Արխիւ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց ա­մե­րի­կա­հայ ա­կա­դե­մա­կան Տքթ. Վահ­րամ Շեմ­մա­սեա­նը։ Գա­լի­ֆոր­նիոյ Նորթ­րիճ նա­հան­գա­յին հա­մալ­սա­րա­նի ժա­մա­նա­կա­կից եւ դա­սա­կան լե­զու­նե­րու մաս­նա­ճիւ­ղի հայ­կա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ծրագ­րի ղե­կա­վարն է Վահ­րամ Շեմ­մա­սեան, որ այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան եւ այ­սօր մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վի մը կը մաս­նակ­ցի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ։

 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2015

Երեւան եւ Մոսկուա կը շարունակեն որոնել նոր հեռանկարային ուղղութիւններ՝ համատեղ ջանքեր գործադրելու համար:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Եդուարդ Նալպանտեան եւ Սէրկէյ Լավրով այսօր կը վարեն բանակցութիւններ, որոնց շրջագծով կարծիքի փոխանակումներ տեղի կ՚ունենան տարածքաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հարցերուն շուրջ:

 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Թեհ­րան, ուր բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րէ Ի­րա­նի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։ Թուր­քիա-Ի­րան բարձր մա­կար­դա­կով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի երկ­րորդ ժո­ղո­վը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Թեհ­րա­նի մէջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2015

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան 88-րդ համագումարը արձանագրեց լուրջ յաջողութիւն:
Աշխարհի բազում երկիրներէն Երեւան մեկնած ժողովականները կը վերադառնան բարձր տրամադրութեամբ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Քրիս­տո­սի երկ­րա­ւոր կեան­քի ա­մե­նէն բախ­տո­րոշ պա­հե­րէն մին է՝ վեր­ջին գի­շե­րուան մու­թին մէջ ապ­րած պա­հե­րը, ուր մարդ­կա­յին չա­րու­թիւ­նը եւ աս­տուա­ծա­յին բա­րու­թիւ­նը պայ­քա­րի մէջ էին։ Ա­հա­ւո՜ր պահ մըն էր, որ կ՚ապ­րէր Յի­սուս այդ վայր­կեա­նին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին յատուկ կարգ մը սահմանած է մայրացող կանանց օրհնութեան  համար:
Սուրբ Կոյս Մարիամի կերպարը վառ արտայայտուած է մեր եկեղեցական տօնացոյցին մէջ, ուր կան Աստուածածնին ընծայուած եօթ տօներ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2015

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան 88-րդ համագումարը աւարտին հասաւ Երեւանի մէջ:
Պերճ Սեդրակեան. «Մեր աշխատանքները ուղղուած են հզօր հայրենիքի մը կերտման նպատակին»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա՛րդ չ՚ու­զեր խօ­սիլ մա­հուան մա­սին, բայց ինչ­պէ՞ս չխօ­սուի ա­նոր մա­սին, երբ գրե­թէ ա­մէն օր կը դի­մա­ւո­րուի մա­հուան ի­րո­ղու­թեան հիտ՝ եր­բեմն իր մեր­ձա­ւո­րին, երբ­եմն սրտա­կից բա­րե­կա­մի մը, եւ եր­բեմն ալ բո­լո­րո­վին ան­ծա­նօթ մէ­կու մը մի­ջո­ցով՝ թեր­թի մը կամ հե­ռա­տե­սի­լի մը լու­րին մէ­ջէն։ Ան­շուշտ մար­դուս հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը տար­բեր կ՚ըլ­լայ իւ­րա­քան­չիւր մա­հուան լու­րին նկատ­մամբ, ա­մէն մահ նոյն ազ­դե­ցու­թեամբ չի տպա­ւո­րեր, մեր­ձա­ւո­րի մը, հե­ռա­ւո­րի մը կամ բո­լո­րո­վին ան­ծա­նօ­թի մը մա­հը տար­բեր է մար­դուս հա­մար։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէ­կուան Ս. Զատ­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին տե­ղե­կա­ցուց, թէ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ինչ կար­գադ­րու­թիւն­ներ նա­խա­տե­սած է յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 24-ին հա­մար, մինչ հա­մայն աշ­խար­հի հա­յու­թիւ­նը պի­տի նշէ 2015-ի տա­րե­լի­ցը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ. Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Սուրբ Է­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ հայ­րա­պե­տա­կան իր պատ­գա­մը տուաւ հա­մայն հա­յու­թեան։

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին պատ­գա­մը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2015

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Տիրոջ Հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետը պատարագեց Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեսկ. Աթէշեան հանդիսապետեց Գումգաբուի արարողութիւններուն:
Սուրբ Զատկի աւանդական ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղփառաց Տիեզերական Պատրիարքը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ վա­ղը ե­րե­կո­յեան մեր ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի ար­ժէ­քա­ւոր ա­նուն­նե­րէն սոփ­րա­նօ Նա­թա­լի Պօ­ղո­սեան ե­լոյ­թով մը հան­դէս պի­տի գայ Էլ­մա­տա­ղի Նոթ­րը Տամ Տը Սիոն ֆրան­սա­կան լի­սէի դահ­լի­ճին մէջ։ «Ծո­վափ­նե­րէն տպա­ւո­րու­թիւն­ներ» խո­րագ­րեալ այս ե­րաժշ­տա­հան­դէ­սը նա­խա­տե­սուած է թա­տե­րա­կան շա­նի ձե­ւա­չա­փին մէջ, տա­ւի­ղի նուա­գա­հան­դէ­սով հան­դերձ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2015

ՀԲԸՄ-ի կազմակերպած քննարկումներու շարքով ձեւաւորուեցաւ ապագայ Հայաստանի ուրուականը:
Հայութեան միջազգային դիրքերու ամրապնդման հեռանկարներուն շուրջ կարծիքի փոխանակումներ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ ՀԲԸՄ-ի 88-րդ հա­մա­ժո­ղո­վին շրջագ­ծով տե­ղի ու­նե­ցան նաեւ շարք մը պար­գե­ւատ­րում­ներ։ Այս շրջագ­ծով յատ­կան­շա­կան էր ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ծրագ­րե­րու գծով տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Ան­սէ­րեա­նի պար­գե­ւատ­րուի­լը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2015

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան շա­բա­թա­վեր­ջին Ա­ռա­ջին Տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեա­նի հետ մաս­նակ­ցե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յին մէջ ՀԲԸՄ-ի 88-րդ ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած գե­ղա­րուես­տա­կան ձեռ­նար­կին։ Հա­մեր­գի ըն­թաց­քին ան հան­դէս ե­կաւ նաեւ ե­լոյ­թով մը, զոր կը ներ­կա­յաց­նենք ստո­րեւ.-

Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2015

Թուր­քիոյ, Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Վրաս­տա­նի ե­ռա­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կը խո­րա­նայ բա­զում ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։ Այս շրջագ­ծով նա­խըն­թաց օր Թիֆ­լի­զի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Վրաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Նին­տիա Ճա­նե­լի­ծէի, Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Զա­քիր Հա­սա­նո­վի եւ Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Իս­մէթ Եըլ­մա­զի հան­դի­պու­մը։

Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2015

Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներուն աւագ պաշտօնեաները քննարկեցին իրենց մօտեցումները։
Փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան ընդգծեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ ԵՄ-ի հետ գործակցութիւնը խորացնելու համար։

Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Մոս­կուա, ուր պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լավ­րո­վի կող­մէ։ Ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը պի­տի կա­յա­նայ Ապ­րի­լի 7-8-ին։

Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2015

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ տարեկան համագումարը՝ Երեւանի մէջ:
Ռադիկ Մարտիրոսեան ներկայացուց անցեալ տարուան գործունէութեան մանրամասն հաշուետուութիւնը:

Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Թեհ­րան, ուր պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի կող­մէ։

Էջեր