Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 63 տարիներ առաջ՝ 1958 թուականին 18 ամեայ երիտասարդներ կը հիմնեն միութիւն մը, որուն հիմնական նպատակը կ՚ըլլայ Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակումը, անոնց յիշատակին յուշարձանի մը կանգնումը, Արցախի եւ Նախիջեւանի վերադարձումը եւ ամենէ՛ն կարեւորը՝ Հայ լեզուի անաղարտ պահպանումը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի առաջին տարելիցին զուգադիպած խօսակցութեան ընթացքին նախարարները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ։
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանրահաւաք մը՝ 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի առաջին տարելիցին առթիւ։ Երկրի գլխաւոր ընդդիմադիր ուժին՝ «Հայաստան» դաշինքին կողմէ կազմակերպուած հանրահաւաքին զուգահեռ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի նախաձեռնութեամբ, շաբաթավերջին Քէօլնի մէջ կազմակերպուեցաւ համերգ մը՝ հայ երաժշտութեան մեծանուն երախտաւորներէն Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Donforum» հանդիսասրահին մէջ՝ հովանաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանի։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ թեմի առաջնորդականի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած 4-րդ «Լսարանական երեկոյ»ն տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեանի հովանաւորութեամբ երկլեզու դասախօսութիւն մըն էր այս մէկը։
Խոր ցաւով վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան կը սգայ իր մօր՝ Նորա Վահանի Սարգսեանի կորուստը։ Երէկ, Նորա Սարգսեան Ստեփանակերտի մէջ մահկանացուն կնքած է 92 տարեկան հասակին։
Իտալիոյ ծերակոյտի նախագահը հիւրընկալուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքէն ներս:
Զեքիեան Գերապայծառը ներկայացուց Վենետիկով խորհրդանշուած բազմադարեայ ծաւալուն գործունէութիւնը:
«Ատրպէյճան հնարաւորութիւն պէտք է ունենայ Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանի հետ հաղորդակցելու»:
Ըստ Փաշինեանի, Պաքուէն հնչած յայտարարութիւնները ժխտական ազդեցութիւն կը գործեն տարածաշրջանի մթնոլորտին վրայ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքէն հոգեբոյժ Նուրհան Ֆստըքճը արժանացած է փրոֆեսէօրի կոչման։ Այս նուաճումը վերջին օրերուն ուրախութեան առիթ դարձած է համայնքային շրջանակներէն ներս։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին եւ յաջորդած սիրոյ սեղանին։ Թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ երէկ կազմակերպուած տարեկան նուիրահաւաքը եւ աւանդական մատաղօրհնութիւնը առիթ դարձան արտասովոր խանդավառութեան։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ Ս. Գայիանէ վանքի պատմական կամարներուն ներքեւ։ Օրուայ պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Ես ոչինչ ունէի, երբ առաջին անգամ Ամերիկա ոտք դրի... ո՛չ մէկ բան, ո՛չ մէկ ուղղութիւն եւ ոչ մէկ ճանապարհ, եղան պահեր, երբ առանձինս քալեցի ու վիճակիս վրայ լացի...»։ Ահա՛, այս բառերով կ՚արտայայտուի Հրայր Զաքարեան, որ հակառակ անցուցած դժուար օրերուն, ի վերջոյ կարողացած է ոչ միայն իրեն համար ապահով երդիք մը կերտել, այլ նաեւ դառնալ հայ երգի ջատագովներէն մին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ենովք Արմէն եւ Վահրամ Փափազեան… արեւմտահայ երկու նշանաւոր գործիչներ, որոնք մեծագոյն հետք ձգած են թէ՛ արեւմտահայ, թէ՛ արեւելահայ եւ թէ սփիւռքահայ արուեստի եւ պատմութեան մէջ: Վահրամ Փափազեանը Պոլիս ծնած է, իսկ Ենովք Արմէն, ծնած ըլլալով Էֆքէրէ, Պոլիս փոխադրուած է շատ փոքր տարիքին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Հակաիւթոփիա» բառը յաճախ կ՚օգտագործուի իւթոփիայի հակառակ պատկերը արտայայտելու համար։ Բայց երբ այս բառը առաջին անգամ օգտագործուեցաւ Ճորճ Սթիուըրտ Միլի կողմէ՝ Միացեալ Թագաւորութեան երեսփոխանական պալատին մէջ, 1868 թուականին ունեցած ելոյթի ընթացքին, այսքան չէր համապատասխաներ ներկայ իմաստին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Նկատենք թէ ոչ, արդէն իսկ կամաց-կամաց ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով կը փորձեն մեր կեանքէն հեռացնել բոլո՛ր այն արժէքները, որոնք մեզի համար սրբազան ե՛ն եւ եղած են դարեր շարունակ, սակայն այսօր ինչ-ինչ պատճառներով փոփոխութեան կ՚ենթարկուին՝ առանց աղմուկի ու դժգոհութիւններու:
Հայ նկարիչներու ստեղծագործութիւններ, «Թուրքուազ» գրավաճառատան կողմէ մասնակցութիւն:
Իսթանպուլի հնութիւններու եւ գեղարուեստի տօնավաճառը՝ Հայպիյէի «Լիւթֆի Քըրտար» համագումարներու կեդրոնին մէջ:
ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը թեւակոխած՝ հիմնադրութեան 20-ամեակը:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սահակ Սարգսեանն ու Նաղաշ Յակոբեանը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատմաբաններն ու բանասէրները զանազան ձեւերով կը փաստեն, թէ հայերէն լեզուն ամենէն հին լեզուներէն մէկն է՝ հնդեւրոպական ընտանիքին մաս կազմող: Անոնցմէ շատեր նոյնիսկ ուզած են հայերէն լեզուն ընդունիլ որպէս աշխարհի առաջին լեզու՝ խօսուած Ադամի եւ Եւայի կողմէ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Մենք գիտենք, որ կենդանաբանական պարտէզ երբ այցելենք, վայրի կենդանիները պիտի տեսնենք վանդակներու եւ կամ արգելափակուած միջավայրերու մէջ։ Այս միջոցները առնուած են այցելուներու ապահովութեան համար։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Խօսքս սփիւռքեան համբերութեան մասին է, որ այս օրերուն արդէն իսկ անոր բաժակը լեցուած է: Անկեղծօրէն այս մասին գրելու շատ բան կայ: Նաեւ կ՚ուզեմ խօսիլ շատ մը այլ «բաներու» մասին: