Արխիւ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան տարիներ առաջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գտնուելու ժամանակ գրի առած էր պատմավէպ մը, որ կը կոչուէր «Երկու ուխտաւոր»։ Վերջերս Պատրիարքական Աթոռի հրատարակչութեան բաժանմունքը վերահրատարակեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ հեղինակուած այս գիրքը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020

Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահներուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ կարեւոր հեռաձայնային տեսակցութիւն մը:
Էրտողան եւ Մաքրոն անդրադարձան այն բոլոր հրատապ խնդիրներուն, որոնք լարուածութեան ու տարակարծութեան պատճառ կը դառնան Անգարայի եւ Փարիզի միջեւ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Լուսապայծառ ու արեւոտ օր մը, թէյի սեղանի շուրջ պարտէզի մէջ նստած, հաճելի զրոյցի բռնուած էինք: Կը խօսէինք զանազան նիւթերու շուրջ, արուեստէն մինչեւ գիտութիւն ու քաղաքականութիւն:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020

Վնասուած բնակարաններու վերանորոգութեան ճանապարհին ընդհանուր գնահատման աշխատանք:
ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի կամաւորները շաբաթներէ ի վեր անխափան գործ կը տեսնեն՝ լիբանանահայութեան հրատապ խնդիրներուն շօշափելի լուծումներ գտնելու եւ ընտանիքներու առօրեան տանելի դարձնելու առաջադրութեամբ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020

ԵՐԱՄ

Առաւօտ շուտ արթնցաւ Զանան։ Նայեցաւ հայելիին մէջ. աչքին կապոյտը սեւցած էր արդէն։ Թեթեւ վերարկու մը առաւ վրան, ելաւ դուրս եւ սկսաւ արագ քայլերով իջնել վար Կոնդէն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 75-րդ նստաշրջանի բացումը առիթ հանդիսացաւ հերթական անգամ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի շօշափուելուն։ Այս տարի թէեւ աշխարհի երկիրներու ղեկավարները Նիւ Եորքի մէջ չեն համախմբուած քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով, սակայն անոնք հեռավար դրութեամբ կը փոխանցեն իրենց պատգամները՝ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերուն շուրջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդիկ կը խորհին՝ բնական է, քանի որ մարդը բանաւոր էակ մըն է. մարդիկ կը խօսին՝ այս ալ բնական հետեւանքն է բանականութեան, քանի որ մարդ արտայայտել կ՚ուզէ իր խորհածը, իր մտածումը եւ կարծիքները։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020

Ընկերային ցանցի մը մէջ պատմած են ծննդեան օրուայ առթիւ ամենավատ նուէրներու մասին։ Reddit-ի օգտատէրերը թուարկած են այն ամենաահաւոր նուէրները, որոնք ստացած են իրենց տարեդարձին առիթով։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020

Զուիցերիոյ մէջ բացուեցաւ աշխարհի ամենաբարձր տուրմի շատրուանը։ Այսպէս, աշխարհահռչակ տուրմի ընկերութիւններէն՝ զուիցերական Lindt-ը, սեպտեմբերի սկիզբին բացաւ «Տուրմի տուն», որու գլխաւոր գրաւչութիւնն է 9 մեթր բարձրութեամբ աշխարհի ամենամեծ տուրմէ շատրուանը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020

Գերմանացի տարեց զոյգ մը խնամուած արտաքինի եւ ոճային զգեստներու շնորհիւ մշտապէս կը յայտնուի հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնին։ Այսպէս, Գերմանիոյ մայրաքաղաքը՝ Պերլինի մէջ բնակող զոյգը՝ Պրիտ Քանիա եւ Կիւնթէր Քրապէնհէօֆ, տարեց ըլլալով հանդերձ, աշխոյժ կենսակերպ կը վարեն եւ չեն բացակայիր որեւէ նշանակալի մշակութային եւ հասարակական միջոցառումէ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020

Նշուած են նախաճաշի ամենավտանգաւոր մթերքները։ Այսպէս, բժիշկ-սննդագէտ Իննա Քոնոնենքօ նշած է այն մթերքները, որոնց օգտագործումը նախաճաշին կրնան վնասել առողջութեան եւ յանգեցնել ճարպակալման։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020

Կրիփով եւ քորոնաժահրով միաժամանակեայ վարակումը կը կրկնապատկէ մահուան ռիսքը։ Այսպէս, եղանակային  կրիփով եւ նոր քորոնաժահրով միաժամանակեայ վարակումը կը կրկնապատկէ մարդոց մահուան ռիսքը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020

Մոցարթի երաժշտութեան ներքոյ Երեւանի բակերէն մէկուն մէջ կը ցուցադրուին նկարիչ Արթուր Յովհաննիսեանի գործերը։ Այսպէս, «Մոցարթը քաղաքին մէջ» խորագրով միջոցառման շրջանակէն ներս կը միաւորուին մեծանուն յօրինողի երաժշտարուեստն ու հայ ժամանակակից նկարիչ Արթուր Յովհաննիսեանի Forms And Reflections շարքի քաղաքաշինական աշխատանքները:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020

Ազգագրական երգ ու պարը՝ Տաւուշի մէջ. «Գութան» փառատօնին տասներեք համոյթ կը մասնակցի։ Հայաստանի աւանդական երգ ու պարի «Գութան» ամենամեայ փառատօնը այս տարի տեղի կ՚ունենայ սեպտեմբերի 25-26-ին Տաւուշի մարզի սահմանապահ տասներեք համայնքներէն ներս՝ Բաղանիս, Կոթի, Բերդաւան, Ոսկեպար, Բերքաբեր, Վազաշէն, Պառաւաքար, Այգեպար, Ներքին Կարմիրաղբիւր, Արծուաբերդ, Մովսէս, Չինարի եւ Բերդ քաղաքին մէջ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020

Airbus ընկերութիւնը տեղեկացուց, որ կը ծրագրէ արտադրել օդանաւեր, որոնք վնասակար կազերու արտահոսք պիտի չունենան, պիտի բանին ջրածինով եւ անոնց արտադրութիւնը պիտի սկսի 2035 թուականին։ Օդանաւերու վառելանիւթի փոխարէն ջրածինով պիտի աշխատին այս նոր օդանաւերը՝ բոլորովին բնապահպանական սկզբունքներուն համակերպելով։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2020

Սամաթիոյ ընտանիքը շաբաթավերջի աւանդական մատաղօրհնութեան ընդառաջ կ՚ապաւինի համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան՝ երաշխաւորելու համար Սահակեան-Նունեան վարժարանի առաքելութեան կայունութիւնը եւ գործունէութեան ընդհանուր արդիւնաւէտ երթը:
Առկայ ծանր կացութիւնը նկատի ունենալով՝ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը անկեղծութեան փորձաքարի առջեւ կը համարէ մասնաւորապէս ունեւոր հաստատութիւնները, որոնք պատրաստակամ պէտք է ըլլան հաւաքական ծով կարիքներու դիմագրաւման նպաստելու ճանապարհին, տրամադրելով իրենց միջոցները:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Երբ անոնք գացին, Ինքն ալ գնաց տօնակատարութեան, ո՛չ թէ բացայայտ կերպով, այլ՝ ծածուկ» (Յհ 7.10):
Մեկնութիւն.
Եւ թէ Քրիստոս ճշմարտապէս ըսաւ՝ «Ես այդ տօնակատարութեան պիտի չերթամ» չորս պատճառով. նախ՝ տօնակատարութեան սկիզբը չգնաց, այլ՝ չորրորդ օրը: Երկրորդ՝ անոնց հետ չգնաց, այլ՝ ետքէն:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Անցնող օրերուն Լիբանանի մէջ հողին յանձնուեցաւ Լիբանանի նշանաւոր կիներէն մէկը՝ ազնուական ծագումով Լէյտի Սըրսոք, որ մահացաւ 98 տարեկանին՝ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վիրաւորուելէ եւ 27 օր տառապելէ ետք:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մտածականը մարդուս բանականութեան բնական մէկ հետեւանքն է։ Մտածականը յատկապէս փնտռտուք մըն է։ Հոգին կը փնտռէ հասկնալ «ինչու»ն եւ «ինչպէս»ը։ Այս իմաստով, հետաքրքրութիւնը մարդուս յատուկ ընդոծին զգացում մը՝ ներքին մղում մըն է։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2020

«Պեթա» արեւադարձային մրրիկը մոլեգնած է Թեքսասի մէջ։ Այսպէս, «Պեթա» արեւադարձային մրրիկը, որ սեպտեմբերի 18-ին յառաջացած է Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ, սեպտեմբերի 21-ի երեկոյեան մոլեգնած է Թեքսասի նահանգի ծովափին:

Էջեր