Արխիւ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2020

Այս առաւօտ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը։ Ս. Որդւոց Որոտման տաճարէն ներս Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց անուան տօնախմբութեան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայրենի երիտասարդ հայագէտ Մարօ Ղուկասեան ուսանած է Երեւանի Պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան բաժնին մէջ, այժմ գիտութիւններու թեկնածուի իր ուսումը կը ստանայ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու գիտահետազօտական հիմնարկէն ներս:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Երկրորդ հարցում. Գիտելի է, թէ յիմար մանիքէացիները կ՚ըսեն, թէ սատանան աստուած եւ ստեղծող էր Հին Կտակարանին մէջ, ու թէ սատանան ունի եւս միւս գերագոյն աստուածը՝ չար եւ սուտ, որ անոր հայրն է, քանի որ երբ Քրիստոս ըսաւ՝ ստախօս մըն է եւ սուտին հայրը, այսպէս կը հասկնան, թէ սատանան ու անոր հայրը ստախօս են:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նիւթական կեանքը հասարակութեան մը զարգացման հիմն է. բայց ա՛յն նիւթական կեանքը՝ որ չի սեղմուիր ինկած նիւաթապաշտ ըմբռնումներու մէջ, այլ գիտակցութիւնն է բնական այն օրէնքներուն, որոնց ազդեցութեան տակ կը գտնուի ամբողջ տիեզերքը, եւ որոնց գոհացում տալով միայն կրնանք պահպանել եւ շարունակել մեր կեանքը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած հրադադարի պայմաններուն ներքեւ շաբաթավերջին ուշագրաւ լուրեր հասան Հադրութի շրջանի Տող գիւղէն։ Պաքուի պաշտօնական աղբիւրները պնդեցին, որ կիրակի ուշ երեկոյեան հայկական զինեալ խումբ մը յարձակում գործած է Ատրպէյճանի զօրքերուն վրայ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2020

Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապը անհաւատալի հունի մը մէջ կ՚ընթանայ։ Արցախի պատերազմի ահաւոր ձախողման հետեւանքներու տակ կքած երկիրը կ՚որոնէ ելք մը, որու բնական եւ անխուսափելի նախապայմանը կը համարուի ներկայ կառավարութեան հրաժարիլը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2020

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ «www.168.am»ի հաղորդումներով, 18 դեկտեմբերին, երբ Ռոպերթ Քոչարեան կը գտնուէր Մոսկուայի մէջ, հեռախօսով զրուցած է Վլատիմիր Փութինի հետ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վերջին օրերու իրադարձութիւնները ձեւով մը ցոյց տուին, որ յառաջիկայ օրերուն անկիւնադարձային դէպքեր պիտի չպատահին Երեւանի մէջ։ Ընդդիմութիւնը, որու համար անցեալ շաբաթը եղաւ կարեւոր, նկատեց՝ թէ համաժողովրդական բողոքի մեծ ալիք մը ապահովելու ներուժը այսօր չկայ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2020

Սեւ ծովի ափին Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ տեղի կ՚ունենան բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը:
Արտաքին գործոց նախարարներ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Սերկէյ Լաւրով յետպատերազմեան պայմաններու ներքեւ կ՚անդրադառնան հրադադարի դիտարկման համատեղ կեդրոնի մասին մանրամասնութիւններ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան շաբաթավերջին յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն ուղղուած վիրաւորանքներուն, ատելութեան խօսքի ու բռնութեան կոչերուն վերաբերեալ։ Պաշտպանի գրասենեակի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժնէն հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ հետեւեալը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2020

Հայաստանի քաղաքական տագնապի առկայ անելին մէջ, տխրահռչակ կարգ մը շրջանակներ փորձեցին թիրախ դարձնել Հայց. Առաքելական Եկեղեցին ու անոր ընդհանրական գահակալը: Բռնութիւն գործադրելու աններելի կոչերով, իշխանութիւններու լուռ հաւանութեան արժանացած գրգռութիւններով պայմանաւորուած մտահոգութիւններով հանդերձ, երէկ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը մասնակցեցաւ Ս. Գայիանէի վանքի կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագին: Ժողովուրդի զօրակցութեան շօշափելի դրսեւորումը հերթական անգամ ապացուցանեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը անվիճելիօրէն կը հանդիսանայ այն հասարակաց յայտարարը, որով կ՚երաշխաւորուի համայն հայութեան միասնականութիւնը: Վեհափառ Հայրապետի կշիռին, պաղարիւնութեան եւ համախմբման կարողութիւններուն շնորհիւ կը յաղթանակէ խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ զօրակցութեան ոգին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ բաշխուած օրհնութիւնը կը պարփակէր ներկայ ճակատագրական պահուն պառակտումներէ հեռու մնալու հրամայականը:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2020

Վերջին օրերուն Հայոց Եկեղեցւոյ դէմ սանձազերծուած արշաւի շրջանակներէն ներս դեկտեմբերի 27-ին բռնութիւն գործադրելու համացանցային սպառնալիքներու առընչութեամբ Մայր Աթոռի մէջ ստացուեցան Եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակներու մտահոգութեան եւ զօրակցութեան նամակներ, հնչեցին զանազան անհատներու հանրային ելոյթներ եւ Ազգային Եկեղեցին պաշտպանելու կոչեր։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2020

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

​Ճիշդ է, որ ամէն բնոյթի բառարան ունինք. թէ՛ բացատրականն ու թարգմանականը, թէ՛ ստուգաբանականն ու դարձուածաբանականը, թէ՛ բարբառայինն ու մասնագիտականը, թէ՛ բառակազմականն ու ուղղագրականը եւ այլն: Կարելի է «Նայիրի» կայքէջը մտնել ու այս բոլորը ստուգել հոն տեղւոյն վրայ. մէկը միւսէն արժէքաւոր աշխատութիւններ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պատմական օր մը ապրեցայ երէկ: Պատմական, որովհետեւ առաջին անգամը չէր, որ հարիւրաւոր հաւատացեալներ կը փութային Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ իրենց աղօթքը կատարելու, սակայն, այս անգամ անոնք կը հասնէին նաեւ իրենց ամենախորին երախտագիտութիւնը արտայայտելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին նկատմամբ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2020

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Վստահաբար բոլորս համամիտ ենք, թէ իւրաքանչիւր պատերազմ որոշ «ճաք»եր կը բանայ հասարակութիւններու վրայ, բայց, ակնյայտ է, թէ պատերազմէն եւ անոր թողած հետեւանքներէն ամենատուժածները կ՚ըլլան երեխաներ։ Անոնք, առանց ծանօթանալու կեանքի «ճշմարիտ երես»ին, գիրկը կը նետուին ռումբերու, զէնքերու, դիակներու…

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հաւատքը՝ իր ամենալայն առումով, զօրութի՛ւն մըն է, ներուժ մըն է, որ մարդուս վստահութիւն կը ներշնչէ եւ կեանքին ամուր կերպով կապուելուն, նեղութիւններու տոկալուն պատճառ կ՚ըլլայ։ Հաւատքով է, որ մարդուս տարողութիւնը կ՚աւելնայ ամէն դժուարութիւններու նկատմամբ եւ կենդանացուցիչ զօրութեամբ կը բարձրացնէ եւ միշտ բարձր կը պահէ տրամադրութիւնը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2020

Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան աւանդական արարողութիւնները այս տարի տեղի ունեցան՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու մթնոլորտին մէջ։ Յամենայնդէպս, հոգեւոր ուրախութիւնը որոշ չափով զգալի էր եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ, ուր պատարագեց Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2020

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հայրենիքը Աստուծմէ ետք ամէն բանէ վեր է։ Անձերը կու գան ու կ՚երթան, բայց մնայունը՝ Հայրենիքն է, այն Հայրենիքը, որ այսօր մեզմէ շատերը փոխարինած են անձով մը..., իսկ անձնապաշտութիւնը կը տանի Հայրենիքի քայքայումին ու վերացումին։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բարոյական կեանքին գործադրութիւնը՝ միացած եւ ոգեւորուած սիրով, մարդուս կու տայ գերբնական ազատութիւն մը։ Բարոյական կեանք կը նշանակէ՝ բարոյական օրէնքին հնազանդութիւն, իսկ բարոյական օրէնքը աստուածային Իմաստութեան գործն է։

Էջեր