Արխիւ
Հայաստանի երրորդ նախագահին գրասենեակը ուշագրաւ գիրք մը հրատարակեց:
Սերժ Սարգսեան համոզուած է, թէ իրավիճակի փոփոխութեան համար պէտք է բանակցողը փոխուի:
Մեծ պահոց նուիրական շրջանին Նորին Ամենապատուութիւնը փութաց աղէտի գօտի, ուրկէ կը վերադառնայ այսօր:
Բացի աղէտեալներուն զօրակցելէ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցաւակցական այցելութիւններ տուաւ Հաթայի կուսակալին եւ քաղաքապետին:
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը այս շաբաթավերջին կեդրոնացած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան վրայ։ Քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը։ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն ներս համայնքի անդամները քուէատուփի մօտ պիտի փութան՝ ընտրելու համար նոր թաղային խորհուրդը։
Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ վերջերս Իսթանպուլի մէջ մասնակցեցաւ ժողովներու, հրաժեշտ առնելէն վերջ կարգ մը մանրամասնութիւններ հրապարակած է սփիւռքահայ մամուլին մէջ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 20-րդ օրն է:
Առակաց գիրքի 20-րդ գլուխին 6-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Մարդոցմէ շատերը իրենց բարերարութիւնը կը հրատարակեն, բայց հաւատարիմ մարդը ո՞վ կրնայ գտնել»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Յանուն հաւասար իրաւունքներու» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Գայիանէ Աբրահամեանին կարծիքը շօշափեցինք Հայաստանի հրատապ օրակարգի խնդիրներուն կապակցութեամբ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր մօտեցումները։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք լուսահոգի Արտաւազդ Արք. Թրթռեանին [այն օրերուն վարդապետ] մէկ խորհրդածութիւնը, որու մէջ լուսահոգի սրբազանը բացատրած է, թէ ի՞նչ է աղօթքը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 19-րդ օրն է:
Երկրորդ Օրինաց գիրքին 8-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք.
«Քու անձիդ զգուշութիւն ըրէ՛, չըլլայ քու Տէր Աստուածդ մոռնաս ու չպահես Անոր պատուիրանները, օրէնքներն ու կանոնները, որոնք Ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան Ճերմակ ցանկի թեկնածուները՝ գլխաւորութեամբ Աքսել Թոփալեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Աղէտալի երկրաշարժին յաջորդած մթնոլորտին մէջ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս կը շարունակէ առաջնահերթութիւն ներկայացնել աղէտեալներուն ի նպաստ օժանդակութիւններու կազմակերպումը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցող կապերու եւ կամուրջներու մասին։
Մարդկութիւնը բացի կամուրջներ հաստատելէ՝ այլ ելք չունի։ Կամուրջը մեզ աշխարհին կապող օղակն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի ներկայ շրջանին մանաւանդ՝ առաքինութիւններու մասին մտածել մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Մինչ, խոնարհութիւնը բոլոր առաքինութիւնները կը կանխէ, բայց ցաւալի է, որ ամենէն աւելի ան կը պակսի մեզմէ դժբախտաբա՛ր։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր համացանցը լեցուած է խաբեբաներով, որոնք կեղծ հարստութիւն մը ցուցադրելով կը փորձեն նոր սերունդը համոզել եւ ձեւով մը զիրենք առաջնորդել: Նման անձերու գոյութիւնը կը սկսինք տեսնել գրեթէ ամէ՛ն տեղ՝ թէ՛ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ եւրոպական երկիրներու մէջ եւ անոնց յաջողութիւնը ընդհանրապէս երաշխաւորուած կ՚ըլլայ վիզէ կախուած ոսկիներով, ինքնաշարժներով, հագուստով ու կապուստով, որովհետեւ ներկայ ընկերութեան համար յաջողութիւնը ոսկիներ կրելու, սուղ ինքնաշարժներ վարելու եւ նիւթապէս «ապահով» ներկայանալու մէջ է:
ԺԻԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Մարտի 5-ին Արցախի մէջ Ատրպէյճանի զինեալ յարձակումը աւելի բորբոքեց մարդասիրական աղէտի ենթարկուած Արցախի բնակչութիւնը։ Ատրպէյճանի «խաղաղ բնապահպան»ներու կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման էջը դեռ չփակուած զինեալ յարձակումը ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու հաւանականութիւնը բարձրացուց։
Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը երէկ երեկոյեան ժամերուն կրակ բացին Հայաստանի սահմանի Վերին Շորժայի դիրքերուն վրայ:
Մոսկուա միշտ կը շեշտէ եռակողմանի համաձայնութիւններու բոլոր դրոյթները կեանքի կոչելու անհրաժեշտութիւնը՝ Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ:
Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան. «Թոյլ չտալ ազգային ինքնութեան հիմքերու ոչնչացման»:
Համահայկական նոր քաղաքացիական խորհուրդ մը ստեղծելու ուղղեալ կարեւոր նախաձեռնութիւն:
Հայաստանի Ազգային գրադարանը վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ Երեւանի Գրատպութեան թանգարանէն ներս կը ներկայացուին Իսթանպուլի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի Ղալաթիա եւ Բերա թաղամասերու նախկին խմբագրատուներէն դրուագներ։ Հարկ է նշել, որ Երեւանի Գրատպութեան թանգարանը կը գործէ Հայաստանի Ազգային գրադարանի հովանաւորութեան ներքեւ։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, նախընթաց օր Պէյսայտի մէջ այցելեց Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանը, ուր ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Հայր սուրբը դիմաւորուեցաւ վարժարանի խնամատար մարմնի անդամներէն Նուրհան Ատարեանի եւ տնօրէնուհի Սեդա Մկրեանի կողմէ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Ռենովապիս» բարեգործական կազմակերպութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն տքթ. Հայր Թովմաս Շվարցը։