Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020

Ամերիկեան Keeping Up With Kardashians շոուի աստղ Քայլի Ճենըր, որ նախապէս կը համարուէր աշխարհի ամենաերիտասարդ կին միլիառատէրը, իր երկամեայ դստեր հետ զարդարեց Vogue-ի կողքը։
Երիտասարդ մայրիկը իր դստեր՝ Սթորմիի հետ զարդարեց Vogue-ի 24-րդ համարի կողքը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազութիւնը վերաքննիչ բողոք ներկայացուց՝ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի կողմէ երեսփոխան Գագիկ Ծառուկեանի պարագային արձակուած վճռին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի դէմ քրէական հետապնդում սկսած է։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց «Բարի լոյս» խմբակի անդամները։ Այս հանդիպման ընթացքին այցելուները ինքզինքնին ծանօթացնելէ յետոյ, իրենց կազմութեան եւ գործունէութեանց մասին տեղեկութիւն տուին Պատրիարք Հօր ու խնդրեցին իր օրհնութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020

Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի Շէնգաւիթի մասնաճիւղէն ներս:
Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւսներու գործով դատավարութիւնը պիտի շարունակուի 30 յունիսին:

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020

Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարանի խումբ մը սաներ, վերջերս, այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։ Աշակերտներուն կ՚ընկերանային վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան եւ ուսուցիչներ։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020

Անգարայի եւ Փարիզի իշխանութիւններուն միջեւ ներկայիս ծնունդ առած է լարուածութիւն մը։ Այսպէս, Թուրքիա եւ Ֆրանսա՝ Լիպիոյ իրադարձութիւններու վերաբերեալ հակադիր դիրքորոշումներուն բերումով կը դիմագրաւեն լուրջ մարտահրաւէր մը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020

Յայտնի նկարիչը յատկանշական յուշանուէր մը տուաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր:
Էրօլ Սարաֆեան Գումգաբուի մէջ Նորին Ամենապատուութեան յանձնեց իր պատրաստած իւղաներկ պաստառը:

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան տեղեկացուց, որ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ երկրէն ներս ցարդ կատարուած քննութիւններուն թիւը անցած է 3 միլիոնի շեմը։ Նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց համավարակի մթնոլորտին վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020

Քորոնաժահրի համավարակի օրերուն, Պատրիարքական Աթոռոյ «Արմաշ» մատենաշարէն, որպէս տասն եւ երրորդ հատոր լոյս տեսաւ Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասէն Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեանի «Յովհաննէս Սրկ. Վրդ.ի մատենագիտութիւնը եւ խրատական գործերը» խորագրեալ աւարտաճառը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020

ԵԱՀԿ-ի 2020 թուականի Անվտանգութեան վերանայման տարեկան համաժողովը երէկ տեղի ունեցաւ՝ կազմակերպուած տեսաքոնֆերանսի ձեւաչափով:
Ապիտոնեան. «Հայաստան հաւատարիմ ռազմաքաղաքական հարթութեան վրայ իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն՝ տարածքաշրջանային կայունութեան համար»:

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020

ԵՐԱՄ

«Լսում եմ...»
Յանկարծ իր ուղղութեամբ դարձեր էր աղջիկը։
Աննկարագրելի բան մը շարժեր էր մէկէն Զանայի ներսիդին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020

Թուրք պատմութեան հաստատութիւնը (Türk Tarih Kurumu-TTK) հայկական հարցի շուրջ նոր փաստավաւերագրական ժապաւէններ պատրաստած է՝ հինգ լեզուով։ Տեղական ու միջազգային հանրային կարծիքը իրազեկելու նպատակը կը հետապնդէ այս նախաձեռնութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ամառ է։
Կէսօրին, երբ սովորաբար արեգակը անգութօրէն կը վառէ քաղաքս, մարմնագոյն զուգագուլպաներու մէջ, երկու բարձրակրունկ կօշիկներ թըխկ-թըխկացնելով մօտեցան մօտակայ սրճարան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բոլորիս ծանօթ է Լէոնարտօ տա Վինչիի «Վերջին ընթրիքը» նկարը։ Իտալացի աշխարհահռչակ նկարիչը իր գլուխ գործոցը նկատուող այս նկարը նկարած է Միլանի վանքերէն մէկուն պատին վրայ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020

Burberry ընկերութեան ստեղծագործական տնօրէն Ռիքարտօ Թիսչի յառաջիկայ աշուն-ձմեռ 2020 հաւաքածոյին մէջ ուսումնասիրեց երկուութեան գաղափարը, որ դարձաւ ապրանքանիշի կայուն մշակութային ծածկագիրը: Տանքօ Սթէյնըրի տեսախցիկէն այս անգամ ընկերութիւնը կը ներկայացնէ ռուս բնորդուհի Իրինա Շէյք եւ ճամայիքացի բնորդ Ռիս Նելսըն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020

Կնոջ պայուսակի պատմութիւնը սկսած է տղամարդու գրպանէն: 14-րդ դարուն տղամարդիկ կը կրէին պայուսակներ, որոնք սովորաբար ամրացուած կ՚ըլլային գօտկատեղին եւ որոնք փոխարինուեցան գրպանով:

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020

Christian Dior ֆրանսական աշխարհահռչակ նորաձեւութեան տունը վերջերս յայտարարեց, որ յառաջիկայ յուլիսին կը վերսկսին նորաձեւութեան ցուցադրութիւնները։
Յառաջիկայ յուլիսի 22-ին, Իտալիոյ Լեճճէ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Cruise միջնաեղանակային շարքի առաջնացուցադրութիւնը, որ պիտի հեռարձակուի ուղիղ եթերով, յայտնեց ընկերութեան գործադիր տնօրէն Փիէթրօ Պեքքարի։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2020

Հայաստանի Ազգային ժողովը հաւանութիւն տուաւ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն:
Խորհրդարանէ ներս 89 պատգամաւորի ձայնով իրաւական կարեւոր տնօրինութիւն Սահմանադրական ատեանի համար:

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2020

Հանրապետութեան նախագահի առընթեր Բարձրագոյն խորհրդակցութեան մարմնի վերջին ժողովի քննարկումներուն վերաբերեալ կը պարզուին մանրամասնութիւններ:
Հայկական հարցի վերաբերեալ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ճանապարհին անգարա կը վերամշակէ իր քաղաքականութիւնը: Էրտողան տուած է անհրաժեշտ հրահանգները՝ աշխատանքը ի կատար ածելու նպատակով:
Կը ծրագրուի ստեղծել ինքնավար կառոյց մը, որ ամբողջութեամբ հետամուտ պիտի ըլլայ այս խնդրի բոլոր երեսակներուն՝ քաղաքականէ սկսեալ մինչեւ իրաւական: Թուրքիա կը դիտարկէ, որ հայերը վերջին շրջանին կը խուսափին դիմելէ Միջազգային արդարադատութեան դիւան՝ մտահոգուելով ցեղասպանութեան պնդումներու մերժումէն: 

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Օրեր առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նշեցին երկրէն ներս ստրկատիրութենէն հրաժարելու 155-ամեակը: Յունիս 19-ին աւանդաբար նշուող այս օրը ծանօթ է Juneteenth անունով, որ խառնածին բառ մըն է «յունիս» եւ «տասնինը» բառերուն միաւորմամբ:

Էջեր