Արխիւ

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2020

Հրանդ Մատթէոսեանին նուիրուած «Արմմոնօ» 18-րդ փառատօնը կը սկսի հեղինակի «Գոմէշը» ներկայացմամբ։ Այսպէս, «Արմմոնօ» 18-րդ միջազգային թատերական փառատօնը, որ տեղի պիտի ունենայ օգոստոսի 1-10 թուականներու միջեւ, կը սկսի Հրանդ Մատթէոսեանի «Գոմէշը» պատմուածքի հիման վրայ բեմադրուած համանուն բեմադրութեամբ, որու բեմադրիչը եւ դերակատարը Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագիտուհի Նարինէ Գրիգորեանն է:

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2020

Կեանքէն հեռացած է բեմադրիչ Ալեքսանտր Քոչարեան։ Այսպէս, մահացած է բեմադրիչ, դերասան, բազմավաստակ մանկավարժ, փրոֆ. Ալեքսանտր Քոչարեան:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութեան «Ֆէյսպուքի» պաշտօնական էջին մէջ կ՚ըսուի, որ Քոչարեան կեանքէն հեռացած է յուլիսի 24-ին:

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2020

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ պատահականութեան հիմքով կատարուած 150 հազար քննութեան արդիւնքը ցոյց կու տայ, որ իւրաքանչիւր հազար հոգիի երկուքուկէսը վարակուած է քորոնաժահրով։ Այդ դէպքերու կէսը կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ։

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2020

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու համատեղ յայտարարութիւնը։
Հայաստան-Ատրպէյճան լարուածութիւնը Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ։

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան Քուրանի զանազան բաժիններէն ընթերցումներ կատարեց։
Մզկիթի կարգավիճակի վերահաստատումէն վերջ պաշտամունքի վերաբացման հոծ բազմութիւն մը մասնակցեցաւ։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ վերջին երեք օրերու ընթացքին նոր դէպքերը առաւել չափով աճած են Անգարայի, Քոնիայի, Շանլըուրֆայի, Պաթմանի, Ատանայի, Կեսարիոյ եւ Էրզրումի մէջ։ Յունիսի 1-էն ի վեր 1043 հիւանդ մահացած է համաճարակի հետեւանքով։ Անոնց շարքին 136-ը 65 տարեկանէ վար է։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի հաւաքածոն համալրուեցաւ Գէորգ Բաշինջաղեանի գործով:
Աւագեաններու ընտանիքը յաձնեց 1910 թուականին ստեղծագործուած «Աշունը» կտաւը, որ եզակի նմոյշ մըն է:

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020

Չավուշօղլու եւ Լաւրով երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցան՝ քննարկելով տարածքաշրջանային հարցեր:
«Գործադրել հաւասարակշռուած մօտեցումներ եւ զսպող ազդեցութիւն ունենալ՝ հակամարտ կողմերու վրայ»:

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Այսօրուան գրութեան վերնագիրը կը պատկանի Տքթ. Վարդ Շիկահերի շահեկան յօդուածներէն մէկուն։
Արդարեւ, կեանք մը որ կ՚ապրի մարդ, շատ անգամ տխրութիւններ, նեղութիւններ, ցաւեր եւ վիշտեր կը պատճառէ մարդուս

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020

ԵՐԱՄ

Իր մանկութեան զառիվարը կ՚իջնէր Նորան։
Ցից, ամբողջ օրը երկկողմանի ծառաշարքի օգնութեամբ գրեթէ լիակատար շուքի տակ, դիմացը քաղաքի տեսարանը բացող զառիվարը։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այսօր Սուրիոյ կառավարութեան հիմնական խնդիրներէն մին է Հալէպը «տնտեսական քարտէս» վերադարձնելու խնդիրը։ Քաղաք, որ երկար տարիներէ ի վեր կը համարուէր Սուրիոյ ճարտարարուեստի «սիրտ»ը, այսօր մասամբ կտրուած է աշխարհէն ու մեզի կը ներկայանայ վիրաւոր պատկերով մը։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

-Լէլշիֆէ եա թո՜ւթ (արաբ. բժշկութեան համար թո՜ւթ)...
Յիշողութեանս մէջ վերականգնեցաւ շատ հարազատ արաբական տարազով, ակալ ու քէֆիէով գլուխը փաթթած թութ ծախողին ձայնն ու կերպարանքը, երբ նոյն համը քիմքս զգաց:

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020

«Լիպրա» հրատարակչութիւնը ներկայիս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հետաքրքրական գիրք մը, որու հեղինակն է Էզկի Եըլտըրըմ։ «Kitapçı Arakel'in Kataloglarında "Tercüme" Eserlerin Tanıtımı» կը կոչուի այս գիրքը, որու բովանդակութեան մէջ ուշադրութիւն կեդրոնացուած է 19-րդ դարու յառաջատար հրատարակիչներէն Առաքել Թոզլեան էֆէնտիի գործունէութեան վրայ։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020

Այսօր՝ 24 յուլիսին, լոյս աշխարհ եկած է ֆրանսացի աշխարհահռչակ գրող Ալեքսանտր Տիւմա։ Ան 24 յուլիս 1802 թուականին ծնած է Ֆրանսայի մէջ։ Ֆրանսացի գրող, նաեւ թատերագիր եւ լրագրող, որուն արկածներով լի վէպերը զինք դարձուցին աշխարհի ամենաշատ կարդացուող ֆրանսացի հեղինակներէն մէկը։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020

Վաղը՝ մահուան տարելիցն է հայ կրկէսի նշանաւոր դերասան, ծաղրածու, մնջկատակ, Խորհրդային Հայաստանի Ժողովրդական արուեստագէտ, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր Լէոնիտ Ենգիբարեանի: Ան մահացած է 25 յուլիս 1972 թուականին՝ Մոսկուայի մէջ, Ռուսաստան։ Լէոնիտին հայրը հայ էր, մայրը՝ ռուս:

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020

Որոշուած է Համաշխարհային ֆութպոլի մրցումներու 2022 թուականի ժամանակագրութիւնը։  Այսպէս, Ֆութպոլի միջազգային դաշնակցութեան՝ ՖԻՖԱ-ն հաստատած է Համաշխարհային ֆութպոլի մրցումներու 2022 թուականի ժամանակագրութիւնը։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020

ABBA-ն կը պատրաստուի հինգ նոր երգ թողարկել 2021 թուականին։ Այսպէս, շուէտական ABBA երաժշտախումբը կը ծրագրէ յաջորդ տարի հինգ նոր երգ թողարկել:

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020

Դիմակը 65 առ հարիւրով կը նուազեցնէ «COVID-19»ի տարածման ռիսքը։ Այսպէս, ամերիկացի փորձագէտներ յանգած են այն եզրակացութեան, թէ դիմակ կրելը  65 առ հարիւր կը նուազեցնէ քորոնաժահրի տարածման հաւանականութիւնը։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020

Թեքսասին կը մօտենայ «Հաննա» արեւադարձային փոթորիկը։ Այսպէս, «Հաննա» արեւադարձային փոթորիկը ձեւաւորուած է Մեքսիքայի ծոցին մէջ:

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020

Կեանքէն հեռացած է երգիչ Պորիս Դաւիթեան՝ Պոկա։ Մահացած է խորհրդահայ երգիչ, հեղինակ-կատարող Պորիս Դաւիթեան, որ երաժշտասէրներու լայն շրջանակին ծանօթ է Պոկա կեղծանունով:

Էջեր