Արխիւ
Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարար Փաոլօ Ճենթիլիոնի այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ:
Պերլինի մէջ «Ֆրիտրիխ-Էպերթ» հիմնարկին մօտ Եդուարդ Նալպանտեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Ուղղափառ եկեղեցւոյ Ծայրագոյն Պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. երէկ հիւրընկալուեցաւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի կողմէ։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ պատուեց Թորոս Ալճանի գրասենեակը, որ կը գտնուի KEY Plaza-ի երդիքին տակ։
Թուրքիա եւ ԱՄՆ Ռաքքայի վրայ պիտի կեդրոնացնեն իրենց յառաջիկայ համագործակցութիւնը:
Անգարայի մէջ մշտապէս պիտի գտնուի ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորական մը՝ քայլերու համակարգման համար:
Հայաստան եւ Վրաստան կը տեւականացնեն քաղաքական երկխօսութիւնը:
Երեւան-Թիֆլիզ գործակցութիւնը պիտի զարգանայ ենթակառուցուածքներու արդիականացումով:
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան շաբաթավերջին այցելեց Լեռնային Ղարաբաղ։ Վարչապետի պաշտօնին կոչուելէ վերջ սա իր առաջին այցելութիւնն էր դէպի Արցախ։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ անցեալ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցաւ հանդէս մը՝ Թարգմանչաց տօնին առթիւ։ Վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան հանդէսի ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։
Երգիծական աշխարհի շոուներու յայտնի աստղ Ճեմ Եըլմազ շաբաթավերջին աստղաբաշխային ներդրումով մը գնեց հայ նկարչի մը ստեղծագործութիւնը։
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահներուն երէկուան հանդիպումը Անգարայի մէջ:
Հուլուսի Աքար եւ Ճոզըֆ Տանֆորտ քննարկեցին Սուրիոյ եւ Իրաքի վերջին իրադարձութիւնները, ահաբեկչութեան դէմ համատեղ պայքարի եզրերը:
«Պողազիչի» եւ «Պահչէշեհիր» համալսարաններու դասախօս Էրթուղրուլ Զորլութունա վերջերս այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը, ընկերակցութեամբ մեր պատուակալ աշխատակից Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի։ Ակադեմական գետնի վրայ ծաւալած երկարամեայ գործունէութեան առընթեր Էրթուղրուլ Զորլութունա անցեալի մէջ միջոց մը աշխատած է նաեւ մամուլի ոլորտէն ներս։
Իսթանպուլահայ սանուց եւ հայրենակցական միութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ երէկ Օրթագիւղի մէջ տեղի ունեցաւ աշնան բացօթեայ հաւաք մը։ «Ոսկի աշուն»ի աւանդութիւնը տեւականացնելու եւ ձմեռնամուտը միասնաբար ողջունելու տեսանկիւնէն հաճելի նախաձեռնութիւն մըն է այս մէկը, որու նախընթացը ձեւաւորուած է տարիներէ ի վեր։
«Համազգային»ի Լիբանանի մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ:
Մեներգչուհի Սիպիլ շաբաթավերջին Պէյրութի մէջ հանդէս եկաւ եւ իր քնքոյշ ձայնով գրաւեց բոլորին սիրտը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Նիւ Եորքի մէջ, Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով հերթական նստաշրջանէն վերջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հրապարակեցին պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ատենօք կ՚ապրէր թագաւոր մը՝ որ միշտ հետաքրքիր էր տեղեկութիւն ստանալու իր ժողովուրդին մէջ տիրող սովորութիւններուն եւ անոր առաքինութիւններուն եւ մոլութիւններուն մասին։
Համայնքային շրջանակները գործնական զօրակցութեամբ հերթական անգամ լուրջ քայլ մը առին՝ Մէրամէթճեան վարժարանի առաքելութիւնը խրախուսելու համար:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը յաջողեցաւ այս տարուան սիրոյ սեղանի արդիւնքին ապահովել յուսադրիչ հանգանակութիւն՝ դպրոցի յառաջիկայ կայունութեան երաշխաւորման տեսակէտէ: Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Պէյրութի մէջ այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի նորընտիր նախագահ Միշէլ Աունին։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառի տնօրէն Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ, շաբաթավերջին շարունակեց իր հանդիպումները համայնքային շրջանակներուն հետ, նաեւ այցելեց պատմամշակութային տեսարժան վայրեր։
Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ ներկայացուած կուսակցութիւններէն ՀՏՓ որոշեց կասեցնել իր մասնակցութիւնը խորհրդարանական աշխատանքներուն։
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցան «Մոսկուայի օրեր»ը։ Այս շրջագծով ռուսական արուեստի եւ մշակոյթի հետ շփուելու կարեւոր հնարաւորութիւն մը ընձեռուեցաւ գեղարուեստասէրներուն՝ մակարդակաւոր ձեռնարկներով։
Միացեալ Նահանգներու մէջ, Պոսթոնի համալսարանի Արուեստի եւ գիտութեան գոլէճէն ներս դասաւանդութիւններ սկսած են Հոլոքոստի եւ ցեղասպանութիւններու մասին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս շրջագծով կ՚ուսուցուի նաեւ հայոց ցեղասպանութեան նիւթը, ինչ որ արձագանգ գտած է համալսարանի պաշտօնական կայքէջին վրայ։
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան կողմէ երէկ առաւօտ Տիարպաքըրի մէջ կազմակերպուած պայթումին արձագանգները կը շարունակուին։ Հանրային կարծիքին մօտ լուրջ ցասում յառաջացուցած է այս դէպքը՝ թիրախաւորած ըլլալով քաղաքային ժողովուրդը։

