Արխիւ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021

Վլատիմիր Փութին 44-օրեայ պատերազմէն վերջ երկրորդ անգամ մէկտեղեց Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը, որոնց նուիրեց ձիթենիի ճիւղեր՝ ի նշան խաղաղութեան:
Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետները յաջորդ շաբաթ Մոսկուայի մէջ պիտի հաւաքուին՝ ամփոփելու համար որոշ արդիւնքներ եւ յայտարարելու այն որոշումները, որոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է Սոչիի երէկուան գագաթաժողովի ընթացքին: Թէ՛ Երեւան եւ թէ Պաքու դրական ազդանշաններ կու տան Պրիւքսելի ժամադրութեան ընդառաջ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառաւ՝ շատ մը գործատեղիներ, ճաշարաններ, շարժանկարի սրահներ, մարզական աւաններ եւ այլն ժամանակաւոր կերպով փակուեցան եւ անոնց գործաւորները անգործութեան դատապարտուեցան։ Այդ գործաւորները՝ ըստ ամերիկեան օրէնքի տրամադրութեան, դիմեցին կառավարութեան օգնութեան համար։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Եւ մանաւանդ՝ 16 Նոյեմբեր...:
Արիւնոտ թուական մը եւս աւելցաւ ներկայ մեր պատմութեան էջերուն մէջ: Կարծես, ասկէ «առաջուանները» չէին բաւեր, հիմա ալ այս մէկն ալ աւելցաւ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանի վարչապետ Նաժիպ Միքաթի այսօր շրջապտոյտի մը ելած է։ Վարչապետը նախ կ՚այցելէ Վատիկան, ապա շատ հաւանաբար մեկնի՝ Անգարա եւ Գահիրէ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ղուկասի Աւետարանին 12-րդ գլուխին 13-21 համարներուն մէջ կը կարդանք մեր Տիրոջ պատմած մէկ առակը, որ վերնագրուած է՝ «Անմիտ հարուստին առակը» անունով:
Ժողովուրդէն մէկը դիմելով Տէր Յիսուսի կը խնդրէ, որպէսզի միջնորդ ըլլայ եւ իր եղբօր ըսէ, որպէսզի իր հօրմէն մնացած իր բաժին ժառանգութիւնը տայ իրեն:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

​Տարիներ առաջ Վենեզուելայի ժողովուրդը բողոքի ցոյց բարձրացուց իր բռնապետ Նիքոլա Մատուրոյի եւ իր կնոջ՝ Սիլիայի դէմ, աշխարհահռչակ խոհարար Նուսրէթի (Salt Bae) ճաշարաններէն մէկուն մէջ թանկարժէք միսեր ճաշակելու եւ թանկ սիկառը բերնին զուարճալի պահեր ունենալուն պատճառով:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021

Երեւանի մէջ երէկ բացուեցաւ ֆրանսահայ արուեստագէտ Ռոտոլֆ Պարսիկեանի «Թուային կեանք» խորագրեալ ցուցահանդէսը։ Նոր ժանրի ստեղծագործութիւններով կազմակերպուած ձեռնարկ մըն է այս մէկը, որ գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021

ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Կրիան զզուեցաւ իր դանդաղ քալուածքը ծաղրողներէն եւ աչքերը սեւեռած պտտեցաւ անտառին մէջ:
Տեսաւ նապաստակ մը, ուրախութեամբ հետեւեցաւ անոր եւ փափաքեցաւ իրեն պէս ըլլալ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Բազմահազար հատորներ ալ գրուին, տասնեակ հազար ուսումնասիրութիւններ ալ կատարուին սիրոյ ինչութեան մասին, սէրը մի՛շտ պիտի մնայ առեղծուածային: Առեղծուած՝ որ ի հարկին հրէշը հրեշտակ ու ամենակարողը՝ անկարող կը դարձնէ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Եաիր Լափիտի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ իրականացուած վերջին յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021

Նիկոլ Փաշինեան, Վլատիմիր Փութին եւ Իլհամ Ալիեւ այսօր կարեւոր ժամադրութիւն մը ունին Սոչիի մէջ:
Ռուս վերլուծաբանները բեկում մը չեն նախատեսեր այսօրուան գագաթաժողովէն: Մարիա Զախարովա հաստատեց, որ Երեւան Մոսկուայի միջնորդութեան դիմած է՝ Անգարայի հետ փոխյարաբերութիւններու կարգաւորման համար:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Նոյեմբեր 9-ի նախօրեակին ծրագրուած ձեւով շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ լրատուութիւն՝ Մոսկուա-Երեւան-Պաքու եռակողմ հանդիպման մասին: Ապա պաշտօնապէս խօսուեցաւ հանդիպման հեռակայ առցանց ձեւաչափին մասին:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021

Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս լոյս ընծայած է յայտնի մտաւորական Այհան Աքթարի կողմէ հեղինակուած հատոր մը, որ կը կոչուի՝ «Ունեւորութեան տուրքն ու թրքացման քաղաքականութիւնները»։ Այհան Աքթար ծանօթ ակադեմական մըն է, որ երկար ժամանակէ ի վեր բազմակողմանի գիտական գործունէութիւն կը ծաւալէ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն վերաբերեալ նիւթերուն շուրջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ խմբագրութեանս կողմէ հնչեցուած ահազանգի արձագանգները կը շարունակուին հայաշխարհէ ներս։ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցները այս շրջանին իրերայաջորդ հրապարակումներ եւ հաղորդումներ կը կատարեն այս կապակցութեամբ։ Նոյն ծիրին մէջ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ գրութիւն մը՝ «Աջակցինք Իսթանպուլի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին, որպէսզի շարունակէ վաւերագրել ժամանակը» խորագրով։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ քաղաքս։ Կը տեղեկանանք, որ Նորին Սրբազնութիւնը Իսթանպուլ պիտի գայ մասնակցելու համար Յունաց Պատրիարքարանին կողմէ կազմակերպուած գիտաժողովի մը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս օրերուն կ՚այցելէ Մոսկուա։ Նորին Սրբութիւնը հայրապետական այցելութեամբ մեկնած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021

Թոփգաբուի ընտանիքը վերջին օրերուն աւանդական ոգեւորութեամբ նշեց Ուսուցչաց օրը։ Այսպէս, Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որու ընթացքին աշակերտներու կողմէ կատարուած ելոյթները թէ՛ ծափահարելի էին եւ թէ ցոլացուցին անոնց կողմէ տածուած երախտագիտութիւնն ու սէրը՝ իրենց ուսուցիչներուն նկատմամբ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ դարձեալ ընդունեց պոլսահայ նախակրթարաններու տնօրէնները:
Հայերէնի եւ կրօնի առարկաներու դասաւանդման արդիւնաւէտութեան բարձրացման համար ուշագրաւ որոնումներ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2021

Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (San Gregorio Armeno) եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց երեկոյեան տեղի ունեցաւ էքիւմենիք աղօթք մը։ Խորքին մէջ, սա շատ յատկանշական արարողութիւն մըն էր, որուն միասնաբար նախագահեցին Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ ու Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Նափոլիի վիճակաւոր Արքեպիսկոպոս Միմմօ Պաթալիա։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2021

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ հնչած ահազանգը կը շարունակէ լայն արձագանգ գտնել հայաշխարհէն ներս։ Այս ամբողջին մէջ Հայաստանի ժուռնալիստներու (լրագրողներու) միութիւնը նախընթաց օր հանդէս եկաւ մասնաւոր յայտարարութիւնով մը, որով մտահոգութիւն յայտնեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի փակման վտանգի դէմ յանդիման մնացած ըլլալուն բերումով։

Էջեր