Արխիւ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցող կապերու եւ կամուրջներու մասին…
Բացատրեցինք, որ մարդիկ, որոնք ընկերային արարածներ են, կը փորձեն կարգավիճակ ձեռք բերել իրենց հիմնական, կենսական կարիքները բաւարարելէ յետոյ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պահեցողութեան շրջան մը կ՚ապրինք. այս շրջանը, ընդհանուր առումով՝ զսպումի շրջան մըն է։ Պահեցողութեան կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ՝ ուտելու չափազանցութիւնը եւ մանաւանդ որկրամոլութեան զսպումը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամերիկեան ուսումնասիրութեան կենդրոն մը վերջերս հրապարակած էր շատ մը ասպարէզներու տարեկան շահած գումարները եւ կազմած որոշ վիճակագրութիւն մը: Ցանկը հետաքրքրաշարժ էր եւ հաւանաբար հասակ առնող սերունդը անոր հիման վրայ կրնայ որոշել իր ապագայի ասպարէզը՝ ինչ որ շատերու բախտ չի վիճակուիր:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Արդարադատութեան միջազգային ատեանը վճիռ արձակեց ի նպաստ Հայաստանի՝ Ատրպէյճանէն պահանջելով, որ ապահովէ Բերձորի միջանցքով ազատ երթեւեկը։ Սակայն, հակառակ այդ վճռին, արդէն աւելի քան շաբաթ մըն է, որ միջանցքը տակաւին փակ կը մնայ։
Լիբանանահայ յայտնի մտաւորական եւ երախտաշատ կրթական մշակ Ժիրայր Դանիէլեան վերջերս ոգեկոչուեցաւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ։ Հոգելոյս Ժիրայր Դանիէլեան թէեւ լիբանանահայ մտաւորական մըն էր, սակայն, իր ներդրումը արդէն դարձած էր համահայկական եւ ան բառին բուն իմաստով սփիւռքեան արժէք մըն էր։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի շրջանի պոլսահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հանդիպում մը ունեցան Նիւ Տելհիի մէջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի կողմէ:
Պերլինի մէջ հնչած յստակ պատգամ. Երեւան պատրաստ է յարաբերութիւնները լիովին կարգաւորել Անգարայի հետ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 12-րդ օրն է:
Անոնք, որոնք ի վիճակի չեն կերակուրի պահեցողութիւն ընելու կամ հոգեկան որեւէ շահ չեն գտներ ատոնց մէջ, անոնց համար կը յանձնարարուին հետեւեալ բարոյական պահեցողութիւնները.
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պէսքիսիզեանը, որ իր բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ Եւրոպայի մէջ։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, Պելժիոյ մէջ Լիէժի եւ շրջակայքի ծուխին հոգեւոր հովիւն է։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Քրիստինա Քըվինը։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ իր շնորհաւորութիւններն ու արդիւնաւոր առաքելութեան մաղթանքները յղեց նորանշանակ դեսպանին։
Մինչ Լաչինի միջանցքը կը շարունակէ փակ մնալ եւ Արցախը՝ պաշարուած, երէկ, ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր շփում մը։ Այսպէս, Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան միջնորդութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 11-րդ օրն է:
Ներկայիս մեր սովորական պահեցողութիւնը միսէ եւ կենդանական արտադրութիւններէն պարզապէս հրաժարիլն է:
Թուրքիոյ հարաւը, արեւելքը եւ հարաւ-արեւելքը ամբողջութեամբ ցնցած իրերայաջորդ աղէտալի երկրաշարժներէն վերջ, լրջօրէն վնասուած են նաեւ երկրի բազմաթիւ քաղաքներու սրբավայրերը։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս Հաթայի կացութիւնը առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մտովին տունն եմ: Մեր տաք վառարանի դիմաց նստած: Այստեղ ամէն բան հանգիստ է: Ամէնքը իր տեղը: Արցախը ամբողջական: Բոլորը կ՚ապրին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ռուսական ծագումով խորհրդային նշանաւոր բանաստեղծ, թատրոնի եւ շարժանկարի դերասան, երգերու հեղինակ Վլատիմիր Վիսոցքի դարձաւ 85 տարեկան: Ան կեանքէն հեռացած է 42 տարեկանին, մինչ այդ՝ դարձած էր կուռքը Խորհրդային Միութեան երկիրներու երիտասարդներուն, որոնք անոր երգերուն մէջ ազատութեան, արդարութեան եւ անկեղծութեան շունչը կը տեսնէին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տարիներէ ի վեր մեր մէջ սկսած է տեղ գտնել երեւոյթ մը, որ արդէն իսկ սկսած է իր ժխտական արդիւնքները ունենալ:
Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ՝ անհատ թէ կառոյց, հաստատութիւն, որ հնարաւորութիւն ունի, որ քիչ մը դրամ ունի, որ կ՚ուզէ գրողի «անուն»ին տիրանալ, սկսած է գիրք գրել ու գիրք տպել…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պահեցողութիւնը՝ հաւատացեալին համար ինքնամփոփումի, ինքնաքննութեան, ինքնազսպումի եւ ինքնասրբագրութեան ժամանակամիջոց մը, շրջան մըն է՝ որ կը գործադրուի կամաւոր զսպումով եւ մանաւանդ մասամբ անօթութեամբ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի օրեր առաջ ահաւոր ակռայի ցաւ մը ունեցայ եւ այդ ցաւի ազդեցութեան տակ սկսայ լրջօրէն մտածել, թէ մարդիկ ի՞նչ կ՚ընէին անցեալին՝ երբ գիտութիւնը այսքան յառաջդիմած չէր. ինչպէ՞ս կրնային դիմանալ այդ ցաւերուն:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Միջազգային դատարանի միջանկեալ որոշումը՝ Պաքուն պարտաւորեցնելու Բերձորի միջանցքով քաղաքացիներու եւ բեռներու երկու ուղղութեամբ ազատ տեղաշարժը ապահովելու համար, կարելի է իրաւական հարթութեան վրայ առաւել նկատել հայկական կողմին տեսակէտէ։