Արխիւ
Արցախի ղեկավարութիւնը արձագանգեց ռուս խաղաղապահներու տեղակայման հարցին՝ Stratfor-ի վերջին պնդումներուն լոյսին տակ։
Մարիա Զախարովա. «Մոսկուա ամէն ինչ կ՚ընէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերջնական լուծումը մօտեցնելու համար»։
Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մոսկուայի հոգեւոր ակադեմիոյ տեսուչին՝ Վերէյսքիի Եւկենի Արքեպիսկոպոսին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այս օրերուն կ՚այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին կողմէ կը հիւրընկալուին ռուս հոգեւորականները՝ Մայրավանքի համալիրէն ներս։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ այցելեց Հրէից րաբունապետարան։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ շնորհաւորեց հրեայ համայնքին Ամանորը՝ «Ռոշ հաշանա»ի տօնը։
12 Սեպտեմբերին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ ժողովուրդի տաղանդաւոր արուեստագէտներէն Եղիշէ Թադէոսեանի (1870-1936), որ խորապէս արտայայտչական իր տպաւորապաշտ կտաւներով՝ ինքնուրոյն դէմք մը կը հանդիսանայ հայկական գեղանկարչութեան մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ հարցը երջանկութեան մասին է՝ կ՚արժէ մտածել, թէ՝ երջանկութեան բուն ակը դրա՞մն է։ Շատեր կ՚ըսեն, թէ առանց դրամի երջանկութիւն չ՚ըլլար, եւ այնքա՜ն համոզուած են այն գաղափարին, որ դրամը համազօր կը նկատեն երջանկութեան։
Հայանստանի Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Սթոքհոլմ՝ Շուէտի Առողջապահութեան, հանրային առողջութեան եւ մարմնամարզի նախարար Կապրիէլ Վիքշթրէօմի հրաւէրին ընդառաջ։
Հայաստանի Միջազգային գործարար կապերու աջակցման կոմիտէին կողմէ հաղորդուեցաւ, թէ յառաջիկայ Սեպտեմբերի 20-ին տեղի պիտի ունենայ «Երկիրները մէկ յարկի տակ» տարեկան ցուցահանդէս-համաժողովը, որուն շրջագծով նախատեսուած է նաեւ մրցանակաբաշխութիւն մը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան նորանշանակ ղեկավար դեսպան Փիոթըր Սվիթալսքին, որ յանձնեց իր հաւատարմագրերուն պատճէնը
Կիւմրիի մէջ տարեմուտին Աւետիսեաններու ընտանիքին եօթ անդամները սպաննած ռուս զինուորական Վալերի Փերմեաքովի դատահոգեբանական եւ դատահոգեբուժական համալիր փորձաքննութիւնը երէկ սկսաւ՝ քաղաքին մէջ խարսխուած Ռուսաստանի ռազմակայանէն ներս։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս օրերուն իրերայաջորդ շփումներ կ՚ունենայ եւրոպական յառաջատար երկիրներու ղեկավարներուն հետ։ Այսպէս, ան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հետ։
Անգարա եւ Մոսկուա կը ջանան Մերձաւոր Արեւելքի վերաբերեալ գտնել հասարակաց կէտեր:
Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու եւ Սէրկէյ Լաւրով երէկ տեսակցեցան Սեւ ծովու առափնեայ քաղաքին մէջ:
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ահաբեկչութեան դէմ բողոքի մեծ ցոյց մը։ «Ո՛չ ահաբեկչութեան, այո՛ եղբայրութեան» կարգախօսով կազմակերպուած ցոյցին շրջագծով տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ Սըհիէի հրապարակէն երթ մը իրականացուցին դէպի Ուլուս՝ Թուրքիոյ առաջին խորհրդարանի շէնքը։
Հայաստանի Պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբը նախընթաց օր Երեւանի մէջ հանդէս եկաւ շքեղ համերգով մը։ Գեղարուեստական ղեկավար Եդուարդ Թոփճեանի մականին ներքեւ տեղի ունեցաւ այս ելոյթը, օտար հեղինակաւոր արուեստագէտներու ալ մասնակցութեամբ։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Երեւանի գրասենեակի ղեկավար Քրիստոֆ Ֆրետերիք Օթթօ Պիէրվիրտի հետ։ Տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան տնօրէն Լենա Հալաճեան։
Կիւմրիի մէջ, անցեալ Յունուարի 12-ին Աւետիսեաններու ընտանիքի եօթ անդամը սպաննած ռուս զինուորական Վալերի Փերմեաքովի դատահոգեբանական եւ դատահոգեբուժական համալիր փորձագիտութիւնը տեղի կ՚ունենայ այսօր։ Կիւմրիի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի զինուորական ռազմախարիսխէն ներս տեղի կ՚ունենայ փորձաքննութիւնը, որուն ներկայ կը գտնուին Աւետիսեաններու փաստաբանները։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան եւ Մերքէլ զրուցեցին սուրիացի գաղթականներու կացութեան շուրջ։
Արտաքին գործոց նախարարը Պաքուի պաշտօնական շփումներուն աւարտին ուղեւորուեցաւ դէպի Սոչի:
Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու վերահաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ Անգարայի մօտեցումները:
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խումբ մը սաներ նախընթաց օր այցելեցին Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին։ Վարժարանի 9-րդ դասարանի աշակերտներէն բաղկացեալ խումբը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանի կողմէ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
TEOG-ի քննութիւններուն այս տարի առաջին անգամ պիտի ընդգրկուին նաեւ հայոց կրօնին վերաբերեալ հարցումներ:
Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ խումբ մը կրթական մշակներ երէկ Անգարա այցելեցին՝ քննարկելու համար հարցումներու պատրաստութեան վերաբերեալ նիւթեր: Ազգային կրթութեան նախարարութեան չափման եւ արժեւորման բաժանմունքին հետ կը ծաւալուի դրական աշխատանք:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մեծն Բրիտանիոյ թագաւորական ընտանիքի ամենէն կրտսեր անդամը՝ չորս ամսուան արքայադուստր Շարլոթը, որ ծնունդէն ի վեր հանրութեան ներկայացուած է ընդամէնը երեք անգամ, արդէն 4 միլիառ եւրօ ապահոված է իր հարազատ երկրին համար։