Արխիւ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան Մաթիաս Քեսլէրը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Այս առթիւ Սարգսեան դեսպանին յաջողութիւն մաղթեց՝ Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան ճանապարհին։
ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի միջեւ նախատեսուած քննարկումները երէկ սկսան:
Էօմէր Չելիք եւ Հալուք Քոչ համաձայնեցան յառաջիկայ աշխատանքի ուղղութեան շուրջ:
Մինչ Սուրուչի դէպքերուն պոռթկումը կը շարունակուի բովանդակ երկրին մէջ, այս առաւօտ Շանլըուրֆայէն վերստին հասան մտահոգիչ ու ցաւալի լուրեր։
Սուրուչի ահաբեկչութեան տեղի տուած հակազդեցութեան ալիքը կը բնորոշէ երկրին օրակարգը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր ֆրանսացի պաշտօնակցին՝ Ֆրանսուա Օլանտի հետ: Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու կրկնեց կուսակցութիւններուն ուղղեալ կոչը:
Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը հետզհետէ կը բարձրանայ։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Մարտունիի եւ Ասկերանի ուղղութեամբ կ՚ապրուի խտացեալ փոխհրաձգութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կ՚ըսենք՝ իւրաքանչիւր անհատ օժտուած է տեսակ տեսակ կարողութիւններով, առաւել կամ նուազ ընդունակութեամբ եւ որոշ աստիճանի հմտութեամբ։
Աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի «9-րդ ալիք» ստեղծագործութիւնը ընդգրկուած է ծովային նիւթով աշխարհի տասն լաւագոյն կտաւներու ցանկին վրայ։
Իսթանպուլի կուսակալը նախընթաց օր այցելութիւն մը տուաւ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց:
Վասիփ Շահին շուրջ մէկուկէս ժամ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց Պետրոս Շիրինօղլուին հետ:
Սուրուչի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան կապակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռը յաչս պետութեան պաշտօնապէս վշտակցութիւն յայտնեց։ Այսպէս, երէկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ցաւակցական մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին։
Մանկական գրականութեան վերաբերեալ հրատարակչական ծրագրերը միշտ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան Հայաստանի մէջ:
Ճէյմս Ուորլիք խօսեցաւ Արցախի ճակատին վրայ միջազգային խաղաղապահ ուժեր տեղակայելու մասին:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Որքան որ ալ Ատրպէյճան փորձէ խեղաթիւրել հիմնախնդրի էութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութեամբ իր ապագան որոշելու իրաւունքը վաղուց արդէն չի քննարկուիր»:
«Եւրոպական միութեան նպատակն է Երեւանի հետ հասնիլ ազատ մուտքի դրութեան»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Տանըլտ Թուսքը:
Թուրքիա երէկ ցնցուեցաւ ահաբեկչական տմարդի ու անհաւատալի պայթումի մը բերումով։ Շանլըուրֆայի Սուրուչ գաւառակին մէջ, մշակոյթի կեդրոնի մը մօտ պատահած բախումը սուգի մատնեց ամբողջ երկիրը։
Վաստակաւոր դեսպան Իւնալ Չեւիքէօզ յայտարարեց, որ Թուրքիա եւ Հայաստան կրնան բարելաւել իրենց յարաբերութիւնները յանուն ապագային։
Սուրուչի ահաբեկչական դէպքին կապակցութեամբ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին ուղարկեց ցաւակցական մը, ուր մասնաւորապէս ըսուած է հետեւեալը.
Ձերդ գերազանցութիւն,
Ցաւով տեղեկացայ Յուլիսի 20-ին Թուրքիոյ Շանլըուրֆա նահանգի Սուրուչ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած եւ քանի մը տասնեակ զոհերու պատճառ դարձած պայթումին։
Աշխարհահռչակ երգահան Տիգրան Մանսուրեան նախընթաց օր խումբ մը երաժշտասէրներու հետ մէկտեղուեցաւ Երեւանի նորահաստատ Կոմիտասի թանգարան-կաճառի երդիքին տակ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայկական լեռնաշխարհի ամենահին կոթողները միշտ կը մնան անմիջական ուշադրութեան առարկայ՝ վերանորոգ հետաքրքրութեամբ:
Ազգագրագէտ Արսէն Բոբոխեանի կողմէ ուսումնասիրութեան վայրին իսկ վրայ շահեկան բացատրութիւններ տրուեցան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ անժամանակ ձեւով յանկարծամահ եղած է մեր եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւորներէն Լեւոն Կսրկ. Քիրէմիտճեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 2014-2015 ուսումնական տարուան եզրափակիչ հանդիսութիւնը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Սպանիոյ Կաթոլիկ եկեղեցիէն խումբ մը ուխտաւորներ։