Արխիւ

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2015

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան յայ­տա­րա­րեց, որ սահ­մա­նի վրայ լա­րուա­ծու­թիւն ստեղ­ծե­լու մի­ջո­ցաւ Ատր­պէյ­ճան կը փոր­ձէ լու­ծել քա­նի մը խնդիր։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Սէյ­րան Օ­հա­նեան ե­րէկ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս զրու­ցեց զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2015

Երեւանի եւ Փեքինի ղեկավարութիւններուն միջեւ երէկ տեղի ունեցան ամենաբարձր մակարդակի վրայ բանակցութիւններ։
Սերժ Սարգսեան պետական արարողակարգով հիւրընկալուեցաւ Սի Ծինփինի կողմէ։
Չինաստան հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ կառուցումը նախատեսուած երկաթուղիի ծրագրին նկատմամբ։

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սոֆի Սարեան կը մեկնաբանէ մեծանուն եւ անմոռանալի արուեստագէտ Մարտիրոս Սարեանի կեանքն ու գործունէութիւնը՝ ծննդեան 135-ամեակի յոբելենական շրջանին:
Տուն-թանգարանի վերանորոգութեան աւարտին, յաջորդ տարի հազարաւոր այցելուներու առջեւ պիտի վերաբացուի Վարպետին հարուստ աշխարհը:

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2015

Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ 2015-ի վերաբերեալ ձեռնարկ մը:
Սորպոնի համալսարանի երդիքին տակ հաւաքոյթը բացուեցաւ Ֆրանսայի Կրթութեան նախարարին ելոյթով:

 

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնաւ խոր­հե­լու ա­ռիթ ու­նե­ցա՞ծ էք սի­րե­լի­նե՜ր. աչ­քով տե­սած ո­րե­ւէ «իր», չի մնար որ­պէս պատ­կեր, այլ մեր մտքին մէջ կը փո­խա­կեր­պուի «խոր­հո՛ւրդ»ի մը՝ որ ոչ մէկ նմա­նու­թիւն կ՚ու­նե­նայ աչ­քին տե­սա­ծին հետ։

 

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015

«Մետիամաքս»ի եւ «ՎիվաՍել»ի համատեղ նախաձեռնութիւնը տարելիցի առթիւ։
Ծրագիրը ներկայացուեցաւ Վիգէն Սարգսեանի, Ռալֆ Եիրիկեանի եւ Արա Թադէոսեանի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը ե­րէկ ըն­դու­նեց բա­նա­ձեւ մը, ո­րով ճանչ­ցաւ 1915-1923 թուա­կան­նե­րուն Օս­մա­նեան պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րէն ներս ապրուած ա­սո­րի­նե­րու եւ Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ լա­րուած մթնո­լոր­տը կը մնայ առ­կայ։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, վաս­տա­կա­ւոր զօ­րա­վար Ար­քա­տի Տէր-Թա­դէո­սեան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծի վրայ առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան դրդա­պատ­ճառ­նե­րուն շուրջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Աւստ­րա­լիա։ Քան­պե­րա­յի մէջ ան շփում­ներ ու­նե­ցաւ տեղ­ւոյն ղե­կա­վա­րու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան նա­խըն­թաց օր տե­սակ­ցե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Թիւրք­մե­նիս­տա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պան Մու­հա­մետ­նիազ Մա­շա­լո­վի հետ, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մագ­րե­րուն կրկնօ­րի­նակ­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015

Մինչ կ՚ընթանայ Սթրազպուրկի դատավարութիւնը, «Հիւրրիյէթ»ի մէջ ուշագրաւ հարցազրոյց մը:
«Վաթան» կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչէք. «Եթէ հարցը թուրք-հայ կռիւի վերածէինք, ապա չէինք կրնար դատը շահիլ։ Ազգայնականները չէին կրնար արձանագրել այս յաջողութիւնը»:

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015

 Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ յարաբերութիւնները յարատեւ վերելք կ՚արձանագրեն վերջին երկու տասնամեակներուն:
 Երեւանի եւ Փեքինի քաղաքական իրերանման մօտեցումները կը խրախուսեն նաեւ առեւտրատնտեսական գործընկերութիւնը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015

Հա­յաս­տա­նի ճատ­րա­կի հա­ւա­քա­կա­նի ան­դամ­նե­րէն Հրանդ Մել­քու­մեան ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Իս­թան­պուլ։ Ե­ռօ­րեայ կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին ան հիւրն էր Իս­թան­պու­լի Ճատ­րա­կի միու­թեան նա­խա­գահ Առ­նօ Կա­րա­պե­տեա­նի։

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015

Բանկալթիի երբեմնի Անարատ Յղութիւն վարժարանը վերանորոգուելէ վերջ դարձած է ժամանակակից կեդրոն մը:
Համալիրը կ՚ընդգրկէ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատունը, նաեւ գրադարան, հաւաքներու դահլիճ եւ ցուցադրասրահ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ո­րե­ւէ ար­ժէք մը ի՞ն­չով կա­րե­լի է չա­փել՝ իր քա­նա­կու­թեամ­բը թէ՝ ո­րա­կո­վը։ Ի՞նչ կը խոր­հիք այս մա­սին սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ։ Ո­րե­ւէ գո­յու­թիւն, եւ կամ ո­րե­ւէ ի­րո­ղու­թիւն յարգ ստա­նա­լու հա­մար ո՞ր մէկը կա­րե­ւոր է. ա­նոր քա­նա՞­կը թէ՝ ո­րա­կը։

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2015

Երեւանի մօտ Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ դեսպաններուն երէկուան մամլոյ ասուլիսը:
Ֆրանսախօսութեան շարժման ծիրէն ներս նախատեսուած ձեռնարկներու շարք մը:

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2015

Հա­լէ­պի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն սաստ­կա­ցած են բռնու­թիւն­նե­րը։ Քա­ղա­քի քա­նի մը շրջան­նե­րէն ներս ապրուած ա­հա­ւոր ռմբա­կո­ծում­նե­րը հեր­թա­կան ան­գամ ու­նե­ցած են ա­ղի­տա­լի հե­տե­ւանք­ներ։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, ե­րէ­կուան դէպ­քե­րուն հայ մըն ալ զոհ գնաց Հա­լէ­պի մէջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2015

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեամբ կը մեկ­նի Փե­քին, ուր կը հիւ­րըն­կա­լուի Չի­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սի Ծին­փի­նի կող­մէ։ Հա­յաս­տան-Չի­նաս­տան բարձր մա­կար­դա­կի բա­նակ­ցու­թիւն­ներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան Փե­քի­նի մէջ, ուր նա­խա­տե­սուած է նաեւ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ շարք մը ո­լորտ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման ու զար­գաց­ման ուղ­ղեալ փաս­տա­թուղ­թե­րու ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն։

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2015

Արամ Ա. Կաթողիկոս, Թաւատրոս Բ. Պատրիարք եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարք հանդիպեցան Գահիրէի մէջ:
Հայ, Ասորի եւ Ղպտի եկեղեցիները կը ձգտին զարգացնել իրենց կապերը Միջին Արեւելքէն ներս:

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Նշանաւոր երաժիշտը այսօր կը ներկայացնէ նոր ծրագիր մը, որ ուղղուած է հայ հոգեւոր երաժշտութեան նոր մեկնաբանութեան:
Տիգրան Համասեանի համոզմամբ, հպարտ պէտք է զգալ այդ գանձերով եւ այդպիսի ժառանգութեան մը տէրը ըլլալու հանգամանքով:



Էջեր