Արխիւ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2021

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի անկախութենէն ետք Հայաստանի պետական եւ ոչ-պետական հիմնարկներուն մէջ սփիւռքահայ մասնագէտները միշտ աշխատած են, սակայն պետական համակարգին մէջ անոնց թիւը սահմանափակ եղած է: Տարի մը առաջ առաջին անգամ Հայաստանի մէջ փորձ կատարուեցաւ աւելի մեծ թիւով սփիւռքահայեր հրաւիրելու եւ զանոնք Հայաստանի պետական համակարգին մէջ ներգրաւելու նպատակով:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2021

«Իշխանութիւններուն համար աւելի դիւրին էր ամէն ինչ յանձնել՝ քան ծանր որոշում մը առնել»:
Ռոպերթ Քոչարեան Նիկոլ Փաշինեանը ամբաստանեց պատերազմի ժամանակ պատասխանատուութենէ խուսափելով:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2021

Փաշինեան Փութինի հետ վաղուայ ժամադրութեան ընդառաջ հարցազրոյց մը տուաւ «Ինթերֆաքս»ին:
«Սահմանը միակողմանիօրէն փակուած էր դեռ 1993-ին։ Տարածքաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութեան եւ տնտեսական հեռանկարի վերականգնման համար անհրաժեշտ է, որ Թուրքիան փոխէ իր ակրեսիւ քաղաքականութիւնը Հայաստանի դէմ»:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2021

Անգարայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ կարեւոր գագաթաժողով մը։ Մեկնաբանները՝ Պեշթեփէի մէջ նախատեսուած այս կարեւոր ժամադրութիւնը կ՚որակեն Թուրքիա-Եւրոմիութիւն բնականոնացման գագաթաժողով։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը հիւրընկալէ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէնը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Երբ բարի, չար ու վարձկան հովիւներուն մասին ըսաւ, հիմա ոչխարներու զանազանութեան մասին կ՚ըսէ:
Ասիկա կրկնակի նշանով. նախ՝ հովիւին եւ ոչխարներուն ճանաչումի անդրադարձութեան համար, ինչպէս այստեղ կ՚ըսէ. «Կը ճանչնամ ոչխարներս եւ անոնք ալ զիս կը ճանչնան» (Յհ 10.14):

Երեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2021

ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ԱՐՔ. ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Անցեալ տարուան ընթացքին ողջ աշխարհը ցնցուեցաւ պսակաժահրի պատճառով. ան յառաջացուց տնտեսական, ընկերային եւ հոգեկան նոր իրավիճակներ, որոնց հետեւանքները ցարդ լուծուած չեն։ Հայ իրականութեան մէջ, սոյն վարակի կողքին աղիտալի վիճակներու ենթարկուեցան մեր Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիբանանի գաղութները. մենք ալ որպէս եկեղեցի եւ համայնք՝ փորձեցինք օգտակար ըլլալ անոնց։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2021

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Ս. Զատկի տօնական օրուայ երեկոյեան Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքը, որուն ընկերացան Լիբանանի ասորի համայնքի երկու առաջնորդներն ու այլ հոգեւորականներ։ Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողքին էին Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան, Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Տ. Մակար Եպսկ. Աշքարեան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2021

Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներէն Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի (Ֆրանսա) վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Ան երէկ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի կողմէ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2021

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Միջազգային շարժանկարի քննադատներու դաշնակցութեան (FIPRESCI) նախագահ վերընտրուած է Ալին Թաշճեան։ Անցեալ շրջանին ան եղած էր այդ պաշտօնը ստանձնած՝ իգական սեռի առաջին ներկայացուցիչը պատմութեան մէջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2021

Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնէն ներս երէկ գիշեր ծագեցաւ հրդեհ մը։ Որոշ տաղաւարներ եւ խանութներ այրեցան՝ ներառեալ ապրանքները։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 5, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Ս. Զատկի տօնին առթիւ շաբաթավերջին հրապարակեց շնորհաւորական մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր պատգամին թրքերէն բնագիրը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 5, 2021

Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը Վատիկանի մէջ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ հանդէս եկաւ տարեկան «Քաղաքին եւ աշխարհին» ուղղեալ պատգամով։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 5, 2021

ԴԱՆԻԷԼ ԵՊՍԿ. ՖԸՆՏԸՔԵԱՆ

Մեր Տիրոջ երկրային առաքելութեան վերջին գիշերն էր- վերջին գիշերը՝ ազատօրէն եւ անկաշկանդ արտայայտուելու իր սիրած անձերուն մօտ։ Եւ Քրիստոս նախընտրեց, որ այդ մի քանի թանկագին ժամերը իր ընկերներով շրջապատուած ըլլայ, ընթրիքի սեղանին շուրջ հաց կիսելով եւ իր Հօրը աղօթելով անցընէ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 5, 2021

Երէկ, Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ համայն հայութեան ուղղեալ տաղաւարի պատգամը տուաւ յընթացս հայրապետական Ս. Պատարագի։ Ստորեւ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը կը ներկայացնենք արեւմտահայերէնի վերածելով։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 5, 2021

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին աւանդական շուքով նշեց Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը։ Տաղաւարի աւետիսը եկաւ հոգեւոր հրճուանքով եւ յարաբերական լաւատեսութեամբ համակել համայն հայաշխարհը, որ ներկայիս պատմականօրէն ծանր շրջան մը կը դիմագրաւէ՝ մասնաւորապէս պատերազմի ողբերգական հետեւանքներուն բերումով։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 5, 2021

ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Յարգելի ու հաւատացեալ ընթերցող, անգամ մը եւս եկեղեցին բարձրաձայն կ՚աղաղակէ ու կ՚աւետէ մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը։
Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 5, 2021

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Դասարանին բանաստեղծը...
19-րդ դարավերջին ու 20-րդ դարասկիզբին բնական երեւոյթ էր, որ մանաւանդ Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն մէջ իւրաքանչիւր դասարան ունենայ իր բանաստեղծը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 5, 2021

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ֆրանս Քաֆքայի ամենայայտնի ստեղծագործութիւններէն մին է «Կերպարանափոխութիւն»ը, որ առաջին անգամ հրատարակուած է 1915 թուականին եւ կը համարուի հեղինակի ամենահանրաճանաչ գործը։ Գիրքը կը ծանօթացնէ «միջատի վերածուած մարդ» մը, սակայն վէպի հաղորդած իմաստը եւ տողատակերը այսքանով սահմանափակուած չեն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 5, 2021

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կողոսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ Պօղոս Առաքեալ կը յիշեցնէ թէ՝ «մկրտուելով, անոր (Քրիստոսի) հետ միասին թաղուեցաք, եւ անոր հետ ալ յարութիւն առիք» (2.12)։
Մկրտութեամբ քրիստոնեան անդամ կը դառնայ եկեղեցւոյ։ Եկեղեցին Քրիստոսն է իր խորհրդական մարմնով, իր կեանքով ու առաքելութեամբ։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 3, 2021

Էջեր