Արխիւ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ երէկ այցելեցին Էտիրնէգաբուի գերեզմանատունը։ Տնօրէնուհի Ալիս Պայրամի կողմէ գլխաւորուած աշակերտները գերեզմանատան մէջ կատարեցին ծառատունկ, ինչ որ հաճելի ու եզակի փորձառութիւն մըն էր իրենց տեսանկիւնէն։
Ռուստամ իր յուշերուն մէջ յստակօրէն կը նշէ, թէ ղարաբաղցի հայ է:
Mirrorspectator.com կը հաղորդէ, որ Քաթրին Քարփենթրի կողմէ առաջին անգամ ըլլալով անգլերէնի թարգմանուած եւ Արա Ղազարեանի խմբագրութեամբ ու ներածականով «Ռուստամի յուշերը. Նափոլէոնի մեմլուք կայսերական թիկնապահը» գիրքը (The memoirs of Roustam: Napoleons Mamlik Imperial Bodyguard) որոշ գաղափար կու տայ Օնորէ տը Պալզաքի, Լեւ Թոլսթոյի եւ Ֆիոտոր Տոսթոյեւսքիի կողմէ իբրեւ տիպար օգտագործուած եւ բազմաթիւ գեղանկարիչներու կողմէ նկարուած Ռուստամի հետաքրքրական եւ բարդ կեանքին մասին:
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժինը խորհրդատու մը նշանակած է իր Հայաստանի ծրագրերուն համար։ Այդ պաշտօնը յանձնուած է Տքթ. Համազասպ Դանիէլեանին, որ սկսած է գործել տարեմուտի դրութեամբ։
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Հայաստանի մէջ Մարտի 20-ին պիտի նշուի Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային օրը։
Լեռնային Ղարաբաղի Վարչապետ Արա Յարութիւնեան վերջին օրերուն այց մը տուաւ Լիբանան։ Այս շրջագծով Արցախի վարչապետին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երկու առիթներով գտնուեցաւ Անթիլիասի մէջ։
«Հայ եւ յոյն ժողովուրդները արարած են կողք կողքի՝ իրենց հետքը թողլով պատմութեան էջերուն»:
Հայաստանի եւ Յունաստանի նախագահները Աթէնքի մէջ մասնակցեցան «Արարատի ոգին» ցուցահանդէսի բացման:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան շաբաթավերջին Վիեննայի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման։
Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP) երէկ երեկոյեան դռնփակ ժողով մը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ։ Նիստը գլխաւորեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Ըստ VADİP-ի համակարգման խորհուրդի դիւանէն մեր ստացած տեղեկութիւններուն, ժողովը դռնփակ գումարուած է՝ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսկէնտէր Շահինկէօզի փափաքով։
Անգարայի ահաւոր պայթումէն վերջ ամբողջ ժողովուրդը կ՚ամրապնդէ միասնականութեան ու զօրակցութեան գիտակցութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան համոզուած է, թէ ահաբեկչի եւ ահաբեկչութեան հասկացութիւնները պէտք է վերասահմանուին:
Ֆրանսացի գրող ու թատերագիր Օքտաւ Միրպոյի «Ժան Ռուլ» թատերախաղի բեմադրութեամբ սկսած է Թիֆլիզի հայկական թատրոնի նոր շրջանը` պետականի կարգավիճակին արժանանալու փուլը:
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր միշտ վառ հետաքրքրութեան առարկայ կը մնայ միջազգային հարթութեան վրայ։ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցաւ Արա Կիւլէրի կեանքին ու գործունէութեան ձօնուած «Իսթանպուլի աչքը» կոչուած փաստավաւերագրական ժապաւէնի համաշխարհային առաջին ցուցադրութիւնը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օրերս մամուլը հեղեղուեցաւ բրիտանացի յայտնի բնագէտ-տեսաբան, տիեզերաբան Սթիւըն Հաուքինկի մէկ յայտարարութեամբ, որ նշանաւոր գիտնականը կատարած է Global Teacher Prize մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներուն հրապարակման նուիրուած իր ուղերձին մէջ:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ։ Այսպէս, երիտասարդ կրթական մշակ Մելիսա Ֆերահեանի ուղեկցութեամբ մեր այցելութեան փութացին դպրոցի 8-րդ դասարանի սաները։
Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ միջմիութենական գիտական մրցոյթին եզրափակիչ հանգրուանը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Այս տարի Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի սանուց միութեան կողմէ կազմակերպուած էր այս մրցոյթը, որու աւարտական հանգրուանը համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ազատութիւն»ը իր լայն առումով կը նշանակէ՝ իմացականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւն ունենալ գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր։ Ազատութեան այս բացատրութիւնը բնականաբար կ՚ենթադրէ բանականութիւն՝ խորհելու եւ մտածելու կարողութիւն։
Փորթուգալի կառավարութիւնը պատուոյ հիւպատոս մը նշանակած է Հայաստանի մէջ։ Այսպէս, դեսպան Մարիօ Կուտինիօ տէ Մարթոսի միջոցաւ պատուոյ հիւպատոս նշանակուած է Սամուէլ Սամուէլեան։
Ռուսաստանի զօրքերը այս առաւօտեան դրութեամբ սկսան հեռանալ Սուրիայէն:
Ժընեւի մէջ կը շարունակուին ճգնաժամի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր միօրեայ այցելութիւն մը պիտի տար Պաքու, ուր պիտի հիւրընկալուէր Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Երկու նախագահներուն գլխաւորութեամբ տեղի պիտի ունենար Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդին հինգերորդ ժողովը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ խորհրդական նշանակած է մեր համայնքէն Սիրան Սուրքին։ Յառաջիկայ շրջանին Սիրան Սուրքի քաղաքապետարանէն ներս պիտի պաշտօնավարէ փոքրամասնութիւններուն գծով եւ քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւին հետ պիտի աշխատի՝ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներուն վերաբերեալ կարգադրութիւններու շուրջ։
Շիշլիի Լատին Կաթոլիկ գերեզմանատան մէջ երէկ ոգեկոչուեցաւ հայ նշանաւոր ֆեմինիստներէն Սրբուհի Տիւսաբ, որ կը համարուի մեր կանանց շարժման ռահվիրաներէն։ Համաշխարհային կանանց օրուան յաջորդած շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ իր ոգեկոչումը։