Արխիւ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Գեր­մա­նիա­յէն խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւն մը, որ այս օ­րե­րուն շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Գումգաբու առայժմ լուռ…​

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ ծրագ­րուած դի­մու­մը ի վեր­ջոյ կա­տա­րուած է։ Ան­ցեալ տա­րի Սեպ­տեմ­բե­րին Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղե­կա­ցու­ցած էր այս մա­սին ա­ռա­ջին ան­գամ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն կազ­մա­կեր­պուե­ցան ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին բնոյ­թով զա­նա­զան ձեռ­նարկ­ներ։ Այդ ծի­րին մէջ ա­ռանձ­նա­պէս հե­տաքրք­րա­կան էին տղոց ի­րա­կա­նա­ցու­ցած պտոյտ­նե­րը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

«Եւ­րո­տե­սիլ 2015»ի մրցոյ­թի ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ «Genealogy» խում­բը, ո­րու ան­դամ­նե­րը ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քե­ցին մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Եւ­րո­տե­սի­լի Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րա­կու­թեան ղե­կա­վար Գո­հար Գաս­պա­րեան մրցոյ­թին ըն­դա­ռաջ կազ­մա­կեր­պուած ե­րէ­կուան մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին յայտ­նեց, թէ հինգ ցա­մա­քա­մա­սե­րէ ե­կած ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ այս խում­բը կը հա­մա­րուի ինք­նու­րոյն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բե­րը ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, որ Փա­րիզ կը շա­րու­նա­կէ հա­ւա­տա­րիմ մնալ իր յանձ­նա­ռու­թեան՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան հա­մար բա­նակ­ցուած ու տե­ւա­կան լուծ­ման մը գտնուե­լուն ուղ­ղու­թեամբ, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, բան­բե­րը ե­րէկ պա­տաս­խա­նեց ֆրան­սա­ցի լրագ­րո­ղի մը հարց­ման՝ Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի շա­բա­թա­վեր­ջին Պա­քու կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան շուրջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

«Հիւր­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թի աշ­խա­տա­կից­նե­րէն Ճան­սու Չամ­լը­պէլ, որ վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան, ե­րէկ նոյն թեր­թին մէջ շա­հե­կան հար­ցազ­րոյց մը հրա­պա­րա­կեց Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րէն պատ­մա­բան Վահ­րամ Տէր-Մատ­թէո­սեա­նի հետ, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ մօտ։ Վահ­րամ Տէր-Մատ­թէո­սեան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէ ա­ռա­ւել չա­փով Թուր­քիոյ մէջ իս­լա­մա­կա­նու­թեան եւ քե­մա­լա­կա­նու­թեան վրայ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

Պել­ժիոյ Փոխ-վար­չա­պետ ու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Տի­տիէ Ռէյն­տէրս ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ ու­նե­ցած շփում­նե­րուն շրջագ­ծով հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Ռէյն­տէրս ներ­կա­յիս միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Եւ­րո­խոր­հուր­դի Նա­խա­րար­նե­րու կո­մի­տէի նա­խա­գահն է։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

Հանրապետութեան նախագահը կը շարունակէ քննդատել Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի ղեկավարները՝ հայկական հարցին բերումով:
Էրտողան. «Մենք խնդիր մը չունինք Հայաստանի ժողովուրդին հետ, հարցը հայկական իշխանութիւններն են, հայոց սփիւռքն է»:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հին տե­սա­կէ­տէ յատ­կան­շա­կան ձեռ­նարկ մը, ո­րու ըն­թաց­քին ապ­րուե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ «Գո­հար» հա­մոյ­թի եւ հայ աստ­ղե­րու հա­մա­տեղ հա­մեր­գին վեր­յի­շու­մը հա­մախմ­բած էր ե­րաժշ­տա­սէր շրջա­նակ­նե­րը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

«DurDe!»ի, EGAM-ի եւ ՀԲԸՄ-ի համատեղ ոգեկոչումներու ծրագրին եզրափակիչ հանգրուանը:
Լեւենտ Շենսեւէր անդրադարձաւ Թուրքիոյ հասարակութեան պատմութեան վերաբերեալ ընկալումներուն:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­րե­ւե­լեան Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­վուա­պետ­նե­րու հան­դի­պում մը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հրա­ւէ­րով, 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րու նա­հա­տակ­նե­րու Սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թեան եւ Ապ­րի­լի 24-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն առ­թիւ վեր­ջին օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ հա­մախմ­բուե­ցան հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան ըն­տա­նի­քէն բա­զում ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

Գան­տիլ­լիի Ս. Եր­կո­տա­սան Ա­ռա­քե­լոց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին մա­տու­ցուե­ցաւ Ս. Պա­տա­րագ, որ ստեղ­ծեց մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Ս. Զատ­կի տա­ղա­ւա­րին յա­ջոր­դած քա­ռաս­նօ­րեայ շրջա­նին զու­գա­դի­պած այս Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Կեա­վուր մա­հալ­լէ­սի» ժա­պա­ւէ­նին ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը։ Գիւ­ղա­գիր Մկր­­տիչ Մար­կո­սեա­նի հա­մա­նուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան հի­ման վրայ պատ­րաս­տուած ժա­պա­ւէն մըն է այս մէ­կը, որ ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ։ Բե­մադ­րիչն է Եու­սուֆ Քե­նան Պէյ­սիւ­լէն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի տնօ­րի­նու­թեամբ, Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ վեր­ջերս Սե­բաս­տիա այ­ցե­լե­ցին Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան եւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։ Սե­բաս­տիոյ մէջ ա­նոնք դի­մա­ւո­րուե­ցան Երուանդ Մղտը­սըի կող­մէ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կար­դա­լը ան­շուշտ որ հա­ճոյք կը պատ­ճա­ռէ մար­դուս, քա­նի որ մարդ բնա­կան հե­տաքրք­րու­թիւն մը ու­նի սոր­վե­լու, գիտ­նա­լու եւ տե­ղե­կա­նա­լու։ Մար­դուս այս ըն­դո­ծին պա­հանջ­քը ա­մե­նէն ազ­դու կեր­պով կը գո­հաց­նէ ըն­թեր­ցու­մը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սրբադասման արարողութեան ընթացքին ներկայացուած սրբութիւնները խոր տպաւորութիւն գործեցին հաւատացեալներուն վրայ:
Մայրավանքի բաց խորանին առջեւ տողանցած մասունքները բոլորին առթեցին ակնածանք ու երկիւղածութիւն՝ նաեւ արդար հպարտութիւն:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը գու­մա­րեց ժո­ղով մը՝ յա­ռա­ջի­կայ ա­մառ նա­խա­տե­սուած վե­ցե­րորդ ա­մա­ռնա­յին խա­ղե­րու ըն­դա­ռաջ։ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մի­տէի նա­խա­գահ Իշ­խան Զա­քա­րեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղո­վը, ո­րու կա­պակ­ցու­թեամբ հա­ղոր­դուե­ցաւ, թէ յա­ռա­ջի­կայ ամ­րան Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րը ան­նա­խա­դէպ պի­տի ըլ­լան ո՛չ միայն մաս­նա­կից­նե­րու քա­նա­կով, այլ նաեւ՝ քա­ղաք­նե­րու աշ­խար­հագ­րու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

Մոս­կուա պա­տաս­խա­նեց Ան­գա­րա­յի վեր­ջին քննա­դա­տու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք հնչե­ցուած էին՝ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի կող­մէ 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րուն հա­մար ցե­ղաս­պա­նու­թեան բնո­րոշ­ման օգ­տա­գործ­ման բե­րու­մով։ Թրքա­կան կող­մի բուռն հա­կազ­դե­ցու­թեան զու­գա­հեռ՝ Փու­թի­նի բան­բե­րը՝ Տի­միթ­րի Փես­քով ը­սաւ.
 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

Իս­րա­յէ­լի Նա­խա­գահ Ռէու­վէն Ռիվ­լին Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան մը մաս­նակ­ցե­ցաւ 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րու 100-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ։ Ե­րու­սա­ղէ­մի Նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քին մէջ իր տան­տի­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թին ժա­մա­նակ ան մէկ­տե­ղուե­ցաւ սա­ղի­մա­հա­յու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի Թուրք Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ընտ­րու­թեան ա­ռա­ջին փու­լին թեկ­նա­ծու­նե­րէն ոե­ւէ մէ­կը չէր կրցած քուէ­նե­րու 50 տո­կո­սէն ա­ւե­լին ստա­նալ, ե­րէկ, ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն տե­ղի ու­նե­ցաւ երկ­րորդ փու­լը։

Էջեր