Արխիւ

Շաբաթ, Յունուար 5, 2019

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Մի՛ վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ
ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ» (Ղկ 2.10)

Ուրբաթ, Յունուար 4, 2019

Ասկերանի շրջանին մէջ յայտնաբերուած է 12-13-րդ դարերու խաչքար մը։ Այսպէս, Արցախի Ասկերանի շրջանի Պատարա գիւղի տարածքին 12-13-րդ դարերով թուագրուող խաչքար մը յայտնաբերուած է:

Ուրբաթ, Յունուար 4, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Օրը 2 հոկտեմբեր էր։ Քաղաքը խցանուած։ Այդ օր նոյնիսկ անհնար էր հասնիլ Հանրապետութեան հրապարակ եւ կարծես փոխադրութեան միակ միջոցը մնացած էր մեթրոն։ Պոլսահայ բարեկամ մը՝ Նազար Պինաթլըն, որ վերջին ամիսներուն յաճախակիօրէն Երեւան կը յայտնուէր, իմաց տուած էր, թէ այդ օրերուն Երեւան պիտի գտնուին պոլսահայ արմատներով՝ Անուշաւան-Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրները։

Ուրբաթ, Յունուար 4, 2019

«Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան երաշխաւորումը հիմքն է Թուրքիոյ քաղաքականութեան»:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի մէջ հիւրընկալեց իր պաշտօնակից Պեհրամ Սալիհը:

Ուրբաթ, Յունուար 4, 2019

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի առաջին պաշտօնական պարբերականի հիմնադրութեան 150-ամեայ յոբելեանը:
Վեհափառի խօսքով, «Արարատ» ամսագրի յանձնառութիւնն էր նպաստել ազգի բարոյական ու հոգեւոր դաստիարակութեան:

Ուրբաթ, Յունուար 4, 2019

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

…Այդ ալ ինչպէ՛ս:
Տարուան հաշուեփակը ընելու պահուն, եթէ մեր աչքերը պտտցնենք աշխարհի քարտէսին վրայ, պիտի նկատենք, որ բոլոր ցամաքամասերու բնակիչներն ալ անմասն չմնացին բնական ու մարդակերտ աղէտներէ:

Ուրբաթ, Յունուար 4, 2019

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ի՞նչ կ՚ընես հոս, մինակ. այս ցուրտին, բուքին, ձիւնին տակ ծուարած ես քարին վրայ: Ո՞վ բերած, քեզ թողած է հոս: Քե՞զ... եւ ինչպէ՞ս կարողացաւ հետդ այսպէս վարուիլ:

Ուրբաթ, Յունուար 4, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յաճախ կ՚անդրադառնանք յաջողութեան կարեւորութեան մարդկային կեանքի մէջ՝ որ ամէն մարդու նպատակն է, տարբեր ձեւերով եւ տարբեր աստիճաններով, բայց անպայմա՛ն, մարդ կ՚ուզէ յաջողիլ, այնքան ատեն որ կ՚ապրի կեանք մը այս աշխարհի վրայ։

Հինգշաբթի, Յունուար 3, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Կաղանդէն քանի մը օր առաջ, Հայաստանի «Անտարէս» հրատարակչատունը, ընթերցողի սեղանին դրաւ աշխարհահռչակ տնտեսագէտ, Մասաչուսեթսի Արուեստագիտական (Technological) կաճառի գիտնական Տարօն Աճէմօղլուի եւ Շիքակոյի համալսարանի գիտնական, բրիտանացի քաղաքագէտ Ճէյմզ Ա. Ռապինսընի «Ինչու պետութիւնները կը ձախողին» գիրքը։

Հինգշաբթի, Յունուար 3, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ասացուածքներ կան, որոնք թէեւ շատ լսուած եւ ընդհանրացած չեն, բայց խոր իմաստ ունին եւ շատ բան կ՚ըսեն։ Ահաւասիկ, այդ ասացուածքներէն մին է, որ մեզի յիշեցուց մեր ազնիւ բարեկամ Տքթ. Վարդ Շիկահեր, հաճելի զրոյցներէն մէկուն ընթացքին, որ յաճախ կատարելու հաճոյքը կ՚ունենանք իր հետ՝ հեռախօսի վրայ։

Հինգշաբթի, Յունուար 3, 2019

Նորվեկիոյ մէջ արտայայտչապաշտ Էտուար Մունքի վեց գործերը կորսուած են Սթեներսընի հաւաքածոյէն: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս», վկայակոչելով Dagbladet հրատարակութիւնը:

Հինգշաբթի, Յունուար 3, 2019

2019 թուականի տարեմուտի դրութեամբ Ռումանիա դարձաւ Եւրոմիութեան շրջանային նախագահ երկիրը։ Վեց ամսուան ժամկէտով այս առաքելութիւնը կը վիճակի Ռումանիոյ, որ կը յաջորդէ Աւստրիոյ։

Հինգշաբթի, Յունուար 3, 2019

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ յառաջիկայ մարտին պիտի այցելէ Վրաստան։ ԹԱՍՍ ռուսական գործակալութեան հաղորդումներով, Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի յայտնեց, որ 2019 թուականին համագործակցութիւնը պիտի ընդլայնի իր երկրին ու դաշինքի միջեւ։

Հինգշաբթի, Յունուար 3, 2019

Իրաքի նախագահ Պերհամ Սալիհ այսօր կ՚այցելէ Անգարա, ուր Պեշթեփէի համալիրէն ներս կը հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Ան կը հանդիսանայ նոր տարուան առաջին արտասահմանեան հիւրը։

Հինգշաբթի, Յունուար 3, 2019

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահը պատգամ մը հրապարակեց Ամանորի առթիւ:
Պերճ Սեդրակեան. «Համաշխարհային քաղաքացիութեան նոր իրականութեան լոյսին ներքեւ 2019 թուականը կը դիմաւորենք բարձր ակնկալութիւններով եւ յոյսերով:

Հինգշաբթի, Յունուար 3, 2019

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան մատոյց տարուան անդրանիկ Ս. Պատարագը։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Հինգշաբթի, Յունուար 3, 2019

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ օրուան երկրորդ կէսին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի համակրելի ու յարգուած անուններէն Վարդան Համուրքէսէն։ Ան երկար ատենէ ի վեր կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ։

Հինգշաբթի, Յունուար 3, 2019

Պատրիարքական Աթոռի նախաձեռնութեամբ այս տարեմուտին եւս համախմբուեցան մեր մանուկները:
Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան օրհնութիւններ փոխանցեց համայնքային վարժարաններու փոքրիկներուն:

Հինգշաբթի, Յունուար 3, 2019

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Դուն այն չես՝ որ կը խորհիս թէ կրնաս մնալ նոյնը մինչեւ վերջ. ոչ մէկ բան կը մնայ յաւիտեան»։
Ժողովրդային ասացուածք

Չորեքշաբթի, Յունուար 2, 2019

Հայաստանի դիւանագիտական անձնակազմի բարձրաստիճան օղակներուն մէջ հերթի փոփոխութիւնները կը շարունակուին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին ստորագրեց հրամանագիր մը, որու հիման վրայ արտաքին գործոց փոխ-նախարար նշանակուեցան Արտակ Ապիտոնեան եւ Գրիգոր Յովհաննիսեան։

Էջեր