Արխիւ
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարները երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ, ԱՊՀ-ի ժողովի շրջանակէն ներս:
Գրիգորեան. «2021 թուականի մայիսէն ի վեր մեր երկրի ինքնիշխան տարածքին դէմ Ատրպէյճանի բռնութեան հետեւանքները կը մնան առկայ, ապօրինաբար կը վերահսկուին տասնեակ քառակուսի քիլօմեթրեր»:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի նախաձեռնութեամբ:
Միրզոյեան. «Ոեւէ մէկը կասկածի տակ չի դներ, թէ ապաշրջափակուելիք ճանապարհները կամ փոխադրութեան ենթակառուցուածքները ամբողջութեամբ պիտի գտնուին տուեալ երկրի ինքնիշխանութեան ներքեւ»:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ երկրի խորհրդարանէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ նաեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթաց կայ, խօսակցութիւնը կը շարունակուի», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան երեսփոխաններուն ներկայութեամբ։
Անթալիայի մէջ 14-23 հոկտեմբերին տեղի ունեցած աշխարհի բազկամարտի ախոյենութեան հայ բազկամարտիկները տիրացան 11 մետայլի:
Հայաստանի ներկայացուցիչները արժանացան 4 ոսկի, 2 արծաթ եւ 5 պրոնզ մետայլի:
Այսօր Պրիւքսելի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու 3-րդ նիստը։
«Ռուս խաղաղապահներու լիազօրութեան ժամկէտի երկարաձգման խնդիրը մտած է օրակարգ»:
Երեւան 100 տոկոս համամիտ է՝ Արցախի կարգավիճակի հարցը անորոշ ժամանակով յետաձգելու ուղղեալ Մոսկուայի առաջարկին:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ յաղթահարուած կը համարէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ հաղորդակցութեան բնոյթով բարդոյթներն ու բարդութիւնները, ինչ որ կարեւոր փաստ մըն է։ «Սա կրնայ թուիլ շատ թոյլ եւ ոչ-էական բան։
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համակրելի մեներգիչներէն Պարթեւ Կարեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին ան մեզի տուաւ լաւ լուրեր, որոնք աւետիսի մը համազօր կը նկատուին մեր երաժշտասէրներուն եւ Պարթեւի համակիրներուն տեսակէտէ։
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը լուր կ՚առնէ, որ խոլերան կը մօտենայ, բնակիչները պէտք է հաւաքուին եւ միասին իրենց դրութիւնը քննեն: Գրագէտները, օրինակ, ուսուցիչները, քահանաները պէտք է ժողովուրդին մէջ խոլերայի մասին գրքոյկներ կարդան ու բացատրեն, թէ ի՛նչ օգուտ ունին իշխանութեան եւ բժիշկներու առաջարկած միջոցները:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ես ինծի համար միշտ կը նախընտրեմ նեղ արահետներ, լայն ուղիները ինծի համար չեն: Այդպիսի ճանապարհները զիս կանուխ կը յոգնեցնեն եւ տուրք կու տան իմ մէջ ապրող ծուլութեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Իմ անունովս կոչուած ժողովուրդս եթէ խոնարհի եւ աղօթէ, եւ իմ երեսս խնդրէ եւ իր չար ճամբաներէն դառնայ, ես ալ երկինքէն պիտի լսեմ, եւ անոր մեղքը պիտի ներեմ». (Բ. ՄՆԱՑ. Է 14)։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ֆրանսահայ հեղինակաւոր մտաւորականը, որ թեւակոխած է իր 80-ամեակը, ներկայ այցելութեան օրերուն Երեւանի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
Քլոտ Մութաֆեան. «Լաւատեսութիւնը իմ տկարութիւնն է»:
«Ֆրանսայի հայութիւնը Արցախի այս վերջին պատերազմէն վերջ քիչ մը արթնցաւ, բայց, սփիւռքը ընդհանրապէս համախմբման կարիք ունի, պառակտուած է՝ կուսակցական կամ այլ պատճառներով»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անառարկելի է որ իւրաքանչիւր սերունդ պիտի ծնի նախորդինէն տարբեր համոզումներով եւ ըմբռնումներով. այնպէս ինչպէս ծնողքը ի՛նք ամբողջութեամբ համամիտ չէ իր ծնողաց ըմբռնումներուն ու համոզումներուն, նոյնպէս պէտք է համոզուի, որ իր զաւակը եւս կրնայ համամիտ չըլլալ, որովհետեւ իւրաքանչիւր սերունդի հետ կը փոխուի չափանիշները։
ՏՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ
Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը 28 հոկտեմբեր 2022 թուականին հիմնադրութեան 114 տարին իր ետին ձգելով թեւակոխեց հրատարակութեան 115-րդ տարին եւ կը յարատեւէ իր հրատարակութիւնը՝ նեղ պայմաններու, հնարաւորութիւններու եւ բազում դժուարութիւններու դէմ յամառ դիմադրութեան ուժով եւ վճռակամութեամբ:
Ա. Դ.
Մինչ համայն աշխարհ կ՚ապրի իր ամենէն դժուար ժամանակաշրջաններէն մէկը, ինչպէս յայտարարեց ներկայի աղէտալի կացութեան գլխաւոր դերակատարներէն Փութին, բայց եւ այնպէս, այդ աղէտալի համայնապատկերին մէջ ա՛լ աւելի ճակատագրական է հայութեան իրավիճակը։ Ուղղակի գոյութենական հարց է դրուածը։
Սփիւռքահայ յայտնի լուսանկարիչ Բազէ այս շրջանին հրատարակած է երկու գիրք։ Ան հայկական սրբավայրերու՝ արդի ժամանակներու հիմնական վաւերագրողներէն մին է։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Թեհրան, ուր հիւրընկալուեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ։ Երկու ղեկավարները Սատապատի պալատի համալիրէն ներս բանակցութիւններ վարեցին եւ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ։ Կը հաղորդուի, որ Էրտողանի հետ զրուցելու ընթացքին Փութին անդրադարձած է՝ նախօրէին Սոչիի մէջ իր տանտիրութեամբ ու միջնորդութեամբ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ կազմակերպուած եռակողմանի գագաթաժողովին։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմէն ներս գումարուեցաւ այս տարուան հերթական թեմական պատգամաւորական ժողովը։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան նախագահեց նիստերուն, որոնց ատենապետեց տքթ. Խաչիկ Կազէր։
Անգլիոյ հայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան եւս մասնակցեցաւ քննարկումներուն:
Արեւելեան Ուղղափառ եւ Անկլիքան եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբը գումարեց ժողով մը: