Արխիւ

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2020

Խելացի ճանապարհ, որ կը մաքրէ ձիւնն ու սառոյցը։ Այսպէս, պրուղիի շերտի տակ գտնուող մետաղեայ ցանցը, ցուցիչներու շնորհիւ, կը կանխատեսէ ձիւնի կամ սառոյցի յառաջացումը եւ վայրկեաններու ընթացքին կը տաքցնէ կպրուղին:

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2020

Ճաբոնի մէջ բարձրայարկ գրասենեակային շէնքերէն մէկուն մէջէն մայրուղի կ՚անցնի։ Այսպէս, Gate Tower Building անունով շինութիւնը Ճաբոնի Օսաքա քաղաքի բարձրայարկ գրասենեակային շէնքերէն մէկն է, զայն եզակի կը դարձնէ անոր մէջէն անցնող մայրուղին։

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2020

Աշխարհահռչակ երգիչ Էլվիս Փրեսլիի կիթառը աճուրդի մը մէջ վաճառուած է 1.3 միլիոն տոլարով։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ աճուրդի մը ընթացքին վաճառուած է առասպելական երաժիշտ Էլվիս Փրեսլիի կիթառը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2020

Յունաստանի մէջ բացուած է ստորջրեայ թանգարան մը։ Յունական առաջին ստորջրեայ թանգարանը բացուած է Ալոնիսոս կղզիի մօտակայքին՝ Եգէական ծովու արեւմտեան շրջանի մասին մէջ, ուր Ն.Ք. 425 թուականին խորտակուած էր գինիի հազարաւոր սափորներ տեղափոխող նաւը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2020

Աւստրալիոյ կենդանաբանական պարտէզին մէջ բնակող ընձուղտը հռչակուած է աշխարհի ամենաբարձրահասակը ու արձանագրուած է «Կինէս»ի մրցանիշներու գիրքին մէջ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2020

Մեծն Բրիտանիոյ մէջ կատու մը 64 քիլօմեթր քայլած է, որպէսզի վերադառնայ տուն: Կարֆիըլտ անունով կատուի տէրերը՝ Նիըլ եւ Լեսա Փէյն, կատուն տուած են մէկ այլ ընտանիքի: Մէկ քանի շաբաթ վերջ երեք տարեկան կատուն փախած է նոր տէրերէն:

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2020

Պելժիոյ մէջ զբօսաշրջիկներուն կ՚առաջարկուի հանգստանալ ծառերու վրայ տեղակայուած «կաթիլանման վրաններու մէջ»։
Պելժիոյ Լիմպուրկ նահանգին մէջ զբօսաշրջիկները կրնան ծառերու վրայ տեղակայուած «կաթիլանման վրաններու մէջ» հանգստանալ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2020

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Երկրաշարժի համազօր պայթումը ծայր աստիճան տագնապահար վիճակի հասցուց երկիրը իբրեւ պետութիւն եւ իբրեւ հասարակութիւն: Անկախ պայթումի բուն շարժառիթներուն յայտնաբերումէն, յետցըն-ցումային նոր իրավիճակ պիտի ստեղծուի նաեւ քաղաքական հարթութեան վրայ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա կը շարունակէ մտահոգիչ պատկեր մը պարզել։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց երկրի վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Եթէ եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնայ յանդիմանէ զայն, երբ որ երկուքդ առանձին էք։ Եթէ մտիկ ընէ քեզի՝ եղբայր շահած կ՚ըլլաս։ Իսկ եթէ մտիկ չընէ քեզի՝ հետդ մէկ կամ երկու հոգի եւս առ, որպսէզի -երկու կամ երեք վկաներու բերնով հաստատուի ամէն ամբաստանութիւն-։

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2020

Լիբանանին հրատապ օգնութիւն փութացնելու հրամայականը միջազգային ընտանիքի օրակարգին վրայ։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ զօրակցութեան այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ո՜րքան սփոփարար, ո՜րքան մխիթարական, ո՜րքան հանդարտեցուցիչ է Աստուծոյ ապաւինիլ, Աստուծոյ վստահիլ, քանի որ Պետրոս Առաքեալ իր ընդհանրական առաջին նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէ՛ք, որովհետեւ ինքը կը հոգայ ձեր մասին». (Ա ՊԵՏ. Ե 7)։ Արդարեւ, երբ կ՚աղօթենք եւ կ՚ըսենք «Հայր մեր…», ասիկա կ՚արտայայտէ վստահութիւն մը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեխայի բարօրութիւնը իւրաքանչիւր ծնողի երազն է: Ամէն ծնող կ՚ուզէ իր բոլոր սէրն ու նուիրումը ընծայել իր զաւկին կամ զաւակներուն:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Օգոստոսը Հայաստանի մէջ սկսաւ արտակարգ դրութեան որոշ պայմաններու թուլացմամբ: Առտուան ժամը 10-12-ը խանութներու եւ սպասարկման այլ վայրերու մէջ այլեւս միայն տարեց բնակիչներու համար սահմանուած ժամ չէ, ամէն մարդ կրնայ այդ ժամերուն խանութ եւ ուրիշ տեղեր այցելել:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2020

Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հակառակ այն իրողութեան, որ ամբողջ աշխարհը ծունկի եկած է թագաժահրի պատճառած ֆիզիքական ու տնտեսական եւ այլ բազմաթիւ կորուստներու եւ վնասներու պատճառով, հակառակ այն իրողութեան, որ մարդը կանգնած է անորոշութեան դիմաց՝ գալիքին նկատմամբ, մեր երկրին մէջ սակայն կեանքը կարծէք կը շարունակուի իր բնականոն հունով, եւ ո՛չ միայն այդքան, այլ՝ կը ստորագրուին այնպիսի որոշումներ եւ նոր օրէնքներ, որոնք պարզապէս ամօթալի են առաջին հերթին մեր երկրին համար եւ երկրորդ մեր վաղուան Հայրենիքի հորիզոնին մութ եւ գորշ ամպեր կը կուտակեն:

 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2020

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ՝ «Փոքրիկ» կայքէջի ներկայացուցիչներուն կողմէ վաղը նախատեսուած հեքիաթատօնը ջնջուեցաւ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արքեպսկ. Մաշալեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը տեղեկացուց, որ Պէյրութի պայթումի զոհերը մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով պիտի ոգեկոչուին մեր եկեղեցիներուն մէջ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2020

Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու վերաբերեալ վիճակագրական տուեալները խորապէս մտահոգիչ համեմատութիւններու հասած են։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին տուեալները։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2020

Պէյրութի հայաբնակ թաղամասերու կրած մեծ վնասը յաղթահարելու ուղղեալ վճռակամութիւն:
Երեւանի մէջ մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ պայթումի հետեւանքով մահացածներու համար. 11 հայ զոհ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պէյրութը տակաւին ընդհանուր շոքի մը փուլին մէջ է։ Ցաւը մեծ է, Լիբանանի կառավարութիւնը բաւական տկար կը մնայ, իսկ գետնի վրայ առկայ ողբերգական պատկերը կարիք ունի շատ մեծ ճիգերու։

Էջեր