոր եղած է կողմնացոյցը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արքունի վառօդապետ Յովհաննէս Պէյ Տատեան, երբ 1835 թուականին շինել կու տայ Ազատլըի հայոց եկեղեցին՝ վառօդարանի հայ գործաւորներուն համար, Զէյթինպուռնուի եւ վառօդարանի Պաքըրգիւղ բնակող հայ գործաւորներն ալ կը դիմեն իրեն՝ Պաքըրգիւղի մէջ ալ եկեղեցի մը ունենալու փափաքով։
Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Յունիսի 1-13 թուականներուն Քիեւի մէջ, Ուքրայնա, տեղի ունեցող ուսումնամարզական հաւաքին:
Քիմ Քարտաշեան վերջերս արժանացած է յատուկ շնորհակալութեան՝ Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցին օգնելու համար:
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Անգարայի կեդրոնակայանին մէջ Րամազանի շրջանի երկրորդ օրը սարքուեցաւ իֆթարի սեղան մը։ Փոխ-վարչապետ Վէյսի Քայնաք, որ այս տնօրէնութեան գծով պատասխանատու է, մէկտեղուեցաւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան ամբողջ ղեկավարութեան, պաշտօնէութեան եւ Վաքըֆներու խորհուրդի անդամներուն հետ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ մեծ եռուզեռ կը տիրէ 2015-2016 կրթական շրջանի ներկայ եզրափակիչ փուլին։ Տղաքը արտադասարանային աշխատութիւններուն արդիւնքը կը ներկայացնեն տօնական տրամադրութեամբ։
Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը իսլամական աշխարհի Ռամազանի սկիզբին առթիւ իֆթարի սեղան մը սարքեց Օրթագիւղի մէջ, նաւամատոյցի հրապարակին վրայ։ Այս առթիւ Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինետար հիւրընկալեց նաեւ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներէն ներկայացուցիչներ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ չորրորդ դասարանի աւարտական հանդէսը։ Դպրոցէն ներս չորրորդ դասարանը կ՚անուանուի «Մեղուներ» եւ անոնք արդէն աւարտած են պարտադիր կրթութեան ժամանակաշրջանի առաջին հանգրուանը։ «Մեղուներ»ու դէպի միջնակարգ ճանապարհորդութիւնը Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։
«The Wall Street Journal» հեղինակաւոր ամերիկեան թերթը վերջերս տեղեկացուց, թէ ՆԱԹՕ կը ծրագրէ ստեղծել լրաքաղութեան բաժանմունք մը։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն է դիմադրել ահաբեկչական սպառնալիքին, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ դիւրացնել լրաքաղութեան տուեալներու փոխանակումները։
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Երկու ղեկավարներու Քրեմլինի բանակցութիւններէն վերջ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ կը խրախուսէ Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացումը։
Արցախի քառօրեայ պատերազմէն ետք Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախաձեռնած՝ Արցախին օժանդակելու արշաւէն (#Help Artsakh) ցարդ գոյացած է 325.000 տոլար գումար մը, մինչ դրամահաւաքը եւ օժանդակութիւնները տեղ հասցնելու աշխատանքները կը շարունակուին։
Սպանիոյ մէջ տեղական խորհրդարաններէն մէկուն մօտ երէկ մերժուեցաւ հայկական բանաձեւ մը, ինչ որ այսօր լայն արձագանգ գտած է Թուրքիոյ մօտ։ Երկրի հիւսիս-արեւմուտքի Կալիսիայի շրջանի խորհրդարանը Ապրիլի 25-ին օրակարգի վրայ բերուած բանաձեւին շուրջ երէկ քուէարկութիւն կատարեց ընդհանուր ժողովին մէջ։ Հարկ է նշել, որ Կալիսիան Սպանիոյ 17 ինքնավար շրջաններէն մին է։
ՓՔՔ-ական ահաբեկիչ մը յարձակում գործեց Անվտանգութեան տնօրէնութեան շէնքին վրայ:
Երկու ոստիկան նահատակուեցաւ, երեք հայրենակից զոհուեցաւ, վիրաւորեալներուն թիւը՝ աւելի քան յիսուն:
Սերժ Սարգսեան եւ Միլոշ Զեման երէկ Երեւանի մէջ ստորագրեցին համատեղ յայտարարութիւն մը:
Հայաստան-Չեխիա գործարար համաժողովին ընթացքին շօշափուեցան յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան. «Եթէ Գերմանիա չհրաժարի այս սխալ քայլէն, ապա տարբեր քայլեր պէտք է առնենք անոր դէմ»:
Անգարայի մէջ նախընթաց օրուան անվտանգութեան հարցերու վերաբերեալ խորհրդակցութեան ընթացքին նեղ շրջանակի ձեւաչափով քննարկուած են Պերլինի դէմ նախատեսուած նախաձեռնութիւնները - Արեւմտեան մամուլը հարց կու տայ, թէ Թուրքիա կը կորսնցնէ՞ Եւրոպայի իր միակ գործընկերը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
«Ռուբէն Սէմէրճեան» միջմիութենական պասքեթպոլի մրցաշարքին շրջագծով ստեղծուած գայթակղութեան կապակցութեամբ երէկ այս սիւնակին մէջ գրուածներուն ի շարունակութիւն մատնանշենք քանի մը առանցքային հանգամանք։