Արխիւ
TET AJANDA առցանց հարթակին վրայ այսօր երեկոյեան ուղիղ եթերով հարցազրոյցի մը հրաւիրուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Յիշեալ հարթակի Instagram-ի հաշիւէն պիտի սփռուի այս զրոյցը, զոր պիտի վարէ Շահնուր Գազանճը։
Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆնտըքեան Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները:
Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ առաջնորդարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ կէսօրուան պաշտօնական ճաշկերոյթ մը:
Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի սահմաններուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւններուն եւ խախտումներուն հետեւանքով լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Այդ ամբողջին մաս կը կազմէ Սեւ լիճի տարածքը, ուր ամիսներէ ի վեր լարուածութիւնը կը շարունակուի Ատրպէյճանի զօրքերու ներխուժման հետեւանքով։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացի բարդութիւնները իրարու կը յաջորդեն։ Այս ամբողջին մէջ Հայաստանի Սիւնիքի մարզը բաւական խոցելի վիճակի մը մէջ կը գտնուի։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը երէկ մէկտեղեց իր հայ եւ ատրպէյճանցի պաշտօնակիցները:
Ժան-Իվ լը Տրիան եւ Սերկէյ Լաւրով վաղը Փարիզի մէջ պիտի անդրադառնան Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ առկայ տագնապին:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան Տան խնամակալութեան սիւներէն Տանիէլ Անթիքաճեանն ու Յարութիւն Շէշէթեանը։ Յառաջիկայ 21 նոյեմբերին պիտի նշուի Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 155-րդ տարեդարձը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Այլեւս տրուած է մեկնարկը համաշխարհայնացումի:
Ի՞նչ կ՚ենթադրէ այն. պետութիւններու, սահմաններու, կրօններու, ազգերու, արժէքներու, աւանդոյթներու եւ այլնի վերացում:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մենք՝ հայերուս համար խիստ նուիրական մականուն մըն է Ազնաւուրը: Ամբողջ աշխարհ գիտէ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրը, որուն փառքը կը շարունակուի նոյնիսկ իր մահէն ետք եւ հայ երգիչը այլեւս դասուած է աշխարհի անմահ մեծերու կարգին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ժամանակաշրջանը որ կ՚ապրինք, այնպիսի արագութեամբ փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուի, որ շատ յաճախ կատարուած փոփոխութեան մը տակաւին չվարժուած, արդէն կը հիննայ եւ անոր կու գայ փոխարինելու նորը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր հայկական իրականութեան մէջ բազմաթիւ են այն անհատները, որոնք իրենց անունը ոսկի տառերով գրած են պատմութեան էջերուն մէջ, սակայն ժամանակի ընթացքին:
Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ եւ Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի քննարկեցին երկու երկիրներու անվտանգութեան ոլորտի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերը։ Մոսկուայի եւ Թեհրանի միջեւ վերջին շրջանին շփումները խտացած են՝ մանաւանդ տարածաշրջանային նոր իրադրութեան մթնոլորտին մէջ։
Ուաշինկթըն-Փեքին առանցքին վրայ մէկ կողմէ մրցակցութիւնն ու լարուածութիւնը կը շարունակուի, իսկ միւս կողմէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ երկխօսութեան որոնումներ յառաջ կը տարուին։ Միջազգային աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի միջեւ մօտակայ ժամանակներուն տեսակապով հանդիպում մը կը նախատեսուի։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Մոսկուա կը կարեւորէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ ամբողջական ձեւաչափով Լեռնային Ղարաբաղ այցելութիւններու շուտափոյթ վերսկսումը։ «ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ձեւաչափը լայն միջազգային աջակցութիւն կը վայելէ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը հերթական անգամ գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Զաւէն Պիպեռեանի գործերէն մին։ Պոլսահայ արդի գրականութեան վրայ հետք թողած անուններէն մին է Զաւէն Պիպեռեան, որու գրական ժառանգութիւնը նորովի կ՚արժեւորուի այս նոր գիրքով։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 83-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։ Թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան մէջ ան կը վերյիշուի մասնաւոր արարողութիւններով։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս 50-ամեակ:
Տ. Վիգէն Արք. Այգազեանի ի պատիւ մեծարանքի հանդիսութիւն՝ Չելթընհեմի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը վերջերս լոյս ընծայեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» անմահական երկի արեւմտահայերէնը։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ ու նախաձեռնութեամբ, «Մատեան ողբերգութեան. ընտրանի» խորագրեալ գիրքը տպագրութեան պատրաստուած է Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի կողմէ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմէն ներս այս շրջանին օրակարգի վրայ կը գտնուի վերանորոգութեան կարեւոր ծրագիր մը։ Այսպէս, խօսքը կը վերաբերի Կէօթինկէնի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ, որ ներկայիս վերանորոգութեան տակ առնուած է։
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի առաջին տարելիցին առթիւ։ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօնը, որու ընթացքին աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած՝ նահատակեալ քաջորդիներու հոգւոյն հանգստութեան համար։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Շատեանի։ Ներկայ էր նաեւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։