Արխիւ
Հոգւոյ բերկրութեամբ կ՚ողջունենք Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագրքի արեւմտահայերէն թարգմանութեան նոր հրատարակութիւնը, որ իրականացուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ ի նպաստ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի նորոգութեան։
ԵՐԱՄ
Լոյսը նոր բացուած էր։
Տիկին Կարինէն մուճակները սալիկներուն քսելով անցաւ խոհանոց։ Վերցուց սրճեփը պահարանէն, դրաւ օճախի փոքր աչքին։
Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան. «Բնականաբար այս գրքի հրատարակութիւնը կ՚արժեւորուի քանի մը հանգամանքներով, որոնցմէ առաջինը թարգմանիչի անձն է»:
«Քասիմ արդէն իր ստացած նախնական եւ միջին բարձրագոյն կրթութեամբ հոգեւոր կեանքին նուիրուած անձնաւորութիւն մըն էր։ Պատահական չէր անոր խիստ կապուածութիւնը՝ Նարեկ մատեանին եւ այս մեծ գաղափարին մտայղացումը անոր կենսափորձի արդիւնքն էր։ Ինծի համար խիստ զարմանալի էր, անակնկալ էր տեսնել, որ Պոլսոյ մէջ, առանց համալսարանական կրթութեան, վարժարան աւարտած գրողը այսքան հմտօրէն կը տիրապետէ գրաբարին, որ կրնայ փոխադրել Նարեկը», ըսաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէնը:
Պատրիարքարանի աղբիւրները կը տեղեկացնեն՝ երէկուան դռնփակ ժողովի մասին.-
Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր նախագահութեամբ՝ Կրօնական ժողովի անդամներու եւ համայնքային ու թաղային մարմիններու ատենապետներու մասնակցութեամբ 18 փետրուար 2020-ին կայացած խորհրդակցական հանդիպումին կազմուած Կեդրոնական սեղանը՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հրաւէրով, երէկ, յետմիջօրէին ունեցաւ իր անդրանիկ հանդիպումը՝ նախագահութեամբ Նորին Ամենապատուութեան։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հուսկ բանքը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսին. «Որպէս Պոլսոյ պատրիարք՝ հպարտ եմ, թէ Պոլսոյ համայնքի ծոցէն դուրս եղած արժէք մը հարիւր տարի յետոյ այսօր կրկին հրապարակ կը դրուի եւ յօգուտ ամբողջ հայութեան վերստին կը մատուցուի»:
«Կը շնորհաւորեմ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագիր պարոն Արա Գօչունեանին, որ ընտանեկան ժառանգը կը կրէ մինչեւ այսօր, թոյլ չէ տուած, որ գանձ մը գրադարաններու փոշոտ դարակներուն մէջ մնայ, այլեւ՝ նորոգուի, վերահրատարակուի եւ մեր այսօրուան ժողովուրդի պէտքերուն համար մատակարարուի։ Շնորհակալութիւն նաեւ Վեհափառ Հայրապետին»:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
աչքերը կը ժպտին
երբ գեղեցկութիւն մը նշմարեն
կամ
նայուածքին հաճելի թուին
մազին յարդարումը
թարթիչներուն յստակութիւնը
կոպերուն գունեղ փայլքը
հագուածքին ներդաշնակութիւնը
իգականին երեւումը...
ԱՐԵԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Քանի մը օր առաջ Զաւէնիկի հետ ներկայ գտնուեցանք Քասիմի կողմէ առաջին անգամ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ»ի վերահրատարակութեան շնորհանդէսին։ Պէտք է խոստովանիմ, որ մեծ պատասխանատուութիւն մըն է երկուքուկէս տարեկան երեխայի մը հետ մասնակցիլ նմանատիպ լուրջ ձեռնարկի մը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Իսկապէս երանութեան արժանի են ան կամ անոնք, որոնք այսպէս կամ այնպէս առընչութիւն մը կամ կապ մը կրցած են հաստատել այնպիսի մեծութիւններու հետ, որոնք թէեւ ֆիզիքապէս դարեր առաջ ապրած, գործած ու անցած են, բայց հոգեպէս եւ իրենց կատարած գործով կը շարունակեն ողջ մնալ ազգերու ու ժողովուրդներու ամէնօրեայ յիշողութեան մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինչքան թուղթեր կային անոր դարակներուն մէջ։ Տոմսեր, նշմարներ, սլաքներ, երախտիքի խօսքեր, ճամբորդութենէ հաւաքուած կարճ տպաւորութիւններ ու... մարդիկ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հոլանտայի մայրաքաղաքը՝ Ամսթերտամի կեդրոնական հատուածի փողոցները կոչուած են Հոլանտական Ոսկեդարու հռչակաւոր նկարիչներուն անուններով. 17-րդ դարու հոլանտական կերպարուեստի ոսկեդարը նշանակալի ազդեցութիւն ձգած է եւրոպական արուեստի զարգացման վրայ եւ մինչեւ մեր օրերը առկայ է այդ ազդեցութիւնը:
ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վեածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Բեմին վրայ բարձրանալէն ետք, քահանան ի՞նչ կ՚աղօթէ:
Պատասխան. Նախ սարակաւագը կը յորդորէ Աստուծոյ փառք տալ, որ մեզ արժանի ըրաւ Իր Ս. Պատարագին մէջ օրհնել ու փառաբանել զԻնք. ապա, քահանան այս աղօթքը կ՚ըսէ.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այսօր, մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն կը ներկայացնենք Ուիլիըմ Սարոյեանէ (1908-1981) պատմուածք մը։ Ուիլիըմ Սարոյեան, թէեւ հայախօս, սակայն գրած է անգլերէն։ Այս պատմուածին մէջ, ան կը պատմէ Ամերիկա գաղթած հայերու կեանքէն հատուած մը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան լրագրողներուն յայտարարութիւններ ըրաւ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէպի Պրիւքսել վերջին աշխատանքային այցելութեան լոյսին տակ։ Ըստ իրեն, Հայաստան եւ Եւրոմիութիւն ունին շատ ընդարձակ օրակարգ մը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Զաւէն Պիպեռեանի «Լկրտածը» վէպին վերահրատարակութիւնը։ Սա հեղինակի անդրանիկ վէպն է, որ առաջին անգամ հրատարակուած է 1959 թուականին։
Ֆրանսահայ ուսանողներու նորաստեղծ միութիւնը կը քաջալերէ հայերէնի առաւելագոյնս գործածութիւնը:
Գործունէութեան սկիզբին որդեգրուած հիմնական նպատակներէն մին է՝ խթանել գիտական ու մշակութային կեանքը:
Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառի (INALCO) հայկական բաժանմունքի եւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի համատեղ նախաձեռնութեամբ ներկայիս մշակուած է նոր ու կարեւոր ծրագիր մը, որ հետամուտ է սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման։ Սա վկայականի ծրագիր մըն է, որ կեանքի պիտի կոչուի 2020 թուականի դեկտեմբերէն սկսեալ մինչեւ 2021 թուականի յունուարը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ երկրի Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Յակոբեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Տիգրան Յակոբեան ներկայացուց իր գլխաւորած յանձնաժողովի գործառոյթներն ու ծաւալած գործունէութիւնը։
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակուած առաջին հիւանդի պարագայի լոյսին տակ՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան այս առթիւ շեշտեց, որ ժահրէն պաշտպանուելու հիմնական նախապայմանն է մաքրութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինչ ոգիով կը հաւաքուէին եւ ինչ էր ի վերջոյ այն ուժը, որ մերոնց մէջ դարի՜ւ-դարի՛ւ հաւաքուած էր ու կը սպասէր առիթի, որպէսզի զուլալ ձայնով դուրս գար ու ժայթքէր։
Առիթը միայն կտոր մը հաց, լաւ սեղան մը, բուրաւէտ ճաշերով «մասա» մը բանալը չէր։
Ապրիլի 5-ին Հայաստանի մէջ նախատեսուած հանրաքուէին ընդառաջ վարչապետը զանազան քաղաքներէ ներս հանդէս կու գայ իրերայաջորդ ելոյթներով:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Սահմանադրական ատեանի դատաւորները ցարդ եղած են Սերժ Սարգսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կամակատարները: