Արխիւ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2015

2015-2016 կրթական շրջանի առաջին զանգը պոլսահայ մեր կրթօճախներուն մէջ հնչեց մեծ ոգեւորութեամբ:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին նորակառոյց շէնքը բացուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2015

Հա­մազ­գա­յին հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան Մոն­րէա­լի «Սա­նա­հին» մաս­նա­ճիւ­ղի գրա­կան յանձ­նա­խում­բին կազ­մա­կեր­պած Հրայր Խա­չե­րեա­նի «100» պատ­կե­րա­գիր­քի շնոր­­հան­դէ­սը տեղի ունեցաւ վերջերս:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2015

Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ նո­րըն­տիր պատ­րիարք Գրի­գոր-Պետ­րոս Ի. Կապ­րո­յեան այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։ Սա իր գա­հա­կա­լու­թեան շրջա­նի ա­ռա­ջին ու­ղե­ւո­րու­թիւնն է դէ­պի Հա­յաս­տան՝ զու­գա­դի­պած Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քի սրբա­զան ա­րա­րո­ղու­թեան։ Նո­րըն­տիր պատ­րիար­քը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին կող­մէ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2015

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վեհափառ Հայրապետին բարձր նախագահութեամբ երէկ պատմական փառաշուք արարողութիւնով մը օրհնուեցաւ սուրբ իւղը:
Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնին օրը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին հերթական անգամ հոգեւոր միասնականութեան զգացումով համախմբեց իր աշխարհացրիւ հօտը:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ ապ­րե­ցաւ իր բազ­մա­դա­րեան փա­ռա­ւոր պատ­մու­թեան ե­զա­կի օ­րե­րէն մին, երբ աշ­խար­հաց­րիւ հա­յու­թիւ­նը հերթական ան­գամ ա­ռաջ­նոր­դեց հո­գե­ւոր միաս­նա­կա­նու­թեան։ Հա­յոց մա՛յր ե­կե­ղե­ցին թէեւ հիմ­նա­կան գրա­ւա­կանն է այդ միաս­նա­կա­նու­թեան, նաեւ ե­րաշ­խա­ւո­րը, սա­կայն ե­րէ­կուան հանգ­րուա­նը իս­կա­պէս գա­գաթ­նա­յին էր եւ ան­նա­խըն­թաց՝ իր ապ­րուած մթնո­լոր­տի իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րով հան­դերձ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2015

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը կը շարունակէ կեանքի կոչել՝ երիտասարդներու համախմբման ուղղեալ ծրագրեր:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան պատուեց «Վահէ Կարապետեան» կեդրոնին բացումը:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2015

Իս­թան­պու­լա­հայ վար­ժա­րան­նե­րէն ներս այս ա­ռա­ւօտ հնչեց վե­րա­մու­տի զան­գը։ 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նը սկսաւ ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Մեր վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը, կրթա­կան մշակ­նե­րը եւ բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ապ­րե­ցան զի­րար վե­րագտ­նե­լու ու­րա­խու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2015

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի  պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ Թուր­քիոյ մէջ ա­պաս­տան գտած հայ ըն­տա­նիք մը եւս մեկ­նե­ցաւ Հա­յաս­տան։ Ծա­նօթ է, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը Սու­րիա­յէն Թուր­քիա խոյս տուած ըն­տա­նիք­նե­րուն նկատ­մամբ կը ցու­ցա­բե­րէ ան­մի­ջա­կան հո­գա­ծու­թիւն եւ աշ­խա­տանք կը տա­նի, որ­պէս­զի ա­նոնք կա­րե­նան տե­ղա­փո­խուիլ Հա­յաս­տան։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2015

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը աշխատանքային այց մը կու տայ Նիւ Եորք:
Սերժ Սարգսեան կը տեսակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2015

Շարքի առաջին զեկուցողները եղան Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան եւ Ժան-Փիէռ Մահէ: Բացուեցաւ նաեւ ցուցահանդէս մը:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2015

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական համայնքներու բաժանմունքին եւ INALCO-ի համատեղ նախաձեռնութեամբ խորհրդաժողով մը՝ Փարիզի մէջ:
21-րդ դարուն արեւմտահայերէնի դասաւանդման մարտահրաւէրներուն կապակցութեամբ տեղի ունեցան երկօրեայ ծաւալուն ու բազմակողմանի քննարկումներ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2015

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը հանդէս եկաւ Երեւանի բեմին վրայ:
Հրանոյշ Յակոբեան Կարպիս Չափքանը պարգեւատրեց Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետայլով:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Վե­րա­մո՜ւտ է դար­ձեալ՝ այն յու­զում­նա­խառն օ­րը, բուռն ապ­րում­նե­րով լե­ցուն պա­հը՝ եր­բեմն ո­գե­ւո­րուած, եր­բեմն տրտում եւ տխուր, եր­բեմն շփո­թած, եւ եր­բեմն ալ վրդո­ված ու տագ­նա­պա­լից։ Վե­րա­մու­տը զա­նա­զան ապ­րում­նե­րու եւ զգա­ցում­նե­րու ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յէ ա­մէ­նուն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ յա­ճախ կը խօ­սինք կեան­քի մա­սին, կեան­քի ապ­րում­նե­րուն մա­սին, պահ մը կը մոռ­նանք, որ կեան­քէն ա­ւե­լի մեծ ճշմար­տու­թիւն մը կայ այդ կեան­քին ըն­թաց­քին մէջ՝ մա՛­հը ա­մե­նէն յստակ, ան­խու­սա­փե­լի ճշմար­տու­թի՛ւնն է կեան­քին, քա­նի որ ան որ կեան­քը կ՚ապ­րի, պի­տի մեռ­նի, այն որ կը ծնի, ար­դէն մա­հու­ան ըն­թաց­քին մէջ մտած կ՚ըլ­լայ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2015

Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի «Մա­տեան ող­բեր­գու­թեան» ա­ղօ­թագր­քին վեր­ջին հա­տուած­նե­րէն մին՝ Գլուխ ՂԳ.-ը, վեր­նագ­րուած է «Ա­ղօթք թարգ­մա­նօ­րէն վասն սրբա­լոյս իւ­ղոյն միւ­ռո­նի». բա­ժին մը, զոր հո­գե­ւո­րա­կան­ներ կ՚ըն­թեր­ցեն Միւ­ռոնօրհ­նէ­քի հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թեան ժա­մա­նակ։ Այ­սու կը ներ­կա­յաց­նենք հա­տուած մը յի­շեալ ա­ղօթ­քէն՝ աշ­խար­հա­բա­րի թարգ­մա­նուած թեր­թիս հիմ­նա­դիր Մի­սաք Գօ­չու­նեա­նի կող­մէ («Աշ­խար­հա­բար Նա­րեկ», Պո­լիս, 1902)։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2015

Օ­ծու­մը ու­նի նուի­րա­գոր­ծո­ղի եւ սրբա­գոր­ծո­ղի ի­մաստ։ Այս­պէս, Աս­տու­ծոյ սպա­սար­կու­թեան կո­չուած ան­ձեր, պաշ­տօ­նեա­ներ, ա­ռար­կա­ներ եւ ա­նօթ­ներ կ՚օ­ծուէին ձի­թե­նիի իւ­ղով Աս­տուա­ծըն­տիր ան­ձե­րու ձե­ռամբ։ Օ­ծու­մով իշ­խա­նու­թեան կու գա­յին նաեւ թա­գա­ւոր­նե­րը, օ­րէն­քով կա­ռա­վա­րե­լու հա­մար ի­րենց ժո­ղո­վուր­դը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2015

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենայ Միւռոնօրհնութիւն։
Հայաստանեայց Առաքելական Ուղղափառ եկեղեցին հոգեւոր միասնականութեամբ կը վերամիաւորէ իր աշխարհացրիւ հօտը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը կը նախագահէ պատմական արարողութեան։

 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2015

​ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՇԱԼԵԱՆ

​Երկ­նա­յին օրհ­նու­թիւն­ներն ըն­կա­լե­լու եր­կու մի­ջոց­ներ ու­նինք. Ա­ռա­ջի­նը՝ ուղ­ղա­կի Աս­տուծ­մէ մեր հո­գիին մէջ իջ­նող ազ­դե­ցու­թիւնն է ա­ռանց ոե­ւէ միջ­նոր­դի: Այս ա­ռու­մով մար­դու եւ Աս­տու­ծոյ մի­ջեւ ոչ մէկ բան կրնայ մտնել:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շա­բա­թա­վեր­ջի Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան մաս­նակ­ցե­լու հա­մար այ­սօր կը մեկ­նի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան հետ են նաեւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան եւ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2015

Հա­յաս­տան պատ­րաստ է ըն­դու­նիլ Սու­րիոյ մէջ մնա­ցած բո­լոր հա­յե­րը, ե­թէ նման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն յա­ռա­ջա­նայ: Այս մա­սին «Ար­մէնփ­րես» գոր­ծա­կա­լու­թեան հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ը­սած է Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան՝ ա­ւելց­նե­լով, որ այս պա­հու դրու­թեամբ Սու­րիոյ մէջ 15-17 հա­զար հայ կայ:

Էջեր